ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է Արցախի մէջ Վարդանանց եկեղեցւոյ օծման արարողութեան

Horizon Weekly Newspaper

Յունիս 16-ին Նախագահ Բակօ Սահակեան նոյն օրն իսկ Արցախ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մասնակցեցաւ Մարտունի շրջանի Ճարտար քաղաքի նորակառոյց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութեան:

Նախագահը Ճարտարի նոր եկեղեցւոյ առկայութիւնը կարեւոր նկատած է՝ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման ու ամրապնդման տեսանկիւնէն՝ նախագիծին իրականացումը համարելով հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան յստակ օրինակներէն մէկը, եւ երախտագիտութիւն յայտնած է ռուսաստանաբնակ բարերար Վլատիմիր Աւագեանին՝ եկեղեցւոյ կառուցման համար:

Արարողութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետնախարար Գրիգոր Մարտիրոսեանը, պաշտօնատար այլ անձինք, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ արտերկրէն հիւրեր:

Horizon Weekly Newspaper

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.