Հայ Օգնութեան Միութեան Սուրբ Ծննդեան Տօնածառի լուսաւորումն ու տօնավաճառը համախմբեցին վանգուվըրահայ գաղութը

Հայ Օգնութեան Միութեան Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2025-ին, կէսօրէ ետք, Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնածառի լուսաւորումն ու տօնավաճառը:

Իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Վանգուվըրի Երիտասարդական Միութեան եւ Պատանեկանի մասնաճիւղերը, Համազգայինի Վանգովըրի «Վարագ» մասնաճիւղը, եւ Վանգուվըրի ՀՄԸՄ-ը, այս բոլորին մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը փոքրիկ տօնախմբութեան մը մթնոլորտ ստեղծեց, ուր մեծ ու փոքր եկած էին քաջալերելու եւ ծառայելու համայնքի միասնութեան։

Սրահին մէջ զետեղուած սեղանները կը ներկայացնէին ինքնատիպ ձեռագործ նուէրներ, հայկական քաղցրեղէններ, համեղ անուշեղէններ, հայերէն գիրքեր եւ Սուրբ Ծննդեան զարդարուն նուէրներ, որոնք հրապուրեցին ներկաները։

Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Հայ Օգնութեան Միութեան Վանգուվըրի «Արազ» վարժարանի աշակերտութեան մատուցած տօնական յատուկ ելոյթը։ Մանուկները, իրենց պարզ ու հաւատալից ձայներով ներկայացուցին Սուրբ Ծննդեան երգեր, ծափով եւ ժպիտներով լեցնելով սրահը։

Վաճառքի ձեռնարկը բացուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սուսան Սեդրակեանի բացման խօսքով. ան ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, որ նման ձեռնարկներ ոչ միայն դրամահաւաք կամ տօնական առեւտուր են, այլ համայնքի կամքը՝ միասին կանգնելու եւ շարունակելու բարեսիրութիւնն ու հայապահպանումը, ինչպէս նաեւ՝ մշակոյթը։ Անկէ ետք օրհնութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տէր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեան, որ շեշտեց համերաշխութեան եւ քրիստոնէական սիրոյ խորհուրդին գիտակցումը՝ Սուրբ Ծննդեան առիթով։

Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ աւանդութիւն դարձած ՀՕՄ-ի այս ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։ Կեցցե՛ն մեր փոքրիկները, ուսուցիչները, կազմաերպողները եւ համեղ ճաշեր ու անուշեղէններ պատրաստող բոլոր ժրաջան կամաւոր ՀՕՄ-ուհիները։