ՀՅԴ Բիւրոյի Կոչը

2019-ի հոկտեմբերին սկսած Լիբանանի տագնապը նոր եւ վտանգաւոր դրսեւորումով կը ներկայանայ այսօր:

2024-ի Սեպտեմբեր ամիսէն ի վեր երկիրը անընդհատ ենթակայ է յարձակումներու եւ ամբողջապէս պատերազմական վիճակ կը տիրէ լիբանանի մէջ:

Հարաւային Լիբանանէն՝ Պէյրութ եւ իր հարաւային արուարձանները, Պեքաա, Պաալպէք եւ բազմաթիւ այլ տարածքներ բուռն ռմբակոծումներու կ՛ենթարկուին: Զոհերու թիւը ցարդ կը հասնի շուրջ 3,000-ի, վիրաւորներու թիւը՝ 13,000-ի: Ամբողջութեամբ քանդուած են բնակելի շէնքեր, այրուած՝ հողատարածքներ: Ներքին գաղթականներու թիւը անցած է 1,200,000-ը, ըստ պաշտօնական տուեալներու: Գաղթականները կ՚ապաստանին յարաբերաբար աւելի ապահով շրջաններ, Լիբանանի ամբողջ տարածքին, ներառեալ Պուրճ Համուտ, Այնճար եւ այլ հայաբնակ թաղամասեր: Հայ քաղաքացիներ եւ հայկական շրջաններ ցարդ պատերազմէն լուրջ վնաս չեն կրած:

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մօտէն կը հետեւի երկրի կացութեան, քաղաքական, ռազմական եւ ընկերային հոլովոյթին. ազգային իշխանութիւններու, հայկական կուսակցութիւններու, ուղեկից միութիւններու թէ բարեսիրական հաստատութիւններու հետ գոյութիւն ունեցող մնայուն կապն ու գործակցութիւնը կը նպաստեն գաղութի անվտանգութեան պահպանման եւ այլապէս ցցուած դժուարութիւններու դիմաց լուծումներ գտնելու աշխատանքին:

Այսուհանդերձ, կացութիւնը կը շարունակէ մնալ խիստ մտահոգիչ, եթէ նկատի ունենանք անմիջական քաղաքական լուծումներու բացակայութիւնը: Այսինքն՝ կը դիմագրաւենք լուրջ տագնապ մը:

Անհրաժեշտ է ամրապնդել անվտանգութեան աշխատանքը:

Անհրաժեշտ է բաց պահել մեր կրթական հաստատութիւնները:

Անհրաժեշտ է հասնիլ կարիքաւորներուն, որոնց թիւը բնականաբար պիտի աւելնայ ժամանակի ընթացքին:

Մեր կազմակերպութիւնը, իր ակումբներով, գրասենեակներով եւ կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով (ՀՕՄ-ԼՕԽ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային) աշխուժ աշխատանք տանելով հանդերձ, իր կարելիութիւններու նուազագոյն աստիճանին հասած ըլլալով, գոյատեւելու լուրջ խնդիր ունի:

Ժողովուրդը ընկերային եւ տնտեսական ծանրագոյն պայմաններու մէջ է: Գործատուներն ու առեւտրական հաստատութիւնները փակուած են կամ փակուելու վտանգ կը դիմագրաւեն: Գործազրկութիւնը աճած է, ապրանքներու գիները անհամեմատ սղած են, բնակարաններու վարձքերը՝ բարձրացած, կենցաղային դրութիւնը գաղթականներուն պատճառով՝ բարդացած:

Ի տես այս վիճակին, անհրաժեշտ է ոտքի մնալ: Միասնաբար պարտինք զօրակցիլ մեր կառոյցներու գոյատեւման, առանց որոնց Լիբանանի հայութիւնը լրջօրէն կը վտանգուի:

Աւելորդ է անգամ մը եւս կրկնել ընդհանրապէս Միջին արեւելեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի գաղութներու համահայկական կարեւորութիւնը: Հետեւաբար ներկայ դժնդակ պայմաններու մէջ լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելը բոլորիս պարտքը պէտք է համարել:

Այս նպատակով մեր կարգ մը շրջաններուն մէջ արդէն իսկ սկսած է հանգանակութիւն. հանգանակութիւն շուտով կը սկսի նաեւ այլ շրջաններու մէջ։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդին, այս նոր ճգնաժամի պահուն, գործօն մասնակցութեամբ զօրավիգ կանգնելու լիբանանահայութեան։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

04 Նոյեմբեր, 2024 թ.

Comments are closed.