«Հարաւային Կովկասի Մէջ Որեւէ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութիւն Իրանի Համար Անընդունելի Է» Լաւրովին Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան
- (0)

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ռուսական «ՆԻՈՒԶ» կայքը կ՛աւելցնէ, որ Ապտոլլահեան ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն Իրանի համար անընդունելի է:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ: Այս առումով, ըստ անոր, Իրան պատրաստ է նպաստելու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Ան անդրադարձած էր 2020 թուականին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած զինադադարի մասին եռակողմ համաձայնագիրին, որով աւարտած էր 44-օրեայ պատերազմը:
Անոր կարծիքով` զինադադարի համաձայնագիրին հաւատարիմ մնալը եւ մնացեալ հարցերուն երկխօսութեան ճամբով լուծումը կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու հանգստութիւնը վերականգնելու լաւագոյն միջոցն է:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներէն բաղկացած եռակողմ աշխատանքային խումբը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման խնդիրին շուրջ համաձայնութիւններու ձեռքբերման հարցին մէջ:
«Հարաւային Կովկասի մէջ առեւտրատնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցերով կը զբաղի եռակողմ խումբը` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներուն մասնակցութեամբ: Անիկա կ՛աշխատի կանոնաւոր կշռոյթով, համաժամանակ, ի դէպ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ հանդիպումներու առնչութեամբ, վերջերս տեղի ունեցան կանոնաւոր հաղորդակցութիւններ: Այս եռակողմ աշխատանքային խումբը, որ ստեղծուած է երեք ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի որոշումով, զգալի յառաջընթաց արձանագրած է համաձայնութիւններու ձեռքբերման հարցին մէջ: Յոյսով եմ` անոնք պիտի ձեւակերպուին շատ մօտիկ ապագային: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այս աշխատանքը կ՛իրականացուի ոչ թէ պարապութեան մէջ, ոչ թէ մեկուսացուած, այլ աւելի լայն փոխադրամիջոցային նախագիծերու, ներառեալ Հիւսիս-հարաւ միջանցքի նախագիծը, սերտ համատեղութեամբ, որով շահագրգռուած են նաեւ մեր իրանցի գործընկերները», ըսած է Լաւրով:
Լաւրովի համաձայն, քննարկումը վերաբերած է Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ Ռեշթ-Ասթարա մայրուղիի փոքր երկաթուղային հատուածի վերականգնման շուրջ ընթացող քննարկումներուն:
Ապտոլլահեան իր կարգին նշած է, որ Իրանը շատ արտօնեալ աշխարհաքաղաքական դիրք ունի:
«Փոխադրամիջոցային ուղիներու ամրապնդումը, ներառեալ Հիւսիս-հարաւ բազմազանցուած գիծերը, կ՛ընկալուին իբրեւ այս շրջանի զարգացման, ինչպէս նաեւ պարենային անվտանգութեան կարեւոր գործօն», աւելցուցած է ան:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է Իսլամական հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը` աւարտին հասցնելու Ռեշթ-Ասթարա անաւարտ հատուածի շինարարութիւնը:
«Ռուսական կողմին հետ սուրիացի ժողովուրդի տառապանքին վերջ տալու մեր ջանքերուն ծիրին մէջ քննարկեցինք Ասթանայի հոլովոյթը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ռուսական կողմին հետ քննարկեցինք Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը, եւ այդտեղի դէպքերուն վերաբերեալ մեր դիրքորոշումները նոյնն են»:
«Թեհրան եւ Մոսկուա Լիպիոյ շուրջ շրջանային խորհրդակցութիւններ կը կատարեն, եւ մեր կարծիքով` լիպիացիները պէտք է իրենք ճշդեն իրենց երկրին ճակատագիրը», ըսաւ Ապտոլլահեան:
«Ստացանք (Եւրոպական Միութեան առաջարկին վերաբերեալ Իրանի պատասխանին) ամերիկեան պատասխանը եւ զայն մանրակրկիտ կերպով քննեցինք: Մենք հաւաստի երաշխիքներու պէտք ունինք», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Լաւրով յայտնեց. «Ռուսիան եւ Իրանը չեն ընդունիր գործելաոճը Արեւմուտքին, որ կը փորձէ Միջազգային օրէնքը փոխարինել»: «Բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ Իրանի եւ մեր դիրքորոշումները միեւնոյնն են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք կը զօրակցինք հիւլէական համաձայնութեան վերականգնման եւ Իրանի դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցներու ջնջման»: