«Հզօր հայրենիքի փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը». Յ. Տէր Խաչատուրեան
Ստորեւ՝ Պէյրութի մէջ կայացած ՀՅԴ 133-Ամեակի տօնակատարութիւն. ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը։
Կասկած չկայ, որ բախտորոշ օրերու մէջ կ՛ապրին հայրենիքն ու հայութիւնը այսօր. ակնյայտ է, որ Հայաստանը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, ուր արտաքին ազդակները լարուած են իրեն դէմ. Թուրքիա եւ Ազրպէյճան դարձած են ինքնավստահ, ամբարտաւան եւ անզիջող` մեր նկատմամբ. Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ուժերը մեծապէս աշխուժացած են, որովհետեւ քաղաքական փոփոխութիւններու նախանշաններն են նկատած ու մրցակցական հեւքի են դիմած. իրադրութիւն մը, որ կը հակադրուի Հայաստանի շահերուն ու մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կը դարձնէ միջազգային կռուախնձոր:
Այս արտաքին իրողութիւնը, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնէ ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ:
Հայութեան եւ Հայաստանի 1990-ականներու յաղթանակները 2020-ի աշունէն արդէն վերածուեցան շարունակական պարտութիւններու շղթայի. արցախեան պատերազմի արհաւիրքը եւ հայաթափումը, ՀՀ արտաքին ձախող քաղաքականութիւնը եւ ներազգային պառակտումը կը հանդիսանան մեր պատմութեան նորագոյն քառամեակի ՀՀ իշխանութիւններու աղէտալի իրագործումները:
Վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որ պատրաստ է թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:
Այսօր, իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած Արցախը ողբերգական հանգամանքէ անդին, նաեւ զրկուած է պաշտպանելու նոյնինքն Հայաստանի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ’ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ:
Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին է լծուած Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը:
Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, փաշինեանական վարչակարգը տակաւին լծուած է` հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակն ու մարտական ոգին հարուածելու, ՀՀ-ի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները` հայոց պատմութիւնը, հայագիտական նիւթերը, ազգային հարցերու հանդէպ նուիրումի պատրաստակամութիւնը եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու հայ ազգային կառոյցները տկարացնելու, Հայ դատի համաշխարհային պայքարը նսեմացնելու, նոյնիսկ սփիւռքի մէջ հաստատուած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին: Ինչպէս ընտրարշաւներու ընթացքին, նաեւ այս բազմամակարդակ գրոհին համար ՀՀ իշխանութիւնները լայնօրէն ի գործ կը դնեն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ գործադիր իշխանութեան տրամադրութեան տակ գտնուող պետական լծակները: ՀՀ այս իշխանութեան համար չէ մնացած որեւէ ազգային սրբութիւն, այլ միայն` ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու մտասեւեռում:
Այսօր ոչ միայն հայրենի ժողովուրդը, այլեւ ՀՀ-էն դուրս հայապատկան հողերու եւ սփիւռքի հայութիւնն ալ խոր հիասթափութեան եւ ընկճուածութեան ենթարկուած է` ի տես այս իշխանութիւններու ապիկար ու ազգակործան քաղաքականութեան գոյացուցած ահաւոր վնասներուն: հայութեան կարեւոր շերտերու մէջ յառաջացած է նոյնիսկ Հայաստան-սփիւռք կապերու խզում, ինչ որ անշուշտ անընդունելի երեւոյթ է, բայց նաեւ` դժբախտ իրողութիւն:
Մենք կը մերժենք որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը` պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու: Յամենայն դէպս ՀՅԴ-ին համար վերջին կորուստները ժամանակաւոր են, 2020-ի հետեւանքը ճակատամարտի մը պարտութիւնն էր պարզապէս, եւ թշնամիներուն դէմ պատերազմը կը շարունակուի բոլոր ճակատներու վրայ: Մեզի համար Արցախի բռնի դատարկումը մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն է, որ պէտք է սրբագրուի:
Այս համոզումով է, որ մենք փարած ենք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դատի հետապնդման գործին թէ’ հայրենի եւ թէ’ համաշխարհային մակարդակներով:
Այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է`
Ա) Կերտել հայրենի եւ համահայկական ազգային առողջ ուժերու համախմբում` վերաթարմացնելով համազգային օրակարգը, որուն առաջին յաջող փորձը կատարուած էր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական համախմբուածութեան օրերուն, եւ որ սակայն մնաց անաւարտ ու այս իշխանութեան օրերուն ալ` լրիւ անտեսուած:
Բ) Շարունակել ՀՀ-ի մէջ համախմբել ընդդիմադիր առողջ կուսակցութիւններն ու հասարակական գործիչները միասնաբար պայքարելու ապազգային եւ հայութեան խորթ հանդիսացող նկրտումներուն դէմ. ձերբազատիլ ներկայ իշխանութիւններէն, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել ազգային նկարագրով, անհատական ազատութիւններու եւ հաւաքական իրաւունքներու վրայ հիմնուած արդար համակարգ մը եւ ՀՀ-ի քաղաքական դաշտին մէջ պաշտպանել Արցախահայութեան իրաւունքները:
Գ) Պաշտպանել Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքները թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ համաշխարհային բեմերու վրայ. արդէն իսկ կազմուած են Արցախի բարեկամներու համաշխարհային խումբեր, եւ կը կազմակերպուին ցոյցեր, հաւաքներ, քարոզչական արշաւներ` քողազերծելու թուրք-ազերի յարձակողապաշտ եւ ցեղասպան միտումները. վերջին օրինակը այս շաբաթավերջի նախաձեռնութիւններն են, որոնք աւելի քան յիսուն քաղաքներու մէջ պիտի ներկայացնեն Արցախի հարցը եւ զայն պահեն միջազգային օրակարգի վրայ: Նեցուկ կանգնիլ նաեւ, որ Արցախը պահէ իր պետական կառոյցները եւ որպէս վտարանդի կառավարութիւն ամրագրէ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը մեր բոլորի օժանդակութեամբ: Եւ անշուշտ կայ մարդասիրական երեսը, որ պատերազմի օրերէն իսկ արժանացած է մեր ուշադրութեան եւ համահայկական հոգածութեան. մեր բաժինը, գլխաւորաբար` ՀՕՄ-ի աշխուժ ջանքերով, արդէն վաղուց ընթացքի մէջ է եւ յաջողութեամբ կը պսակուի` մեծաքանակ տարողութեամբ նիւթական օժանդակութիւն հասցնելով արցախահայութեան:
Դ) Համահայկական հոգածութեամբ վերականգնել մարտունակութիւնն ու պատրաստուածութիւնը հայկական բանակին, որ մեր լինելիութեան եւ անկախութեան միակ երաշխաւորն է. ամէն գնով փարիլ մեր անկախ պետականութեան պահպանման նպատակին` քաջ գիտակցելով, որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը պարտի մնալ մնայուն:
Ե) Կերտել ինքնավստահ, նախաձեռնող ու հայկական ակունքներէ բխող արտաքին քաղաքականութիւն, հեռու` պարտուողական եւ յարատեւ միակողմանի զիջումներու կողմնորոշումներէ. աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ապաւինիլ մեր ուժերուն` հայկական արեւելումով յառաջ մղելու Հայաստանի ու հայութեան շահերը: Էական է հեռու մնալ Արեւմուտքի հանդէպ կոյր վստահութիւն տածելէ եւ սատարելէ արեւմտեան յոռի բարքերու հայրենիք ներածումին: Պարտաւոր ենք ազգովին անդրադառնալ, որ ո՛չ ամբողջովին արեւմտեան, ո՛չ ալ միակողմանի արեւելեան թեքումներն են, որոնք պիտի բերեն Հայաստանին անվտանգութիւն կամ խաղաղութիւն: Հաւասարակշռուած ու Հայաստանի շահերն իսկապէս պաշտպանող արտաքին քաղաքականութիւնն է միակ ճանապարհը` միաժամանակ չանտեսելով որեւէ շրջանային գերուժ, որ կ՛առնչուի Հայաստանի ճակատագրին հետ. այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է վերաթարմացնել հայ-ռուսական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները, որոնք քայքայուեցան այս իշխանութիւններու օրօք: Ազգովին պարտինք պայքարիլ թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Արեւելքի պետութիւններու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ունեցած գործակցական սերտ կապերուն դէմ:
Զ) Վերաթարմացնել եւ արդիականացնել սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպուածութիւնը նուիրեալ զանգուածներուն` անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռակամութեան մղելով. կտրականապէս դէմ ենք սփիւռքը վերակառուցելու կամ վերակազմակերպելու այն սին կոչերուն, որոնք կը միտին հիմնայատակ քանդելու սփիւռքը եւ ասոր կամ անոր շահերուն հպատակեցնելով` անձեւ քաոս եւ կամակատար հետեւորդներ ստեղծելու: Սփիւռքեան համահայկական թէ տեղական կազմակերպ կառոյցները աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր տարածուած գործունէութեամբ փաստած են իրենց հայանուէր ու հայրենանուէր պատրաստակամութիւնը. անշուշտ միշտ կարելի է աւելիին ձգտիլ` առանց սակայն հիմերը խարխլելու. հիմնական հարց է նաեւ սփիւռքահայութեան հիասթափութիւնը փարատելու եւ հայրենքէն օտարելու վտանգը կանխելը. Հայաստան եւ սփիւռք մէկ ամբողջութիւն են եւ, ինչպէս շարունակաբար հաստատած ենք, յանձնառու սփիւռքը կարեւորագոյն գրաւականն է հզօր հարենիքի, եւ փոխադարձաբար` ազգային նկարագրով պետութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է սփիւռքի յանձնառութեան եւ հայկական նկարագրի ամրապնդման:
Է) Աննահանջ շարունակել համայն հայութեան շահերու պաշտպանութիւնը աշխարհով մէկ. ՀՅԴ-ի Հայ դատի հիմնական առաքելութիւններէն է ՀՀ-էն եւ ԱՀ-էն դուրս գտնուող Արեւմտահայաստանի, ջաւախահայութեան եւ առհասարակ աշխարհասփիւռ հայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանումն ու ընդարձակումը: Միաժամանակ վառ պիտի պահենք ազգային ազատագրական պայքարի նուիրումը եւ հետապնդենք մեր դատը` բոլոր մակարդակներով ու միջոցներով:
Ը) Հայ երիտասարդութիւնը շարունակաբար ներգրաւել, քաղաքականացնել եւ մղել ծառայելու հայրենիքին ու մեր սրբազան դատին: Որպէս գործնական քայլեր թուեմ երեք այժմէական օրինակներ միայն, առաջինը արդէն իսկ վերաբացուած ՀՅԴ կուսակցական դպրոցն է Հայաստանի մէջ ամուր հիմքերու վրայ դնելու համար երիտասարդութեան ազգային, գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութիւնը. երկրորդը Հայ դատի վարժողական ծրագիրներն են, որոնք պատրաստած են ու կը շարունակեն պատրաստել նուիրեալ բանակ մը, եւ երրորդը, ինչպէս տեսանք դեռ երէկ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակութիւններու շնորհահանդէսին, օրինակն է մեր ուսանողական ու երիտասարդական կառոյցներուն, որոնք փարած կը մնան քաղաքական, գաղափարական, ազգային ու յեղափոխական արժէքներու դաստիարակչութեան, տարածման եւ մանաւանդ կիրարկման գործին:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ես ալ, իմ կարգիս կ՛ուզեմ հաստատել, որ լիբանանահայութիւնը առհասարակ եւ Լիբանանի մեր կառոյցը` յատկապէս, մի՛շտ եղած են պատնէշի վրայ: Համահայկական բոլոր կարիքներուն հասնող Լիբանանի մեր կառոյցը ամէնուրեք գործունեայ է, եւ լիբանանահայութիւնը պիտի մնայ այն հնոցը, որ համահայկական առումով կը հասցնէ գործիչներ, դաստիարակներ, ղեկավարներ: Այդ պատճառով է, որ երբ Լիբանանը, որ միշտ կը հասնէր բոլորին, որոշ ժամանակ մը ինք դարձաւ կարիքաւոր, հայաշխարհը ձեռք երկարեց նաեւ Լիբանանին: Բոլորի՛ն վարձքը կատար, վստահ ենք, որ նոյն ուժականութեամբ եւ աշխուժութեամբ պիտի մնաք պատնէշի վրայ:
Այսօր ձեր` հայ ժողովուրդի առջեւ Դաշնակցութիւնը կը վերանորոգէ իր վճռակամութիւնը` մեր երկարաշունչ պայքարը աներեր յառաջ տանելու, հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պահանջելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր թշնամիներէն աննահանջ պաշտպանելու համար:
Comments are closed.