Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վշտակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Ֆրանսայի
1660
0
Փարիզի Աստուածամօր տաճարին պատուհասած ողբերգական դէպքին առնչութեամբ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովրդին եւ իշխանութիւններուն:
Ֆրանսան յայտնի է ամէնուր համամարդկային մշակութային յուշարձաններու հանդէպ ցուցաբերած մեծագոյն յարգանքով ու խնամակալութեամբ: Հաւանաբար այդ է նաեւ պատճառներէն մէկը, որ անկախ կրօնական համոզմունքներէն, ամբողջ աշխարհը զօրավիգ է Ֆրանսայի ժողովուրդին՝ դժբախտութիւնը դիմագրաւելու համար:
Լիայոյս ենք, որ աշխարհի տարբեր կողմերէն մէկտեղուած ջանքերու արդիւնքով Աստուածամօր տաճարը կրկին վեր կը յառնէ իր ամբողջ վեհութեամբ, որպէս համաշխարհային խորհրդանիշ Քրիստոնէական հաւատին եւ ֆրանսական մշակութային ժառանգութեան:
ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ