Հասիչէ. Ճեզիրէի հայութեան ներկայ վիճակ եւ մարտահրաւէրներ

Բ) ՀԱՍԻՉԷ

Հասիչէի Հայկական գաղութը, որ կը գտնուի Սուրիոյ արեւելեան կողմը, դարձեալ իր գործուն դերակատարութիւնը ունի Ճեզիրէի շրջանէն ներս:
Հոն կը գործէ Ազգ. Մեսրոպեան նախակրթարանը, հայկական եկեղեցին՝ Ս. Յովհաննու Կարապետը, ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղը, նորակազմ Ս. Յովհաննու Կիրակնօրեայ վարժարանը, նորակազմ «Գարուն» երգչախումբը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ակումբը:

Եկեղեցւոյ ու վարժարանի խնամակալութիւնը ստանձնած է Հասիչէի թաղական խորհուրդը: Եկեղեցւոյ շրջափակի կողքին կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը, իսկ բակին աջակողմը եկեղեցւոյ դահլիճը, ձախակողմը՝ Կիրակնօրեայ վարժարանի վերանորոգուած սրահը, իսկ եկեղեցւոյ կողքին կը գտնուի նորակառոյց երիցատունը:

Պատերազմէն առաջ հայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնէր շուրջ 85 ընտանիքի. Բնակիչները ընդհանրապէս եղած են պետութեան մօտ պաշտօնեաներ կամ ալ արհեստաւորներ: Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն էր Տէր Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Պետրոսեան, որ անխոնջ ծառայութեամբ եւ մեծ նուիրուածութեամբ աւելի քան երեք տասնամեակ ծառայեց, որպէս հոգեւոր մշակ եւ Ազգային վարժարանի տնօրէն: Ան նաեւ օրուան Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին կողմէ նշանակուած էր Ռաս ուլ Այնի շրջանի այցելու հովիւ: Ան գաղութիս հոգեւորականաց դասուն եւ մանաւանդ պետական պաշտօնէութեան կողմէ յարգուած ու սիրուած անձնաւորութիւն մըն էր, իր հաւասարակշռուած ու մտերմիկ յարաբերութիւններուն շնորհիւ:

2015-ին խումբ մը ծայրայեղ իսլամական ահաբեկիչներ կը յարձակին Հասիչէ քաղաքին վրայ եւ ժողովուրդը խուճապի մատնուած ահ ու դողի մէջ, հազիւ իր հագուստները հագած խոյս կու տայ Գամիշլի, եւ Ճեզիրէի այլ շրջաններ: Տէր հայրը եւ քանի մը կամաւոր հայ ու քրիստոնեայ երիտասարդներ կը մնան Հասիչէ՝ պահպանելու համար եկեղեցին եւ անոր շրջակայ տուները կողոպուտէ: Շուրջ ամիս մը ետք, երբ քաղաքը դարձեալ իր ապահով վիճակը կը ստանայ, ժողովուրդը կրկին կը վերադառնայ իր բնակավայրը:

Սուրիական պատերազմի առաջին տարիներուն ժողովուրդի մեծ մասը մտահոգ էր։ Քաղաքին մէջ առեւանգումներ տեղի կ’ունենային՝ կաշառք ստանալու նպատակով. քաղաքը խառնիճաղանճ էր, առեւանգուողներուն մէջ հայեր ալ կ’ըլլային յաճախ։ Այդ իսկ պատճառով կարգ մը ընտանիքներ գաղթեցին, ոմանք՝ շրջանէն, ոմանք՝ երկրէն դուրս: Նոյն տարին տէր հայրը կը հիւանդանայ ու կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ կը վախճանի 17 Փետրուար 2016-ին, ու քահանայական թաղման կարգէն ետք հոծ ժողովրդային բազմութեամբ կը թաղուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Հասիչէի հայ գաղութին հոգեւոր կարիքները հոգալու համար թեմի առաջնորդը կը նշանակէ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը որպէս այցելու քահանայ:

Քահանայ հայրը տէր հօր վախճանումէն ետք կը ծառայէ Հասիչէի Հայ գաղութի հաւատացեալներուն, յաճախ այցելութիւններ կատարելով՝ ամսական դրութեամբ Պատարագ մատուցելով Տաղաւար տօներուն, ինչպէս նաեւ քառասնօրեայ պահեցողութեան եւ Աւագ Շաբթուան ու Ս. Զատկուան առիթներով:

Հասիչէի ապահովական պայմանները համեմատաբար պատերազմի առաջին տարիներուն շատ աւելի նպաստաւոր են ներկայիս, սակայն Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը եւ աջակցութիւնը վայելող Ռաս ուլ Այնի ահաբեկչական ուժերը գրաւելով Հասիչէի ջրամատակարարման կայանը, կ’արգիլեն ջուրի մատակարարումը երկու միլիոն հաշուող ժողովուրդին: Կառավարութիւնը ստիպուած քաղաքի կարգ մը գլխաւոր փողոցներուն վրայ ջրամբարներ զետեղած է, որպէսզի ժողովուրդը իր պէտքերը հոգայ:

Հասիչէի թաղականութեան համար մեծ մտահոգութիւն էր ջուրի մատակարարման հարցը, մանաւանդ որ մեծ թիւով աշակերտութիւն ունէր դպրոցէն ներս, հետեւաբար շրջանի բարեսիրական հաստատութիւններուն հետ կապ պահելով կրցաւ ապահովել հինգ հազար լիթր պարունակող մեծ ջրամբար մը՝ աշակերտութեան ծարաւը յագեցնելու համար:

Այդ ուղղութեամբ թաղականութիւնը որոշում առաւ ջրհոր մը փորել դպրոցի բակին մէջ, մաքրութեան գործածութեան համար: Ծրագիրը իրագործուեցաւ եւ 15 մեթր խորութենէն աղի ջուր ելաւ, որ ի վերջոյ իր նպատակին պիտի ծառայէր:

Հակառակ կենցաղային ու տնտեսական մարտահրաւէրներուն, Հասիչէի հայ գաղութը հաւաքական աննկուն կամքով, ընտելանալով օրուան պայմաններուն, կը ջանայ իր կեանքը բնականոն հունի մէջ պահել: Թաղականութիւնը, ազգայիններն ու միութենական մարմինները, նամանաւանդ անցնող այս վերջին տարիներուն, միաձեռն կ’աշխատին զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով՝ համախմբելու երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ ու ակումբի հովանիին տակ:

Ազգային փոխանորդարանը վերահաստատեց Ս. Յովհաննու Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, պահելով աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը ու Ճեզիրէի շրջանի ժողովուրդը հրաւիրելով հռչակեց ուխտի օր: Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Հայր Լեւոն Վ. Եղիայեանի ջանքերով հիմնուեցաւ Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կիրակնօրեայ վարժարանը, ուր ներկայիս կը յաճախեն շուրջ քառասուն մանուկ: Վերջերս հիմնուեցաւ «Գարուն» երիտասարդական երգչախումբը, որ իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ ՀՀ Անկախութեան 105-ամեակին առիթով:

Վերանորոգուեցաւ Ս. Յովհաննու եկեղեցին եւ օժտուեցաւ նոր եկեղեցական սպասներով. դարձեալ վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող սենեակը ու տրամադրուեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանին: Հոգշ. հայր սուրբին ջանքերով եւ օժանդակութեամբ բարեսիրական «ՍԱՆ ՄԱՐԻԴԱՍ» հաստատութեան ու թաղականութեան կազմին հիմնովին վերանորոգուեցաւ եկեղեցւոյ երիցատունը, որուն բացումը կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան:

Հասիչէի ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղը եւս ունի իր դրական ներկայութիւնը: ՍՕԽ-ի Տիկնանցը բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով կը թարմացնէ Հասիչէի տիկիններուն ընկերային կեանքը:

Ի վերջոյ եկեղեցւոյ եւ Ազգային վարժարանին կողքին կը գտնուի ՀՄԸՄ-ի հայկական ակումբը, որ հայ ընտանիքներուն ու մանաւանդ մեր երիտասարդութեան համար հպարտութեան եւ պատկանելիութեան խորհրդանիշ է: Ինչպէս Ս. Եկեղեցին նոյնպէս ալ մեր հայկական ակումբը իր թեւերուն տակ առած ու հաւաքած է հայութիւնը։ Հասիչէի ամրան ահռելի տօթին, հայոց ակումբը լաւագոյն ապաստան է բոլորին համար, բակին մէջտեղ գտնուող աւազանին շուրջ նստիլը ու գաւաթ մը զովացուցիչ ըմպելով ոտնագնդակի մրցախաղերուն հետեւիլը, իսկապէս մեծ հաճոյք է: Ձմեռն ալ ունի իր խորհրդաւորութիւնը. վառարանին շուրջ նստելով տաք թէյ մը առնելը, տարբեր գոհունակութիւն մը կը ձգէ մարդու սրտին մէջ: Ազգային եւ այլ տօնական առիթներուն, ինչպէս նաեւ անհատական խրախճանքներուն համար որպէս նախընտրելի վայր նկատի առնուած է միշտ:

Պատրաստեցին՝
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Յակոբ Սրկ. Պարսումեան
Խաչիկ Մելքոնեան

Comments are closed.