ՀԱՊԿ-ը կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը

ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնները կոչ ուղղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճան իշխանութիւններուն՝ անմիջապէս աւարտին հասցնելու խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացը։ Այս մասին նշուած է այսօր Պիշքեկի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ գագաթանժողովի ամփոփիչ հռչակագրին մէջ։
«Գոհունակութեամբ կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ ընթացող աշխոյժ միջպետական երկխօսութիւնը։ Պիտի նպաստենք կողմերուն միջեւ համապարփակ կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրման», — կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանը ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին չէ մասնակցած։ Վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի յարաբերութիւնները սրուած են՝ մանաւանդ 2022 թուականի սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք։ Չնայած Երեւանի պահանջներուն՝ ՀԱՊԿ-ը մինչեւ այսօր չէ դատապարտած դաշինքի անդամ պետութեան դէմ կատարուած այդ յարձակումը։