ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Հինգշաբթի, 28 յուլիս 2022-ի կէսօրին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աւագեանի, Տիրան Վահրատեանի եւ Թալին Օրտողլեանի, այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Նորա Արիսեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն հետ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհաւորեց դեսպան Նորա Արիսեանի նշանակումը եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր առաքելութեան: Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ ներկայացուց համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն կարեւորութիւնը` աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականները համախմբելու եւ Հայաստան-սփիւռք կապերը ամրապնդելու առումով:

Իր կարգին, դեսպան Նորա Արիսեան մեծապէս գնահատեց «առողջ մարմնի մէջ առողջ միտք» կերտող ՀՄԸՄ-ի դերակատարութիւնը անցնող աւելի քան 100 տարիներուն ընթացքին: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ հարուստ փորձառութիւն եւ վաստակ ունի տիպար քաղաքացիներու պատրաստութեան մէջ, որովհետեւ միշտ եւ ամէն տեղ ան յանձնառու կը մնայ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ի գործադրութեան:

Արիսեան հաստատեց, որ Սուրիոյ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան ՀՄԸՄ գտնուեցաւ պատնէշի վրայ. օժանդակութիւններ բաշխեց, բանակին ու պետութեան կողքին կանգնեցաւ եւ մինչեւ իսկ նահատակներ տուաւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման համար:

Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու յուշանուէրով պատուեց դեսպան Նորա Արիսեանը: Հանդիպումին երկրորդ մասով, Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան միացան ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, որոնք դեսպան Նորա Արիսեանին եւ դեսպանատան անձնակազմին ծանօթացուցին Սուրիոյ պատուիրակութեան կազմն ու յաջողութիւնները:

Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան ներկայութեամբ, դեսպան Նորա Արիսեան դեսպանատան գլխաւոր սրահին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ պատուիրակութեան բոլոր անդամները: Տեղի ունեցաւ խօսքերու փոխանակում եւ յուշանուէրներու յանձնում:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.