Լաւալի մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ Գանատայի 52-րդ մարզախաղերը եւ Լաւալի հիմնադրութեան 15-րդ ամեակի նշումը
- (0)

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Լաւալ մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ 29 Նոյեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին College Letendre-ի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 52-րդ մարզախաղերու բացման արարողութիւնը։
Արարողութիւնը կը վայելէր նեկայութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Լիոնի Սարմազեանի, Շրջ․ վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Քէօսէեանի եւ անդամներու, Քեպէգ նահանգի Խորհրդարանի երեսփոխան Սոնա Լախոյեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային Վարչութեան, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամներու, ՀՕՄ-ի, Համազգային եւ ուղեկից միութիւններու վարչական ներկայացուցիչներու եւ անդամներու, ՀՄԸՄ-ի Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Գեմպրիճի, Վանգուվըրի, Համիլթընի, Սենթ Գաթրինզի, Օթթաուայի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վարչութեանց ներկայացուցիչներու եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներու հոծ բազմութեան մը:
Բացման արարողութիւը սկիզբ առաւ Լաւալ մասնաճիւղի փողերախումբի հնչեղութեամբ, որոնք հերթականութեամբ նուագեցին Գանատայի, Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգները։
Փողերախումբի ազգային երգերու նուագակցութեամբ, մարզիկները տողանցեցին եւ պատրաստուեցան մարզախաղերու։
Օրուան բեմավարութիւնը կատարեց Զապէլ Թորոսեան, մերթ ընդ մերթ մէջբերումներ կատարելով ՀՄԸՄ-ի լոզունգներէ։
Բացման խօսքի երկլեզու ներկայացումով հանդէս եկաւ Մարի ժպիտ Ղազարեան։ Ան ողջունեց ներկաները, ի մասնաւորի քաղաքական հիւրերերու ներկայութիւնը, շնորհաւորեց ՀՄԸՄ Լաւալ մասնաճիւղի 15-ամեակը նաեւ Լաւալ քաղաքի 60-ամեակը։ Ան ի յայտ բերաւ Լաւալի հայկական գաղութի քաջալերական մօտեցումը քաղաքապետարանին եւ քաղաքական դէմքերուն, որով մտերմիկ կապեր կը հաստատուին փոխադարձաբար:
Լաւալ մասնաճիւղի վարչութեան խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Յովիկ Համմալեան։ Ան Բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց Լաւալ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 15-ամեակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզիկներուն՝ իրենց քաջալերելի ներկայութեան համար։
Շրջ․ վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Քէօսէեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն, ի մասնաւորի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղերուն, անդամներուն եւ մարզիկներուն, որոնք ներկայ եղան ՀՄԸՄ-ի Գանատայի 52-րդ մարզախաղերուն։ Քէօսէեան շնորհաւորեց Լաւալ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 15-ամեակը, բարի երթ եւ բեղուն աշխատանք մաղթեց մասնաճիւղին։ Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալական խօսքով նախ գնահատեց մարզիկները, որոնց ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով կը շարունակուին տարեկան մարզախաղերու սովորոյթը։ Ան գնահատեց Լաւալի եւ Մոնթրէալ Կամքի կազմակերպիչ մարմինի անդամները, որոնք ամէն ջանք ի սպաս դնելով յաջողութեան եզրին հասցուցին մարզախաղերու աշխատանքները։ Քէօսէեան սրտի անհուն բերկրանքով յայտարարեց Օթթաուա միաւորի առաջին մասնակցութիւնը ՀՄԸՄ Գանատայի 52-րդ մազախաղերուն։ Ատենապետը իր խօսքին աւարտին աչքի առաջ բերաւ ՀՄԸՄ-ականին ազնիւ հոգին, որ հակառակ տարիներու ընթացքին մարզաձեւերու փոփոխութեան եւ նորեկ մարզիկներու ներկայութեան, խաղերը կը շարունակուին կատարուիլ ՀՄԸՄ-ականի բարձր գիտակցութեամբ եւ մարզական ներշնչումով։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Լիոնի Սարմազեան ողջունեց Գանատայի շրջանի 52-րդ մարզախաղերուն մասնակցողները։ Ան հաստատեց մարզախաղերուն անհրաժեշտութիւնը, որ կը համախմբէ ՀՄԸՄ-ականներն ու համակիրները ՀՄԸՄ-ի հովանիին ներքոյ եւ մարզական ու ազգային ապրումներ կը ներշնչէ բոլորին։ Սարմազեան իր խօսքին մէջ ակնարկեց ՀՄԸՄ-ի կատարած հայապահպանման առաքելութեան։ Ան յայտնեց, թէ այս տարուան մարզախաղերը եզակի են, որովհետեւ կը զուգադիպին շրջանի Լաւալ մասնաճիւղի 15-ամեակին։ Սարմազեան երախտագիտական խօսքերով գնահատեց Լաւալի հիմնադիր սերունդը, որոնք նուիրական ծառայութեամբ հիմնեցին մասնաճիւղը, որ տարուէ տարի ուռճանալով համախմբեց հայ երեխաներ, պատանիներ ու երիտասարդներ։ Սարմազեան խօսքը աւարտեց կոչ ուղղելով բոլոր պատասխանատուներուն որ համախմբուին եւ միասնական ճիգերով դիմագրաւեն այսօրուան ծանրակշիռ իրադարձութիւնները։

Արարողութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, որոնք կը գտնուին ՀՄԸՄ-ի տաքուկ երդիքին տակ, ետքը շեշտեց թէ նման մարզախաղերու եւ մրցումներու ընթացքին կարեւոր չէ յաղթելը կամ յաղթուիլը, այլ՝ կարեւորը մարզական ոգիով ընթանան մրցումները, որովհետեւ յաղթողը ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքն է, սէրն է ազգի ու հայրենիքի։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նաեւ Լաւալի հիմնադրութեան 15-ամեակը, իր օհնութիւնը փոխանցելով նորանոր յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց մասնաճիւղին։ Ապա «Պահպանիչ»ով փակեց բացման արարողութիւնը։
Հուրինա