ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամները մաքրեցին «Յիշատակի Պուրակ»ը
2109
0
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Օնաթրիոյի մարմինի կազմակերպած աշխատանքներուն կարեւորագոյններէն մէկն էր Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի մէկ հեկտար հողամասի վրայ 100 ծառեր տնկուած «Յիշատակի Պուրակ»ի իրագործումը, որուն բացումը կատարուած էր Հայաստանի Վերանկախացման 24-ամեակին առիթով: Այդ օր, Թորոնթոհայութիւնը ուխտած էր բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնիլ այդ պուրակին:
Եւ այսպէս, այդ թուականէն երկու տարի ետք, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղի անդամները 16 սեպտեմբեր 2017ին ուղղուեցան «Յիշատակի Պուրակ» մաքրելու եւ յարդարելու համար զայն, առ ի պատրաստութիւն Հայաստանի Վերանկախացման 26-ամեակին:
Գնահատելի է այս տղոց յանձնառութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելու պուրակին եւ հաստատելու թէ երիտասարդներն են արթուն պահակը մեր պատմութեան ու ժառանգութեան:
Խաժակ