ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի խաղաղարարութեան նախարարական համաժողովին
Գանատայի Վանգուվըր քաղաքին մէջ աւարտեցաւ ՄԱԿ-ի խաղաղարարութեան նախարարական համաժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։
Համաժողովի հիմնական թեմաները նուիրուած էին ՄԱԿ-ի խաղաղարար առաքելութիւններուն արդիւնաւէտութեան բարձրացման։ Բանախօսներուն կարծիքով՝ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ։
Առանձնայատուկ ընդգծուեր է խաղաղարար առաքելութիւններուն մէջ կին զինուորականներու թիւի աւելացման անհրաժեշտութիւնը։ Կ՚առաջարկուի զայն հասցնել 15 տոկոսի։
Համաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցեր է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն, որ ներկայացուցեր է «Վանգուվըրեան սկզբունքները», որոնք պէտք է կանխեն երեխաներու ստիպողական մասնակցութիւնը մարտական գործողութիւններուն։
Համաժողովին աշխատանքներուն մասնակցեր է նաեւ աշխարհահռչակ դերասանուհի, ՄԱԿ-ի բարի կամքի դեսպան Անժելինա Ժոլին, որուն ելոյթը նուիրուած էր ողջ աշխարհի մէջ սեռական բռնութիւններու դէմ միասնական պայքարի անհրաժեշտութեան։
Նշենք, որ վերոնշեալ համաժողովին բացումին մասնակցեցաւ Գանատայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը:
ՄԱԿ-ի խաղաղարարութեան նախարարական համաժողովին մասնակցելէ ետք հայկական պատուիրակութիւնը այցելած է Հայ կեդրոն, ուր Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Վանգուվըրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման մասնակցեր է նաեւ Գանատայի Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան։
Գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն խնդրանքով Վիգէն Սարգսեանը անդրադարձեր է հայկական զինուած ուժերու արդիականացման աշխատանքներուն, մասնաւորապէս՝ բանակի մարտունակութեան բարձրացման, նոր սպառազինութեան ձեռքբերման, մարտական հերթապահութիւնը առաւել անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։