Հայ Դատի յանձնախումբերը մի՛շտ պատնէշի վրայ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի առաքելութեան հիմնական նպատակներէն է Արցախի հիմնահարցի լիարժէք լուծումը, որպես Հայ Դատի բաղկացուցիչ մաս։ Յունուար 25-ին, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը երկու առանձին նիստ գումարեց ու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման առնչութեամբ վկայութիւններու ու լսումներու առիթ ստեղծեց։

Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ միաձայնութեամբ նախաձեռնուած այս իրադարձութիւնը պատմական անկիւնադարձային ձեռքբերում էր, որովհետեւ Գանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան ներկայացնելով Արցախի ու արցախահայութեան այսօրուան իրավիճակը, միաժամանակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ձեւակերպումը տեղ գտաւ յանձնաժողովի բանաձեւին մէջ, որը Արցախի անկախութեան ճանաչման գործընթացին գծով կարեւոր իրագործում է՝ նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի յանձնաժողով մը նման բառակապակցութեամբ բանաձեւ որդեգրեց:

Պատերազմէն ետք Հայաստան կանգնած է ազգային անվտանգութեան բազմաբեւեռ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման։ Հայրենիքի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան կը սպառնայ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ 2020  թուականին Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած թուրք-ատրպէյճանական պատերազմը իրողութեան մէջ փանթրքական երկարաժամկէտ ծրագրի իրագործման մէկ օղակն էր եւ կը թիրախաւորէր ոչ միայն Արցախը, այլեւ Սիւնիքը, ի մասնաւորի Մեղրին: ՀՀ գործող իշխանութիւններու Արցախի գծով զիջումներու գահավէժ ընթացքով՝ կը վտանգուի նաեւ Սիւնիքը, որուն համար հաշուեյարդարի քարոզչական նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են Պաքուի կողմէ, որ համակարգային ձեւով կեանքի կոչած է «Արեւմտեան Զանգեզուր»ի քարոզչական իր թեզն ու նորաթուխ կեղծ քարտէսները։

Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, Հայկական կողմի նպատակային գերխնդիրը այսօր կը կայանայ միասնական ուժերով կանգնելու պատնէշներուն վրայ։ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան վերընձիւղումն ու անոր ամրապնդումը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, երբ Արցախն ու արցախահայութիւնը կը գտնուին գոյապահպանման խնդրին դէմ յանդիման եւ հայութեան տարբեր հատուածներու միջեւ փոխըմբռնման, համախմբուածութեան եւ միասնութեան մթնոլորտի ապահովումը՝ յաւելեալ թափով կրնայ նպաստել Արցախի անկախութեան ճանաչման գծով Հայ Դատի աշխատանքներուն։

Արցախի շրջափակման հեռակայ նպատակը՝ Արցախի հայաթափման հանգրուանային գործընթացն է եւ այս մէկը կանխելու համար Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիայէն մինչեւ Միացեալ նահանգներ եւ Գանատա, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար պայքարող Հայ Դատի յանձախումբերը համընդհանուր զօրաշարժի մէջ են։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օթթաուայի իր գրասենեակի եւ տարբեր քաղաքաքներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած իր յանձնախումբերուն հետ միասին միշտ հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու գծով Արցախի պետական շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր եւ այս մէկը կատարած է հակառակ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ լոպպիստական աշխատանքներու գծով իր դէմ ծառացած անյաղթահարելի բարդութիւններու։

Որպէս սփիւռքահայ քաղաքական ու դիւանագիտական ներուժը համախմբող կառոյց՝ աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերու տասնամեակներու վրայ երկարող պատմական առաքելութիւնը ինքնին փաստ է, որ հայ ժողովուրդի համազգային ու քաղաքական տեսլականներուն համար մաքառումի ճանապարհին յաղթանակներ կարելի է իրագործել կազմակուռ ու միասնական մեր շարքերով։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.