Հայ Դատի յաձնախումբը Կը Շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդումը Ընդարձակելու Ջանքերը
- (0)

Նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, 3 Դեկտեմբերին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ընդարձակելու նպատակով մշակուած՝ Ներկայացուցիչներու տան թիւ 2528 բանաձեւին վաւերացումը քաջալերելու միտող հաւաք մը։
Բանաձեւը կը խոստանայ հինգ տարիներու ընթացքին, 10 միլիոն տոլար յատկացնել Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու ջանքերուն:
«Ցեղասպանութեան Կանխարգիլում՝ Կրթութեան Միջոցով» խորագրուած հաւաքին ընթացքին, Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի (GenEd) ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին արդէն իսկ Միացեալ նահանգներու 34 նահանգներուն մէջ իրականացուց դասաւանդումներուն եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին եւ շեշտեցին դաշնակցային կառավարութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը, ծրագիրին ջանքերը ընդարձակելու աշխատանքին մէջ։
Ներկայացումը ուղղակի սփռուեցաւ Հայ Դատի եւ Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի ընկերային ցանցերէն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական հարցերու վարիչ Ալեքս Կալիցքի յայտնեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ ցեղասպանութեան դասաւանդումին ընդարձակումը որքան կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կասեցնելու նպատակին համար։
Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի համահիմնադիր եւ գործադիր վարիչ Ռաքսեն Մաքասճեան ներկայացուց մանրամասնութիւններ ծրագիրին 25 տարիներու աշխատանքներուն մասին՝ յիշեցնելով, որ ուսուցիչներուն անվճար դասաւանդումի նիւթեր եւ այլ միջոցներ կը տրամադրուին Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ճշգրիտ կերպով իրականացնելու նպատակով, սակայն, ան ընդունեց, թէ ծրագիրը միայն փոքր համեմատութեան ուսուցիչներու հասնելու կարելիութիւնը ունի նիւթական սահմանափակումներու պատճառով:
Իրենց կարգին, Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Քերի Ֆլին եւ Վըրճինիայէն ուսուցչուհի Ալեքս Ռիտըլ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց փորձառութիւններէն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն:
Նշենք, որ թիւ 2528 բանաձեւը ներկայացուած է քոնկրեսականներ Տինա Թայթըսի, Կաս Պիլիրաքիսի, Թետ Լիուի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի ջանքերուն. անիկա ներկայիս ունի 63 համահովանաւորներ։
Ձեր շրջանի քոնկրեսականը այս բանաձեւին նեցուկ կանգնելու մղելու համար այցելել anca.org/education կայքէջը, իսկ ներկայացումը դիտելու համար՝ կայքէջը։