ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր
Քանի մը օր ետք սկիզբ կ՛առնեն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Յուլիս 20-29, Երեւանի մէջ:
Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասուին բոլորին կողմէ: Իսկ 10-րդ մարզախաղերը իւրայատուկ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ անոնցմով սկիզբը պիտի տրուի միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018-ի աւարտ:
Մարզախաղերուն կը մասնակցին 21 շրջաններ` Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Գահիրէ, Քանատա, Երուսաղէմ, Լիբանան, Լոնտոն, Կիպրոս, Հայաստան, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ, Մոսկուա, Յունաստան, Պուլկարիա, Սուրիա, Վալանս, Քուէյթ, Ֆրանսա ու «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւնները: Մասնակիցներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1000-ի սահմանը` ապահովելով մասնակցութեան 1002 իւրայատուկ թիւ:
Յաջորդող օրերուն Երեւանը պիտի թնդայ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն տողանցքով եւ յաւելեալ ճոխութիւն ու փայլք պիտի ստանայ անոնց` դէպի մարզադաշտեր կամ տեսարժան վայրեր մեկնելու հեւքով ու խինդով:
Յուլիս 22-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ պիտի կատարուի մարզախաղերու պաշտօնական բացումը: Հայոց սուրբ նահատակներուն նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն պիտի վառի մարզախաղերու ջահը եւ պիտի փոխադրուի «Հանրապետութեան» հրապարակ, ուր պիտի համախմբուին տողանցող մասնակիցները, պաշտօնական հրաւիրեալներն ու ժողովուրդը: Պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք տեղի պիտի ունենայ երգահանդէս ու հրավառութիւն:
Մարզախաղերուն ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ, հայոց բանակի զօրակցութեան համար զօրամաս այցելութիւն, ինչպէս նաեւ ընկերային պահեր:
Փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Միքա» մարզադաշտին մէջ, Յուլիս 29-ին: Իսկ նոյն օրը երեկոյեան մարզախաղերը իրենց աւարտին կը հասնին Յաղթանակի պարահանդէսով:
ՀՄԸՄ-ական յատուկ պահեր եւ յիշատակներ, ինչպէս նաեւ նուաճումներ կը սպասուին յաջորդող օրերուն, որոնք պիտի ճոխացնեն միութեան հաստափոր 100-ամեայ պատմութեան էջերը` միշտ ՀՄԸՄ-ի յատուկ կապուածութեամբ ու եղբայրական ոգիով: