Հեռաձայնային հաղորդակցութիւն՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի միջեւ
495
0
21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի միջեւ հեռաձայինային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Յայտնենք, որ դոկտ. Օքամփօ միջազգային համբաւ եւ յարգարնք վայելող դատախազ է, որ կը բարձրաձայնէ ազգերու ու ժողովուրդներու բռնաբարուած իրաւունքներու վերահաստատման ու վերատիրացման պահանջատիրութիւնը։
Խօսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ դոկտ. Օքամփօն ընդգծեցին, որ իրաւաքրէական սկզբունքներու եւ միջազգային համապատասխան օրէնքներու հիման վրայ, Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կանխամտածուած եւ ծրագրաւորուած ցեղասպանութիւն էր՝ ընդդէմ Արցախի ժողովուրդին։
Խօսակիցները նաեւ անդրադարձան Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններու ընթացքին գործադրուած ցեղասպանութեանց եւ ցեղային զտման գործընթացներուն։ Շեշտուեցաւ ցեղասպանութիւններու անպատժելիութեան երեւոյթը, որ պատճառ կը հանդիսանայ նոր ցեղասպանութիւններու գործադրութեան։
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց դոկտ. Օքամփոյի տարած աշխատանքները եւ յատկապէս Արցախի դէմ Ազրպէյճանի իրականացուցած գործողութիւնները ցեղասպանական քաղաքականութիւն նկատող իր աշխատասիրութիւնը, որոնք միջազգային իրաւաբանական մտածողութեան մէջ լայն տեղ գտած են եւ մեկնած են մարդկային իրաւանց սկզբունքներէն։
Comments are closed.