ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդները Կը Միանան Հայաստանի Դիմադրութեան Շարժումին
ՀՅԴ-ի Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնն ու ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւնը, միանալով Հայաստանի ու Սփիւռքի Դիմադրութեան Շարժումին, Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2021-ին, բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Օթթաուայի մէջ:
Առաջին ցոյցը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց՝ ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ Հայաստանն ու Արցախը բռնագրաւելու նկրտումներուն: Ցոյցը կը կրէր «Say No To The Turkification Of Armenia» լոզունգը, որուն ընթացքին երիտասարդները դատապարտեցին ատրպէյճանական բռնազաւթումներն ու իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն, եւ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ու դատապարտեն թուրք-ատրպէյճանական նկրտումները:
Երկրորդ ցոյցը տեղի ունեցաւ Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, որուն նպատակն էր՝ մատնանշել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային լրջագոյն խնդիրները, դատապարտել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի իշխանութիւններուն բացայայտ եւ քուլիսային պայմանաւորուածութիւնները՝ մատնանշելով անոնց յարուցած վտանգներն ու հաւանական անդառնալի հետեւանքները, ինչպէս նաեւ, աջակցիլ հայրենիքի մէջ ձեւաւորուող ազգային դիմադրութեան ու շեշտել հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:
Այնուհետեւ, երիտասարդները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Արցախի նահատակ հերոսներուն նկարներուն դիմաց, վերանորոգելով իրենց ուխտը՝ միասնական ոգիով աշխատելու ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն եւ անսակարկօրէն աջակցելու հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժումին:
Աւարտին, երիտասարդները բողոքագիր-նամակ մը յանձնեցին ՀՀ արտակարգ և լիազօր դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանին, ուղղուած՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն: Տիկին Դեսպանը գնահատեց երիտասարդներուն հայրենասիրութիւնն ու յորդորեց միասնական ճիգերով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: