Հանգանակային Արշաւ Լիբանանահայութեան
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի հայրենակիցներ եւ ՀՕՄի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ:
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ համայն ընտանիքի անունով կու գանք մեր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնել ձեր բոլորի զօրակցութեան եւ անվերապահ աջակցութեան համար, արհաւիրքի օրեր ապրող Լիբանանի մեր ժողովուրդին եւ պայթումներու հետեւանքով զոհուած հայրենակիցներու ընտանիքներուն։
Երախտագիտութեամբ կուզենք յայտնել թէ՝ Թելեթոնի յանձնախումբի ջանքերով եւ ձեր բոլորի աջակցութեամբ կրցանք մեր թիրախին մօտենալ ցարդ հանգանակելով $120,000 Գանատական տոլար: Հանգանակութիւնները պիտի շարունակուին հասնելու առաւելագոյն չափով ընտանիքներու օգնութեան:
Ձեր նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարով Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր ներուժը համախմբած, անմիջական աջակցութիւն պիտի հասցնէ մղձաւանջային պայմաններու մէջ եւ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող մեր հայրենակիցներուն։
Առ ի տեղեկութիւն՝ անցնող երկու տարիներուն մեր կիզակետը հանդիսացան Լիբանանն ու Արցախը, որոնց համար առաջին իսկ օրէն լծուած ենք դրամահաւաքի հանգանակային արշաւներու: Հանգանակուած գումարները ամբողջութեամբ կը տրամադրուին նոյն այդ նպատակներուն համար ՀՕՄի մարդասիրական ծրագիրներուն:
Առաջին հանգրուանին՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ցարդ $75,000 USD փոխանցուած գումարները յատկացուեցան սնունդ եւ կենցաղային տարրական իրեր ապահովելու, համաճարակի, Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններու բերումով եւ աւելի ուշ պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով նիւթապէս տուժած եւ դժնդակ տարի մը ապրող մեր հայրենակիցներուն:
Երկրորդ հանգրուանին՝ օդի ճամբով, շուրջ $100,000 արժողութեամբ դեղորայք պիտի առաքուին Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին, որոնց ցանկը մեզի փոխանցուած էր Լիբանաի Օգնութեան Խաչի կողմէ ։
Երրորդ հանգրուանով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան թելադրութեամբ եւ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան տնօրինութեամբ՝ հանգանակուած $100,000 USD ամերիկեան տոլարը Նոր Տարուայ առթիւ պիտի բաժնուի 1000 ընտանիքներու, ամէն մէկ ընտանիքի տրամադրելով $100 USD ամերիկեան տոլար: Աշխատանքը կը կատարուի համադրուած ու կազմակերպուած կերպով, որպէսզի մեր կողմէ հանգանակուած ամէն մէկ գումարը ծառայէ մեր ժողովուրդի իսկական կարիքներուն:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կրկին Շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան եւ ՀՕՄի հանդէպ ձեր ցուցաբերած վստահութեան։ Սփիւռքի մեր համադրուած եւ միասնական ջանքերով է որ պիտի յաղթահարենք մեր հայրենակիցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ազգային խոր գիտակցութեամբ ու պատրաստակամութեամբ, կրկին պիտի շրջանցենք այս ճգնաժամը եւ վերաշխուժացնենք Լիբանանհայ գաղութը:
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն