ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ [1]

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ, աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ կրկին անգամ նշուե­ցաւ Մարտ 8-ը իբրեւ կանանց միջազգային օր։ Արդէն աւելի քան 100 տարուան աւան­դոյթ մը ունի այս տօնը, որ գերազան­ցապէս կը հետապնդէ կանանց համար հաւա­սա­րար­ժէք իրաւունքներ, աշխա­տանքային բարելաւուած պայմաններ, արդար աշխա­տա­վարձ, քուէարկելու իրաւունք, հասարակա­կան կեանքին մէջ խտրականութեան են­թարկուելու նահապետական բար­քերէ զերծ մնալու եւ կանանց հանդէպ ամուսիննե­րու կողմէ ցայսօր իրագործուող ըն­տանեկան բռնութիւններու վերացման դէմ կանխար­գելիչ միջոցներ ապահովելու նպա­տակ։ Այս ուղղութեամբ զգալի բարեփոխումներ եւ ձեռք­բերումներ իրականացած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Անցած քանի մը տասնամ­եակ­ներուն, ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ դժուար թէ որեւէ շարժում այն­քան իր առաջադրանքները իրագործած եւ իր կացութիւնը դրա­կանապէս բարե­փոխ­ած ըլլայ, որքան կնոջ կարգավիճակը՝ կեանքի համարեա բոլոր ասպա­րէզներուն մէջ։

Բայց ի՞նչ է կնոջ դիրքը եկեղեցիէն ներս։ Ահաւասիկ այս հարցումին պատասխան մը պիտի փոր­ձենք տալ առկայ յօդուածով։

Ատենին Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս հարց բարձրացած էր, թէ համայնք­ներուն մէջ արդեօք արտօնուա՞ծ է, որ աղջիկներ դպրութեան կարգ ստանան եւ մոմա­կա­լութեան պաշտօն կատարեն բարձրանալով խորան՝ ծառա­յելու համար սուրբ պատա­րագի արարողու­թեան։ Օրուան առաջնորդը թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, կը հրահանգէ թեմի հոգեւո­րականնե­րուն, թէ բացառապէս մինչեւ 12 տարեկան օրիորդներու կ’արտօնուի խորան բարձրանալ եւ դպրութեան պաշ­­տօն կատարել։ Միանգամայն հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ համար դպրու­հիներու պարագային 12-ը իբրեւ տարիքային «խիստ» սահմանափակում մը կ’որոշուի, մինչդեռ տղաքը՝ անոնց տարե­կից ընկերները, եկե­ղեցւոյ բոլոր ասպարէզներուն մէջ հոգեւոր ծա­ռայութիւնը կրնային շարու­նակել մինչեւ վերջ։

Հարցիս վերաբերեալ ցայսօր անորոշութիւն մը կը տիրէ։ Երբ սփիւռքի որոշ թե­մերու եւ համայնքային եկեղեցիներու խորաններուն վրայ ատենէ մը ի վեր մոմակալու­թեան կամ առաքելական թուղթերը կարդալու պաշտօնով դպրուհի­ներու կը հանդի­պինք, Հայաստանի մէջ անոնք բոլորովին կը բացակային. ձայնեղ կանանց ընդ­ամէնը կ’արտօնուի, դպրաց դասերուն հետ՝ միայն եկեղեցւոյ վերնատան կամ դասին մէջ, բայց բացարձակապէս ոչ խորանին վրայ, երգել պատարագի արարողութեան կամ տար­բեր ժամերգութեանց շարականները, այլապէս խորհրդակատարութիւններուն անոնց մաս­նակ­ցութիւնը միանգամայն բացառուած է։

Արդեօք Հայ Եկեղեցին կանանց իսկապէ՞ս կ’արգիլէ խորան բարձրանալ։ Եթէ այո, ապա ինչո՞ւ համար։ Իսկ եթէ երբեք կ’արտօնէ, ապա աւանդական ինչպիսի՞ նախա­դրեալ­ներ կամ անհրաժեշտ հիմքեր գոյութիւն ունին, որոնք բնական զարգաց­մամբ դառ­նալով աւան­դութիւն ամրագրուած են Հայ Եկեղեցիին մէջ։

Կանանց քահանայական ձեռնադրութեան հարցը երկար ժա­մանակէ ի վեր եւ տակաւին այսօր կը հանդիսանայ եկեղեցիին ուղղուած կարեւորագոյն մարտահրաւէր­ներէն մէկը։ Առաքելահաստատ եկեղեցիները ցայսօր թոյլ չեն տար, որ կանայք քահա­նայական ձեռնադրութիւն կամ օծում ստանալով քահանաներու հետ իրաւահաւա­սարօրէն ծառայեն եկեղեցւոյ ծիսական ասպարէզին մէջ։ Պատ­մութիւնը ցոյց կու տայ սակայն, որ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը միանշա­նակ այդպէս չէ եղած։ Նախ­նական եկե­ղեցիին մէջ եղած են աշակերտուհիներ, մար­գարէու­հիներ, այրի­ներ եւ սար­կաւագու­հիներ, որոնք քրիստոնէական վաղ շրջանի հա­մայնք­ներու կազմա­կերպութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն ունեցած են եւ ի նպաստ քրիս­տոնէութեան տարածման բերած են իրենց կարեւոր ներդրումները։ Այստեղ մասնաւորաբար պէտք է յիշել Հռովմէա­ցիներու Թուղթին մէջ Պօղոս առաքեալի ըրած յանձնարարութիւնը, թէ «Ձեզի կը յանձ­նարարեմ Փիբէն՝ (Ֆիպէն) մեր քոյրը, որ սպասաւորը (իմա՝ սարկաւագու­հին) է Կենք­րացիներու եկեղեցիին» (Հռոմ. ԺԶ, 1)։ Միայն միջնա­դա­րուն էր, որ կա­նայք, ինչ-ինչ պատճառ­ներով, հետզհետէ դուրս կը մղուին եկեղեցւոյ մէջ հեղինակաւոր պաշտօններ ստանձ­նելու դիրքերէն։

Ժամանակի պահանջքներուն եւ վերոնշեալ մարտահրաւէրներուն ընդառա­ջելով՝ Անկլիգան, Հին Կաթողիկէ եւ Բողոքական Եկեղեցի­ները, յատկա­պէս վեր­ջին տասնամ­եակներուն, սկսան դրական մօտեցում մը ցուցաբերել այս հարցին, ոչ միայն քահանա­յութեան, այլեւ եպիսկոպոսութեան աստիճանին կոչելով կանանց՝ իրենց այր պաշտօնա­կիցներուն հետ հաւասա­րապէս եկե­ղեցանուէր ծառայութիւն մը իրականացնելու հա­մար։

Ի տարբերութիւն այս իրողութեան՝ Հայ Եկեղեցին քրիստոնէական նախնական եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացուցած է եւ զայն իր ծոցին մէջ պահպանելով՝ հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։ Եթէ ոչ քահանայա­գործելու իշխանութիւն, ապա ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու եկեղեցւոյ նուիրա­պետական կարգերէն առաջինը՝ սարկա­ւագութեան աստիճանը։

Մեր Եկե­ղեցւոյ պատ­մութեան մէջ սարկաւագուհիներու գոյութիւնը առկայ է զարգաց­ման առաւել կամ նուազ փայլուն հան­գրուաններով: Թէպէտ տժգոյն, գուցէ եւ այսօր կեցած տխուր հոգեվարքի մը սեմին, բայց դեռ չմեռած, այլ տակաւին սրտի զգալի տրոփ­ներ արձակող եւ ապրելու հրայրք ունեցող այս աւան­դը սեռերու հարցին մէջ Հայ Եկե­ղեցւոյ հանդուրժողութեան եւ լայնախոհ ոգիին գերազանց դրսեւորումն է, որ միաժա­մանակ կը վկայէ անոր ունեցած շարունա­կական եւ անշեղ կապը քրիստոնէական հնա­գոյն եկե­ղեցւոյ աւան­դութեան հետ։

Արժէ այստեղ պահ մը անդրադառնալ, թէ կանանց հանդէպ ի՞նչպէս էր Յիսուսի վերաբերմունքը։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԿԱՆԱՅՔ

Աւետարանները չեն կաշ­կանդուիր խօսելու կանանց հետ Յիսուսի ունեցած դրա­կան յարաբերու­թիւններուն մա­սին։ Այս առնչութեամբ, Ան գերազանցապէս վեր կը մնար ժամանակի հասարակա­կան կարգերու եւ սովորութիւն­ներու կաշ­կանդումներէն՝ կնոջ անձին մէջ առաջ­նա­հերթ համարելով այն սիրտն ու հո­գին, որոնք տեղ կու տային Աս­տուծոյ խօսքին՝ դառ­նալով անոր հաւատաւոր ու անձ­նուէր հետեւորդը։ Յիսուսի վերա­բերմունքը ոչ միայն արհամար­հական չէ կանանց հանդէպ, այլեւ ընդհակառակը՝ զար­մանալիօրէն ազատ է ու սիրալիր, միանգա­մայն ջերմ է ու անկողմնակալ։ Բարեպաշտ կիներու հոյլ մը ու­ղե­կից է Իրեն եւ Իր աշակերտներուն՝ Գալիլեայէն մինչեւ Երուսաղէմ, տարբեր վայ­րե­րու մէջ քարոզե­լու եւ հրաշագործութիւն­ներ գործելու  ատեն, խաչելութեան պահուն, թա­ղումէն եւ հրաշափառ յարութենէն ետք, երբ աշակերտներ անճրկած, մինչ­դեռ անոնց մէջ ուրիշներ յուսահատ, կը լքէին ասպա­րէզը՝ վերադառնալով իրենց տու­ները։ Եո­հան­նան, Սուսան­նան, Մարիամ Աստուածա­մայրը, Մարիամ՝ Կղէոպասի կինը, Յակո­բո­սի եւ Յովսէփի մայրը, Սողոմէն, Մարիամ ու Մարթա Բեթանիացիները, նաեւ «շատ այլ կանայք», ամէնէն առաջ՝ Մա­րիամ Մագդա­ղենացին, յականէ-յանուանէ կը յիշա­տա­կուին Նոր Կտակա­րանին մէջ։

Անշուշտ ճիշդ է, որ Յիսուս, Իսրայէլի տասներկու ցեղե­րու ներկայացուցիչնե­րուն օրինակով, աշակերտներու իր նեղ շրջանակը տասներկու այրերով լրացուց, սա­կայն անոնք տա­կաւին «առաքեալ» չէին կոչուեր։ Ղուկաս աւետարանիչն է, որ հե­տա­գա­յին, Յի­սուսէն աւելի քան սերունդ մը ետք, իր գործին մէջ կը նոյնացնէ տասներկու աշա­կերտներու այս նեղ շրջանակը «առաքեալներուն» հետ։ Իրողու­թիւնն այն է, որ թուային առումով «առաքեալ­ները», որոնք Յի­սուսի հրա­շափառ յարութեան աւետիսը տարածելու «առաքուեցան», կը կազմէին շատ աւելի մեծ շրջանակ մը, որուն մէջ, ստոյգ, կիներ ալ կային, որպիսիք էին իւղաբեր կանայք եւ անոնց մէջ առաջինը՝ Մարիամ Մագդաղե­նացին, որուն վիճակուե­ցաւ Գեթսեմա­նիի պարտէզին մէջ Յարուցեալը տես­նելու առաջին եւ ամենամեծ շնորհը։

Այս առումով ինչքա՜ն հնչեղ եւ բնորոշ է ԺԳ.–ԺԴ. դարու մատենագիր Բարսեղ վրդ. Մաշ­կեւորցիի յատկանշական գնահատա­կանը Մարիամ Մագդաղենացիի մա­սին, երբ ան իր «Մարկոսի Աւետարանի Մեկնութեան» մէջ զայն ուղղակի Յարուց­եա­լին կող­մէ «առաքելական կոչումով պատուուած»[2] անձ կը նկատէ։

Ժամանակի սղութեան պատճառով պիտի չանդրադառնամ նախնական եկե­ղեց­ւոյ միջավայրին մէջ սարկաւագուհիներու գոյութեան, անոնց ունե­ցած դե­րին ու գոր­ծառոյթներուն, այս աւանդութեան պատմական զարգացման, մատե­նագրական վկայու­թիւններուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ վրայ ունեցած ազդեցութեան առնչուող հարցերուն։ Պար­զապէս պիտի բաւարարուիմ Ներսէս վրդ․ Մելիք-Թանգեանի «Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքը» գիրքէն նշել հե­տեւեալ մէջբերումը․

«Սարկաւագուհիները կային Պօղոս առաքեալի ժա­մանակից (Հռոմ. ժԶ, 1) Պոլսոյ եկեղեցում Յուստինիանոսի եւ Հերակլի ժամանակ 40 հոգի կար: «Առա­քելական կարգադրութիւնները» պատուիրում են, որ դրանք լինեն կոյ­սեր, կամ բարեպաշտ այրի­ներ եւ 40 տարեկան: Նիկիայի 19-րդ կանոնով (Ա. գ., 118 երես) նրանք ստանում էին առան­ձին ձեռնադրութիւն: Նրանց պար­տաւորութիւններն էին. 1) կանանց պատրաստել մկրտութեան համար, 2) մկրտութիւններ՝ եթէ մեծ կանայք էին մկրտւում, կա­տարում էին նրանք, իսկ դրոշմր՝ վարագոյրի ետեւից, անում էին եպիսկոպոսը կամ քա­հանան, 3) կնքամայր էին լինում հներում բոլոր աղջիկ մկրտուածներին, 4) կանանց վե­րաբերեալ բոլոր հոգացողութիւնները եպիսկոպոսի պատուէրով կատարում էին սրանք, 5) [սարկաւագուհիները] եկե­ղեցում կանգ­նում էին այն դռների մօտ, որտեղից կանայք էին մտնում եւ նրանց մէջ կարգապահութեան վրայ հսկում»[3]:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ նախնական եկեղեցւոյ մէջ, մկրտելու արարո­ղու­թենէն ետք, կը կնքէին, այս պարագային՝ կը դրոշմէին ոչ միայն ճակատն ու մարմնի որոշ մասերը, այլեւ կ’օծէին մկրտուողին ամբողջ մարմինը: Ճիշդ այստեղ է, որ սարկաւագու­հիներու ներ­կայութիւնը անհրաժեշտ կը դառ­նար, երբ մկրտուողը չափա­հաս կին կ’ըլլար: Քահանան կամ եպիսկոպոսը կը կատա­րէր նո­րա­դարձ կնոջ ջուրով մկրտելու արարողու­թիւնը միայն, մինչդեռ սարկաւա­գուհին՝ առատօրէն կ’օծէր անոր ամբողջ մարմինը:

Հակառակ անոր, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ին եւ մեր եկե­ղեցական վաղ շրջանի վաւերաթուղթերուն մէջ սարկաւագուհիներու մասին լայն տեղեկու­թիւններ հաղորդ­ուած չեն, այնուամենայնիւ անոնք անծանօթ չեն մեր եկեղեցւոյ հայրե­րուն։ Հայ­կազեան Բառգիրքը, հիմնուելով Ոսկեդարեան շրջանի մեր հայ­րերու կա­տարած թարգմանա­կան տեղիքներուն վրայ, «սարկաւագուհի» բառին դիմաց՝ «կին պաշ­տօնեայ, կամ կու­սան սպասաւոր ի գործս ինչ եկեղեցւոյ, եւ մայր վանից կուսանաց»[4] իմաստները կու տայ: Իսկ Մալխասեան «սարկաւագուհի» բա­ռը կը բացատրէ՝ ըսելով. «Կոյս, որ եկեղեցում սարկա­ւագութիւն է անում։ Եկեղե­ցական օրէնքով կանայք կարող են սարկաւագուհի ձեռնա­դրուել, բայց քահանայ ոչ երբէք»[5]։

Հետաքրքրականը այն է, որ երբ միջին դարերուն կանայք արեւմտեան կաթողիկէ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներէն հետզհետէ դուրս կը մղուին եկեղեցւոյ մէջ հեղինակաւոր պաշտօններ զբաղեցնելու դիրքերէն, Հայ Եկեղեցւոյ այգին իր որթա­տունկը պատուաստուած կը պահէ սարկաւագուհիներու կրօնա­շունչ աւանդու­թեամբ, որուն մասին, ահաւասիկ, կը կարդանք Թ.-Ժ. դարերուն խմբագրուած «Ձեռնադրութեան Մաշտոց»ի մը մէջ հետեւեալ վկայութիւնը.

«Իսկ կանանց հարկաւոր է սքեմ տալ եւ նոյն կարգը կատարել: Բայց [անոր աշ­խարհական զգեստներէն] մերկացնելը սարգաւագուհիները թող ընեն, գլխու սեւ փաթաթանով ծածկեն ճակատը մինչեւ յօնքերը»[6]։

Վերոնշեալը կ’աւանդուի Վենետիկի Մխիթարեան մատենադարանի թիւ 457 Մաշտոցին մէջ, ուր «սարկաւագ» բառը կանանց պարագային՝ իգական սեռը բնորոշող «ուհի» մաս­նիկով արդէն կը վկայուի։ Յստակ է, որ սոյնը կը վերաբերի վանական ուխ­տադրութիւն կատարող կուսաններուն, որոնց զգեստաւորումը պէտք է սարկա­ւագու­հին կատարէ։

Սարկաւագուհիներու վերաբերեալ մեր մատենագիրներու կատարած բուն վկա­յութիւնները կը սկսին Թ.-ԺԲ. դարերէն: Ներսէս Լամբրոնացին իր «Խորհրդա­ծութիւնք ի կարգս եկեղեցւոյ եւ մեկնութիւն Խորհրդոց Պատարագի» աշխատու­թեան մէջ կը նշէ.

«Կրօնաւորութիւնը ցած է ոչ միայն քահանայութենէն, այլեւ սարկաւագու­թենէն, որովհետեւ ան թոյլատրելի է նաեւ կանանց, ինչպէս կը գրէ սուրբ Բարսեղը, իսկ սարկաւագութիւնը` բոլորովին ոչ»[7]։

Արդարեւ, Ներսէս Լամբրոնացին համաձայն է կանանց վանական ըլլալու աւան­դութեան, բայց ոչ՝ սարկաւագութեան աստիճան շնորհելու գաղափարին հետ:

Բոլոր պարագաներուն, կանանց սարկաւագութեան աստիճան շնորհելու աւան­դոյթը ստոյգ գոյութիւն ունեցած է նաեւ Կիլիկիոյ մէջ, որովհետեւ 1314-ին Սկեւռա օրի­նակուած Մաշտոցի մը մէջ, որ պատրաստուած է Սկեւռայի առաջ­նորդ Կոստանդին եպսկ. Պեհեսնացիի պատուէրով, չէր ընդգրկել սարկաւագուհի ձեռ­նա­դրելու վերաբերեալ օրհնութեան աղօթք մը, եթէ երբեք սոյնը տեղ չգտնէր հո­գեւոր առաջնորդի մը մտայնութեան եւ ընկալումներուն մէջ։ Ահաւասիկ, սարկա­ւագուհի ձեռ­նադրելու համապատասխան ա­ղօթքը, որ կ’աւանդուի հետեւեալ խորագրով.

«Կանոն ձեռնադրութեան սարկաւագ կանանց, որ են սարկաւագուհիք»

«Տէ՛ր բարերար եւ բազմագութ, ամէն ինչ ստեղծուեցաւ քու հրամանովդ, եւ մար­դեղէն Միածինիդ ձեռքով հաւասարեցուցիր արուն եւ էգը, ինչպէս ըն­դունելի էր քեզի՝ ոչ միայն այրերուն, այլեւ կանանց տալ հոգեւոր շնորհներ: Այդպէս եւ հիմա, ընտրէ աղախնիդ քու սուրբ եկեղեցիին մէջ պաշտօնա­վարելու [համար] եւ տո՛ւր Սուրբ Հոգիին շնորհները, որպէսզի պահէ զինք անբիծ եւ անարատ արդարու­թեան գոր­ծերու մէջ`Քրիստոսիդ ողորմու­թեամբ […] Ամէն»[8]։

Մխիթար վրդ. Գօշ, որ նոյնպէս ԺԲ. դարու ականաւոր մատենագիր է, 1184-ին խմբա­գրած իր «Դատաստանագիրք»-ին մէջ սարկաւագուհիներու մասին կը գրէ.

«Կանանց մէջ կան ձեռնադրուած սարկաւագներ, որոնք սարկաւագուհիներ կը կոչուին, կանանց քարոզելու եւ Աւետարան ընթերցելու նպատակով, որպէսզի այնտեղ տղամարդ չմտնէ եւ ան (կինը) վանքէն դուրս չգայ: Բայց երբ քահանա­ները մկրտութիւն կ’ընեն, կու գան աւազանին մօտ, որովհետեւ կանանց անոնք կը լուան քաւութեան ջուրով` վարագոյրէն ներս… Եւ նոր կամ անարգ բան մը մի՛ համարէք այս, ո՛վ սուրբ եղբայրներ, այլ սուրբ առաքեալի աւանդութենէն կ’ու­սանինք, քանզի կ’ըսէ. «Կը յանձնարարեմ ձեզ Փիբէն` մեր քոյրը, որ եկեղեց­ւոյ սպասաւորն է»[9]:

Սարկաւագուհիներու մասին նման վկայութիւններ կը կարդանք նաեւ Սմբատ Սպարապետի՝ 1165-ին խմբագրած «Դատաստանագիրք»-ին մէջ.

«… [Սարկաւագները] կրնան Աւետարան կարդալ ու քարոզ ըսել եւ սկիհը սեն­եակէն [խորհրդա­րանէն] սեղան [խորան] բերել, եւ քշոց քշել, ու խունկ ծխել. եւ եթէ քահանան հրամայէ, կրնան նաեւ սարկաւագու­հիներ ձեռ­նադրել, որպէս­զի անոնք եւս կարենան քարոզել կանանց եւ Աւետարան կարդալ՝ այնտեղ ուր տղամարդ պիտի չմտնէ։ Եւ անոնք հաւատաւորներու սքեմ [կը կրեն], եւ կրնան երեխաներ եւ կիներ լուալ քաւութեան ջուրով. եւ [անոնք] խաչ կ’ու­նենան [իրենց] ճակատին վրայ եւ ուրար՝ [իրենց] աջ թեւին վրայ. եւ Հայ կանանց մէջ վաղուց ջնջուած է այս կարգը։ Բայց այս այն է, ինչ գրած է Առաքեալը, թէ` կը յանձնարարեմ ձեզ Փիբէն` մեր քոյրը, որ սպա­սաւորն է եկե­ղեցւոյ»[10]:

Ուշագրաւ է, որ Սմբատ Սպարապետ եկեղեցւոյ մէջ գործունէութեան շատ աւելի լայն դաշտ մը կը վերագրէ սարկաւագուհիներուն։ Փաստօրէն, անոնց առաքելութիւնը սահմանափակուած չի մնար միայն կուսանոցներու մէջ, այլ երբ կանայք ու երեխաներ ալ կրնան լուալ քաւութեան ջուրով, ենթադրել կու տայ, թէ անոնք համապատասխան պաշտօն կը կատարէին նաեւ եկեղեցւոյ հովուական միջավայրին մէջ։ Շատ աւելին՝ քա­հանային արտօնութեամբ նոյնիսկ կրնան իրենց նման սարկաւագուհիներ եւս ձեռնա­դրել, հաւանաբար կուսանոցներու համար։ Ուշադրութեան արժանի է նաեւ Սմբատ Սպարապետին հաղորդած այն վկայու­թիւնը, թէ «Հայ կանանց մէջ վաղուց ջնջած է այս կարգը»։ Սոյնը դիտել կու տայ, որ «վաղուց ջնջուելու» համար նախապէս հայոց մօտ այս կարգը, ստո՛յգ, գոյութիւն ունեցած է։

Շուրջ դար մը ետք, Սիւնեաց արքեպսկ. Ստեփանոս Օրբելեանը, որ Հայ Եկեղեց­ւոյ աւանդութեանց անխախտ եւ անվթար պահպանման ամենանախան­ձայոյզ հեղինա­կութիւններէն պէտք է համարել, 1299-ին խմբագրած իր «Պատ­մութիւն Նահանգին Սի­սական» գործին մէջ սարկաւագուհիներու մասին կը հաղորդէ.

«Իսկ կիներէն սարկաւագուհիներ կը դառնան, որպէսզի կանանց վանքե­րուն մէջ քարոզեն. Անոնց զգեստը հաւատաւորներունն է՝ հագնելով փիլոն եւ ճակատին վրայ ունենալով փոքրիկ խաչ մը, աջ կողմը ուսին վարի մասը հանդերձին կամ գօտիին վրայէն ուրար մը կախելով բեմ [խորան] կը բարձրանայ, կը քարոզէ եւ Աւետարան կ’ընթերցէ ոչ թէ ամբոխի մէջ բեմի վրայ, այլ՝ առանձնացած կամ որեւէ անկիւն մը. բայց սուրբ խորհուրդի սպա­սաւորու­թեան ամենեւին պէտք չէ մերձենայ՝ ինչպէս տղամարդ սար­կա­ւագները»[11]:

Հակառակ այն փաստին, որ Ստեփանոս Օրբելեան, Սիւնեաց մետրոպո­լիտը, յարմար չի նկատեր, որ սարկաւագուհին եկեղեցւոյ խորանէն ժողովուրդին Աւետարան կարդայ կամ քարոզէ, այնուամենայնիւ համաձայն է կանանց սարկա­ւագութեան կոչում տալու աւանդութեան պահպանման հետ, թէկուզ եթէ անոնց առաքելութիւնը ըլլայ սահ­մանափակուած կուսանոցներու մէջ եւ քարոզելու ու Աւետարան կարդալու գործառոյթ­ները ըլլան մեկուսի, իսկ Ս. Պատարագի սպա­սարկութիւնը, այր սարկաւագներու հա­մեմատութեամբ, խտրականութեան ենթա­կայ։

ԺԱ.-ԺԵ. դարերու մեր եկեղեցական գործիչները միշտ չէ, որ լայնախոհ մօտե­ցում ցուցաբերած են կանանց եկեղեցական պաշտօններ զբաղեցնելու հարցին մէջ։ Անոնց անհանդուրժողականութիւնը պայմանաւորուած եղած է այն սուր պայքարներուն հետ, երբ օտար շրջանակներէ կամ ուղղակի յու­նադաւան եւ լատինա­դաւան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ փոր­ձած են ոգի ի բռին իրենց դաւանած վար­դապետութիւնը կամ հայեցակէտերը պարտա­դրել Հայ Եկեղեցւոյ դաւանած վարդապե­տական սկզբունք­ներուն եւ աւանդութիւն­ներուն վրայ։

Սակայն ի հակադրութիւն վերոնշեալ անհանդուրժողութեան, սարկաւա­գուհի­ներու ձեռ­նադրութեան ի նպաստ բոլորովին այլ պատկեր մը կը պար­զուի աւանդուած մեր ձեռագիր Մաշտոցներուն մէջ։ Այսպէս, «Ձեռնադրութիւն սար­կաւագ կանանց, որք են սար­կաւագուհիք», «Սար­կաւագուհիք առնել», «Կարգ սար­կաւագուհեաց» եւ նման բացատրութիւններով ձեռնադրութեան կանոնները միա­նշանակ կը վկայեն, որ Հայ Եկե­ղեցւոյ մէջ սարկաւագուհիներ ձեռնա­դրելու հնաւանդ սովորութիւն մը եղած է: Մեզի հասած այս եւ նման կա­նոնները ԺԳ. եւ ԺԴ. դարերէն են: Այս փաստը կը խօսի այն մա­սին, որ «Ձեռնադրութիւն սար­կաւագ կանանց որք են սարկա­ւագուհիք» խորագրով ծանօթ կանոնը պէտք է մեր «Ձեռնադրութեան Մաշտոց»-ին մէջ ներառուած ըլլայ Թ. դարուն, «Ծիսարան Մաշտոց»-ի նոյն առաջին կազմութեան՝ Մաշ­տոց Ա. Եղիվարդեցի կաթողիկոսին (897-898 թթ.) օրով:

Եթէ սոյնը հիմք ընդունինք, ապա համոզուած պիտի ըլլանք ըսելու, որ արդէն Թ. դարուն Հայ Եկեղեցին փաստացիօրէն եզակի եւ անզուգական լայնա­խոհութիւն մը կը ցուցաբերէ կանանց եկեղեցական իշխանութիւն շնորհելու հար­ցին մէջ։ Աներեւակայելի­օ­րէն ժա­մանակահունչ կը հնչեն ձեռնադրութեան աղօթ­քին հետեւեալ խօսքերը՝

«Ի ձեռն մարմնաւոր տնտեսութեան Միածնի Քո սրբութեամբ հաւասա­րեցուցեր զա­րուն եւ զէգն, որպէս եւ հաճոյ թուեցաւ Քեզ ոչ միայն արանց, այլ եւ կանանց տալ շնորհս Հոգւոյդ Սրբոյ»։

Եւ սոյնը՝ աւելի քան տասը հարիւրամեակ առաջ, ուր ո՛չ Ֆրանսական Յեղա­փոխութեան «ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» կարգախօ­սին, նաեւ ամենեւին ոչ Ի. դարու ֆեմինիս­տական շարժումի մը կարիքը զգացուած էր։

Ըսուածին ամենապայծառ ու պերճախօս օրինակը կը հան­դիսանայ ԺԶ. դարու եկեղեցական արդիւնական գործիչ, բանաստեղծ եւ ծաղկող Գրի­գորիս կաթողիկոս Աղ­թամարցին[12] (1480–1544, որ Արճէշի վանքին մէջ 1530-ին օրի­նակուած «Ձեռնադրութեան Մաշտոց»ի աջ լուսանցքին վրայ, ուր «Ձեռնա­դրութիւն սարկաւագ կանանց, որք են սար­կա­ւագուհիք» կանոնը նոյնութեամբ կը նշուի, ծաղկած է սրբակրօն սարկաւա­գու­հիի մը նկարը[13]։ Սարկաւագուհին պատկեր­ուած է ոչ սարսափազդու «պուրքա»-յանման սեւա­թոյր ծածկոյթներով, այլ բաց դէմքով, որ ունի խաչ մը գլխու փակեղին կամ ծած­կոցին վրայ։ Պէտք է ենթադրել, որ Գրիգորիս Աղթամարցին, ստոյգ, տեսած կամ ճանչ­ցած ըլլալու է Հայաստանի տարբեր շրջաններու կամ վանքերու մէջ գործող սար­կաւագուհի­ներ, ուստի՝ առանց նախապաշարումներ ունենալու կամ հակակրութեան բար­դոյթէ մը կաշ­կանդուելու, վերոնշեալ կանոնին կից լուսաւոր դէմքով ծաղկած է հայ սարկա­ւագու­հիին մանրանկարը։ Բաց աստի, առկայ վկայութիւնը կը հեղինակաւորուի նաեւ այն հանգա­մանքով, որ Արճէշի վանքի խնկա­հոտ կիսաստուերին մէջ 1530-ին օրինակուող Մաշ­տոցը ծաղկելու ժամանակամիջոցին, Գրիգորիս Աղթամարցի 1512-էն ի վեր արդէն Աղ­թամարի Աթոռին վրայ ընտրեալ կա­թողիկոս մըն էր։ Հետեւաբար, դժուար է պատկե­րացնել, որ Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաս­տիճան սպա­սաւոր մը նման մեծա­հոգի ազատա­մտութիւն մը ցուցաբերէր, առանց համոզուած ըլլա­լու իր մայր եւ սուրբ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ սարկաւագուհիներու սրբա­զգեաց աւանդութեան գոյու­թեան։

ԿԱՆԱՆՑ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԶԱՐԹՕՆՔԸ (ԺԷ. դարուն)

Հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապալի կացութեան, երբ երկիրն ու ժողովուրդը կը հեծէին պարսկական ծանր լուծի տակ, իսկ Էջ­միածինի Կա­թողիկոսական Աթոռն ալ դարձած էր կռուախնձոր իրար դէմ մարտնչող հակաթոռ կաթողիկոսներու, այսուհանդերձ ԺԷ. դարը մեր պատմու­թեան մէջ կը ներկայանայ իբրեւ հոգեւոր-մշակութային վերազարթօնքի ժամանա­կաշրջան: Պատմութեան այս հէգ հատուածին մէջ է, որ յատկապէս Սիւնեաց աշխարհին մէջ նոր վերածաղկում կ’ապրի հայ վանականութիւնը, շնորհիւ Մովսէս Գ. Տաթեւացի կաթողիկոսի, Պօղոս Մոկացի, Կիրակոս Պոն­տացի եւ Սար­գիս Պարոնտէր վարդապետներու անձնուրաց ջանքե­րուն[14]:

Հոգեւոր-մշակութային այս ընդհանուր զարթօնքի բովին մէջ կը բարեկարգուին ոչ միայն հայ արական վանականութիւնը, այլ նաեւ Սիւնիքի շարք մը կուսանոցները: Արժէ այստեղ նշել այդ վանք-կուսանոցներէն քանի մը հատին անունները. Հալիձորի, Շեն­հերի, Նորատունի, Իլկէ­վանի, Կոթի եւ Շոռոթի կու­սանաց-անապատները։ Որքա՜ն մխի­թա­րական է հաստատել, թէ այս վանքերուն մէջ ապրած կուսանք նուիրուած եղած են ոչ միայն ներհայեցողական աղօթքի ու իրենց առօրեայ ապրուստն ապահո­վելու համար վանական ընթացիկ աշխա­տանքներու, այլ նաեւ ստեղծագործական գործունէու­թեան՝ իրենց լու­ման ներ­դնելով հայ մշակոյթի հարուստ գանձարանին մէջ։ Այսպէս, Շոռոթի կուսանաց անապատին մէջ Մարգարիտ կոյսը, նաեւ վերոնշեալ միւս վանքերուն մէջ Գոհա­րինէ, Շուշան, Գայիանէ, Կատարինէ, Վառվառա եւ ուրիշ կուսան­ներ օրինակած եւ ծաղկած են Աւետարաններ, Աղօթագիրքեր, Մաշտոցներ, Խորենաց­ւոյ, Եղիշէի եւ Ս. Գրիգոր Նարե­կացւոյ մատեանները, որոնք այսօր կը պահպանուին հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր մատենադարաններուն մէջ՝ առթելով մեզի անմնացորդ հպարտու­թիւն մը։ Առկայ նիւթին առնչութեամբ աւելի հե­տաքրքրական կը թուի ըլլալ ՄՄ Մա­տենադարանի թիւ 39 «ժո­ղովածոյ» ձեռագիրի յիշատակարանը, ուր գրչուհին իր անուան դիմաց կապգրով կը յիշէ նաեւ իր տիտղոսը՝ «Ուստիանէ ՍԱՐԿԱՒԱԳ»[15]:

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱՆՈՑՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ

Յիշարժան կուսանոց-վանքեր գոյութիւն ու­նեցած են նաեւ Հայաստանի սահ­ման­ներէն դուրս, ինչպէս 1623 թուականին հիմնադրուած Նոր Ջու­ղայի Ս. Կատարինէ վանքը, Թիֆլիսի մէջ 1724-27 թուա­կաններուն՝ Ս. Ստեփանոս կուսա­նաց անապատը եւ Կ. Պոլսոյ մէջ 1866-ին Սրբուհի Նշան-Գալֆայեանի հաստատած «Գալֆայեան ազգային որբա­նոց երից ամաց ընծայման սբ. Կուսին» միաբանու­թիւնը։ Նշուած այս երեք կու­սանաց անապատները կամ վանքերը ունեցած են իրենց եկեղեցական հո­գեւոր կազմակերպու­թիւնը, իսկ կոյսերը ստացած են մինչեւ աւագ սարկաւագութեան աստի­ճան։ Հետա­քրքրական է այստեղ յիշատակել անունները այն բարձրաստի­ճան եւ երանաշնորհ եկե­ղեցականներէն ոմանց, որոնք եկեղե­ցական հանդի­սաւոր արարո­ղութեամբ սարկաւագական ձեռնադրու­թեան նուիրա­պետական կոչում  շնորհած են այս վան­քերու կուսան­ներուն. Թադէոս արքեպսկ. Պէկնազարեան՝ առաջնորդ Նոր Ջուղայի, Ստեփա­նոս արքեպսկ. Աղաւնի՝ երկիցս պատրիարք Կ. Պոլսոյ, Մեսրոպ արքեպսկ. Նարոյեան եւ Շնորհք ար­քեպսկ. Գա­լուստ­եան՝ երկուքն ալ ականաւոր պատրիարքներ Կ. Պոլսոյ։

1980-ական թուականներուն երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կի­լիկիոյ կաթողիկոսի օրհնութեամբ Գայիանեանց քոյրերու միաբա­նութիւն մը ստեղծուե­ցաւ Պէյրութի Ժիպէյլ-Պիպլոս կոչուած քաղաքի հանրա­ծանօթ «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան կից։ Վեհափառին ցանկութիւնն էր, որ միա­բանութեան՝ նորանոր ան­դամուհիներով աճելու պարագային, կոչումնաւոր եւ ուսմամբ պատ­րաստուած քոյրերու արտօնութիւն պիտի շնորհէ սարկաւագուհիներ ձեռնադրուե­լու։ Դժբախտաբար, ազ­գային-եկեղեցական շարք մը փոփոխութիւններու եւ այլ շար­ժառիթներու պատճառով, եւ հակառակ գործադրուած գնահատելի ջանքերու, սոյն նա­խաձեռնութիւնը լուրջ յա­ջողութիւն չունեցաւ։ Այնուհետեւ նման ծրագիր մըն ալ Ս. Հռիփսիմէ, ապա Ս. Գայ­իանէ, իսկ ներկայիս Հայաստանի Հանրա­պետութեան Արագածոտնի մարզին մէջ Ղազարաւանի մենաստան-վանք անունով, ուր վեց կուսաններէ կազմուած խումբ մը միանձ­նուհիներ կ’ապրին, որոնցմէ, ներկայ վիճակով, տակաւին ոչ ոք եկեղեցական մասնաւոր աստիճան մը ունի։ 20 Սեպտեմբեր 2022-ին այդ միանձնուհիներէն քոյր Եղիսաբէթին Արա­գածոտնի թեմի առաջնորդը քօղ կրելու եւ մենաստանի մայր կոչուելու իրա­ւունք շնորհեց, բայց սոյնը տակաւին նուիրապետական աստիճան մը չէ, որուն հե­տամուտ է այս յօդուածը։

Հայ Եկեղեցւոյ վերջին սարկաւագուհին, Կ. Պոլսոյ Գալֆայեան միաբանութեան քոյրերէն՝ ողբ. Հռիփսիմէ Սասունեանն էր, որ իր մահկա­նացուն կնքեց 2007 թուականին։ Երբ այնպէս կը թուէր, թէ Հայ Եկեղեցւոյ սարկաւագուհիներու աւանդութեան ոսկի թելը քոյր Հռիփսիմէ սար­կաւագուհի Սասուն­եանին մահով ընդմիշտ ընդհատած է, նախախնա­մական բարեբախտու­թիւն մը պատահեցաւ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կա­թողիկոսու­թեան Թեհրանի թեմին մէջ 25 Դեկ­տեմբեր 2017-ին, ձեռամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սեպուհ արքեպսկ. Սար­գիսեանի նոր սարկաւա­գուհիի մը ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։ Նորընծան Անի-Քրիստի սարկա­ւագուհի Մանուէլ­եանն էր, որ կը ձեռնադրուէր ոչ թէ մայրապետանոցի մը փակ միջավայրին, այլ թեմի հովուական ծառայութիւն­ներուն բե­րելու համար իր նպաստը։ Առա­ջադրանքը, ուրեմն, չէր սահմանա­փակուէր վանական միջավայրի մը համար, այլ կը ծրագրուէր հովուական ծառայութիւն մը՝ ժողովուրդին մէջ եւ ժողովուրդին համար։ Անի-Քրիստի սար­կաւագուհիէն բացի Պոլսոյ մէջ նաեւ կը գոր­ծէ քոյր Գայիանէ Տուլքա­տիրեանը, որ պատարագի արարողութիւններուն կը սպասար­կէ Ս. Խորանին, սակայն կիսա­սարկաւագի եւ ոչ թէ սարկաւագուհիի մը նուիրապե­տական պաշտօնով։

Ելոյթիս սկիզբը նշեցի, որ վաղ շրջանի քրիստոնէական համայնքներուն մէջ կա­նայք քրիստոնէութեան աշխարհաքարոզ կրօն մը դառնալու առաքելութեան մէջ կա­րեւոր դերակատարութիւն ունեցած են։ Քրիստոնէութիւնը Հռոմէական Կայսրութեան մէջ պետական կրօնք հռչակուելէ եւ եկեղեցին ալ պետական կա­ռոյցի մը դրուածքը իւրացնելէ ետք, կանայք միջնադարուն հետզհետէ դուրս կը մղուին անկէ։ Եկեղեցին շուտով կ’ամրագրէ այր մարդոց վրայ հիմնուած նուիրա­պետական կառոյց մը, որուն մէջ կինը այնուհետեւ ընդհանրապէս տեղ չունէր։ Սոյն զարգացումը, բնակա­նաբար, պիտի արդարացուէր նաեւ աստուածաբանա­կան այլազան մեկնաբանութիւն­ներով, թէ Յիսուս բացառապէս այր մարդոցմէ ընտրեց իր առաքեալները, թէ արարչագոր­ծութենէ ետք մեղքը կնոջ պատճառով է, որ աշխարհ մտաւ, թէ առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ եւ յետոյ կինը, կինը Ադամին կողէն պատրաստուեցաւ, հետեւաբար ան չի կրնար աշ­խարհի վրայ ներկա­յացնել Աստուծոյ ամբողջական պատկերը, մինչդեռ Ադամ ամբողջ տիեզերքի մէջ աստ­ուածային արարչագործութեան միակ թագն ու պսակը եւ կատար­եալ արտայայ­տու­թիւնն է զինք արարող Արարչին՝ ճշմարիտ պատկերն ու նմանու­թիւնը Անոր։ Կնոջ ամսարեան հոսումը հետեւանք է մեղքի եւ ապականութեան, ուստի ան ան­մաքուր կը նկատուի, որուն համար ալ անոր ուղղակի կ’արգիլուի որեւէ նուիրա­պետական աս­տիճան եւ Սուրբ Խորան բարձրանալու իրաւունք։

Վերոգրեալ փաստարկները վաղուց կորսնցուցած են իրենց վաւերականու­թիւնը։

Կանանց հոգեւոր պաշտօն ստանձ­նելու պահանջքին հակառակ չկան աստ­ուա­ծա­բանական լուրջ փաստեր, նաեւ այս ուղղու­թեամբ գոյութիւն չունին կրօնագի­տական ծանրակշիռ առարկութիւններ։ Նկատի ունե­նալով առաջին դարերու եկե­ղեցիին մէջ կա­նանց զբա­ղեցուցած առա­ջա­տար դիրքերը, նաեւ այսօր տնտեսութեան, գիտութեան, մշա­կոյթի, քաղաքա­կանու­թեան, պետութեան եւ հասարակութեան մէջ անոնց իրաւա­ցիօրէն բա­րեփոխուած վի­ճակը, ուղղակի անիմաստ եւ եկեղեցիին համար վնասակար է մնալ ան­զիջող եւ կանանց հանդէպ անբարենպաստ, չըսելու համար՝ թշնամական պատ­նէշ­ներու վրայ։

Քրիստոնէական լայնախոհութեան եւ սեռերու իրաւահաւասարութեան ըն­կա­լումով, ի տարբերութիւն առաքելահաստատ հզօր եկեղեցիներու, Հայ Եկեղեցին իր ծոցին մէջ կրցած է պահել կանանց գոնէ սարկաւագութեան աւանդոյթը, ընձեռելով հնարաւորութիւն, որպէսզի նաեւ կանայք սպասարկեն Սուրբ Խորանին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իրականաց­նեն քրիստոնէական ծառայութեան տարբեր տուչութիւններ։ Եղո՜ւկ, հազարապատիկ ափսոս պիտի ըլլայ, եթէ երբեք մօտ ապագային Հայ Եկեղեցիին մէջ վերջ գտնէ մեր պաշտամանց հոգեւոր անդաս­տանին վրայ կենսախինդ ցօղ բերող կանանց սարկաւագութեան աւանդութիւնը։ Փաստօրէն, բարեկրօն Անի-Քրիստի սարկաւագուհի Մանուէլեանը, որուն վերը ակնարկեցի, այսօրուայ վիճակով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վեր­ջին «մոհիկանուհի»-ն եւ միակ սարկաւագուհին է։ Ապա­գան անորոշ է, իսկ այս առնչու­թեամբ մեր եկեղեցւոյ կորդացած դաշտը կարօտի  է ջրարբի եւ ոռոգանող անձրեւին։

Այստեղ հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ համար մեր իրակա­նութեան մէջ այսօր կը պակսին այն անհրաժեշտ բաղադրիչները մեր եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին մէջ շա­րունակա­բար ունենալու սարկաւագուհիներու բաւարար թիւ մը։ Այս ուղ­ղութեամբ կա­րելի է շատ պատճառներ թուարկել, բայց պիտի սահմա­նափակուիմ նշելով անոնցմէ միայն քանի մը հատը.

ա. Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը պէտք չէ կեդրոնացած մնայ միայն այր մար­դոց, ան ալ բացառապէս կուսակրօն եկեղեցականներուն ձեռքը։

բ. Մեր ժողովուրդի որոշ շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ իշխանատենչ եկեղե­ցականներու մտայնութեան մէջ պէտք է փոխուին խունացած կարծրատիպերը՝ գնահա­տելով կինը որպէս տկար եւ իր ամսարեան հոսումին պատճառով անմաքուր արա­րած մը։

գ. Վերջ պէտք է տրուի դիտարկելու կինը իբրեւ սեռային գոհացումի կամ լոկ որ­դե­ծնութեան առարկայ մը։ Մարդկային սեռականութիւնը սխալ է առնչել սկզբ­նական կամ ժառանգական մեղքին հետ։ Սեռականութիւնը մարդկային կեանքի եւ անհատա­կանութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է, որ Աստուած պարգեւած է այր եւ կնոջ հաւասարապէս։ Երկուքն ալ օժտուած են մտային, բարոյական եւ հոգեւոր նոյն ունակութիւններով եւ աշխարհի վրայ ունին նոյն պարտաւորութիւններն ու առաքելու­թիւնները։

դ. Սարկաւագութեան պաշտօնը պէտք է տրամադրելի ըլլայ թէ՛ կոչում­նաւոր այր մարդոց եւ թէ՛ կանանց հաւասարապէս։ Սարկաւագ ձեռնադրուելու պայմանը պէտք է հիմնուած ըլլայ նորընծային հոգեւոր կոչումին եւ ուսումնական պատրաստուածութեան եւ ոչ թէ սեռային տարբերութեան վրայ։

ե․ Սարկաւագուհիներու ծառայութիւնը պէտք չէ սահմանափակուած ըլլայ բա­ցառապէս կուսանաց-անապատներու կամ մայրապետանոցներու մէջ։ Անոնց ծառայա­կան առաքելութիւնը պէտք է հաւասարարժէք նկատուի այր սարկաւագ­ներուն հետ եւ օժտուած ըլլայ միեւնոյն լիազօրութիւններով եւ պարտաւորու­թիւններով։

զ․ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն ատեաններէն սկսեալ, ապա թեմերէ եւ հովւութիւն­ներէ ներս պէտք է քաջալերուի եւ զարկ տրուի կանանց հոգեւոր-եկեղեցական ծառայու­թեան՝ կոչումնաւոր եւ համապատասխան պատրաստուա­ծութիւն ունեցող օրիորդ­ներու կամ կին թեկնածուներու շնորհելով դպրութեան չորս աստիճանները, կիսասար­կաւագութեան, ապա սարկաւագութեան եւ աւագ սարկաւագութեան պաշտօնները։

է․ Որպէսզի յաջողի եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր անդաստանին մէջ ծլարձակի ու բա­րեբեր պտուղ տայ այս ծրագիրը, սարկաւագութեան կոչումը պէտք է անպայ­ման դարձ­նել ժամանակահունչ։ Այսինքն՝ կուսակրօնութիւնը պէտք չէ ըլլայ պարտադիր կանոն մը կանայք  սարկաւագ ձեռնադրելու համար։ Այնպէս ինչպէս այր սարկաւագ­ներու պարա­գան է, որոշիչ պէտք է ըլլայ անձին ազատութեան սկզբունքը համաձայն անհատի նախա­սիրութեան եւ կոչումին, թէ տուեալ անձը վանական կուսակրօ՞ն, թէ՞ ամուսնացեալ հովուական ծառայութեան ասպարէզի մը մէջ կ’ուզէ ընդգրկուիլ։

Մեր եկեղեցւոյ գերազանցապէս արական վերնախաւը պէտք է ընկալէ ժամա­նակի ոգին եւ դրակա­նապէս դիմագրաւէ անոր մար­տահրաւէրները։ Եկե­ղեցին իր ըն­դերքէն, այսինքն՝ իր հա­ւատացեալներու հոծ ներկա­յութենէն եւ գործօն մասնակ­ցութենէն կ’ապրի եւ ոչ թէ լոկ այր մարդոցմէ կազմուած վերնա­խաւի մը հրահանգներէն։

Հայ հաւատաւոր կինը պէտք չէ սահմանափակուած մնայ թեմական եւ ծխական «տիկնանց միու­թիւն»-ներու շրջանակին մէջ՝ եկեղեցիին եկամտաբեր աղբիւր հայթայ­թե­լու համար տօնավաճառներ, սիրոյ սեղաններ կազմակերպելու, միայն եփել-թափելու, համադամ ուտեստներ պատրաստելու, նաեւ կարկտան­ներով զբաղելու ծառայութիւն­ներուն մէջ։ Ասոնց զուգահեռ հարկ է, որ ան միա­ժամանակ ներգրաւուի եկե­ղեցւոյ ծի­սական եւ առաքելական գործունէութեան բնագաւառէն ներս՝ իրեն շնորհուած հո­գեւոր տուչու­թեամբ ու վսեմ կոչումով, որոնցմէ առնուազն մէկը սարկաւագութիւնն է։

Արդարեւ, առ Քրիստոս հայ կնոջ անսասան հաւատքը եւ եկեղեցիին մէջ անոր անգնահա­տելի ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ակունքներէն մինչեւ արդի ժամա­նակ­ները վկայուած են գերազանց օրինակներով:

Բնականաբար, եկեղեցւոյ պատմութեան ողջ ընթացքին կնոջ ծառայական առա­քելու­թիւնը խոչընդոտող կարծրատիպերու պակաս չէ եղած, բայց հաւատքը, Աստուծոյ խօս­­քին ու ներկայութեան մօտենալու եւ մօտեցնելու փափաքը հայ կանանց պայքա­րող ոգի ներշնչած է, անշուշտ նաեւ կարծրատիպեր կոտրած, յա­ճախ ինքնաբերաբար ճանա­պարհ հարթած` եկեղեցիին մէջ զանոնք որոշակի տեղի եւ դերի արժանացնելով:

Ակներեւ է սակայն, որ այս հարցերը չեն կրնար արհեստականօրէն լուծում ստա­նալ: Որեւէ երեւոյթ, հասարակութեան մէջ որեւէ շարժում չի կրնար իրա­կանանալ, եթէ զգալի չդառնայ համապատասխան պահանջը։ Այս սրբազա՛ն պա­հանջը, պիտի ըսէի, պէտք է գերազանցապէս կանանց շրջանակներէն յառաջանայ եւ բարձրանայ մինչեւ եկեղեցա­կան վերին իշխանութիւնը, բառիս բուն եւ իսկական առումով՝ իր պարտա­ւո­րեցնող հանգամանքի ամբողջ տարողութեամբ։ Այլապէս զուր կը դառնան այս հար­ցե­րուն առնչուող բանավէճերը, յօդուած­ներն ու պատմագիտական եւ եկեղեցաբանական բոլոր աշխատութիւնները:

Յաւարտ բանիս հարկ կա՞յ նորէն յիշեցնելու ԺԲ. դարուն ապրած եւ հայոց եկեղե­ցա­կան իրաւունքի կոթողային յուշարձանը կերտած «Դատաստանագիրք»-ի վաստա­կա­շատ հեղինակ Մխիթար վրդ. Գօշի մեզի աւանդած այն պատգամը, որ կը թելադրէ․ «Նոր կամ անարգ բան մը մի՛ համարէք [սարկաւագուհիներու] այս [կարգը], ո՛վ սուրբ եղ­բայրներ, այլ սուրբ առաքեալի աւանդութենէն կ’ուսանինք, քանզի կ’ըսէ. ‛Կը յանձնա­րարեմ ձեզ Փիբէն` մեր քոյրը, որ եկեղեց­ւոյ սպասաւորն [սարկաւագուհին] է’»:

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Ժընեւ, 24 Մարտ 2023

 

[1] Նիւթին վերաբերեալ տե՛ս հետեւեալ հրատարակութիւնները. Մանուկեան Ա., «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները», Պէյրութ, 2022 (արեւմտահայերէն) եւ նոյնին արեւելահայերէնի վերածումը, Երեւան, 2023։

[2] Բարսեղ վրդ. Մաշկեւորցի, «Մեկնութիւն սրբոյ Աւետարանին, որ ըստ Մարկոսի` արարեալ երա­նելւոյն Բարսղի շնորհալի վարդապետի Ճոն կոչեցելոյ` ըստ մակադրական անուանն, լուսաւոր մտօք եւ իմաստալի յորդորակօք, հատոր երկրորդ, ի Կոստանդինուպօլիս», 1826, էջ 427:

[3] Հմմտ. Մելիք-Թանգեան Ներսէս վրդ., «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը», Ս. Էջմիածին, 2011, էջ 665:

[4] Տե̒ս «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի», Բ., Գ. Աւետիքեան, Խ. Սիւրմէլեան, Մ. Աւգերեան, Վենետիկ, 1837, էջ 701:

[5] Տե̒ս Մալխասեան Ստ., «Հայերէն բացատրական բառարան», IV, Պէյրութ, 1956 էջ 193:

[6] Հմմտ. Ձեռ. թիւ 457, թղ. 126բ: Տե̒ս «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց ի Վենետիկ», Հ. Բարսեղ Սար­գիսեան/ Հ. Գրիգոր Սարգիսեան, Գ., Վենետիկ, 1966, էջ 27-33:

[7] Հմմտ. Ներսէս Լամբրոնացի, «Խորհրդածութիւնք ի Կարգս եկեղեցւոյ եւ Մեկնութիւն Խորհրդոց Պատարագին», Վենետիկ, 1847, էջ 53:

[8] Հմմտ. ՄՄ Մատենադարան, թ. 2787, թղ. 168աբ, գրիչ` Ներսէս, ստացող` Կոստանդին եպս. Պե­հեսն­ացի:

[9] Հմմտ. Մխիթար Գոշ, «Գիրք Դատաստանի», աշխ. Խոսրով Թորոսյան, Երևան, 1975, էջ 136-137: Նաեւ` Բաստամեանց Վահան վրդ., «Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրք Հայոց», նոյն տեղը, էջ 257-258: Հ. Վարդան Հացունի, «Հայուհին պատմութեան առջեւ», Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1936, էջ 152-153:

[10] Հմմտ. «Դատաստանագիրք Սմբատ Իշխանի (Գունդստաբլի)», ձեռագրերի համեմատութեամբ լոյս ընծայեց Արսէն վարդապետ Ղլտճեան, Ս. Էջմիածին, 1918, էջ 40. նաեւ` Սմբատ Սպարապետ, «Դա­տաստանագիրք»., աշխ. Ա. Գալստյան, Երևան, 1958, էջ 66-67: Նաեւ` Հ. Վարդան Հացունի, «Հայուհին պատմութեան առջեւ», նոյն տեղը, էջ 153:

[11] Հմմտ. «Ստեփաննոսի Սիւնեաց Եպիսկոպոսի` Պատմութիւն Տանն Սիսական», հրտ. Մկրտիչ Էմին, Մոսկուա, 1861, էջ 80: Նաև` Հ. Վարդան Հացունի, «Հայուհին պատմութեան առջեւ», նոյն տեղը, էջ 153:

[12] Տե՛ս Ակինեան Հ. Ներսէս վրդ., «Գրիգորիս Ա. կաթողիկոս Աղթամարցի, Կեանքն եւ քերթուածները», Ազգ. Մատենադարան, թիւ ՃՁ., Վիեննա, 1958:

[13] Տե՛ս ՄՄ Մատենադարան, թիւ 962, թղ. 62ա:

[14] Տե՛ս «Պատմութիւն Առաքել վարդապետի Դաւրիժեցւոյ», Վաղարշապատ, 1896, էջ 249-314: Օր­մանեան Մ., «Ազգապատում», Բ, Կ. Պոլիս, 1914, էջ 2318-2320, 2335-2339, 2342-2350, 2362-2366, 2385-2389, 2399-2422: Ակինեան Ն., «Մովսէս Գ. Կաթողիկոս Տաթեւացի եւ իւր ժամանակը: Նպաստ մը Հայոց եկեղեցական պատմութեան», Վիեննա, 1936 (Ազգ. Մատ. թիւ 139):

[15] Տե̒ս ՄՄ Մատենադարան, թիւ 39, թղ. 32բ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.