Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդն ու Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցան դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի հետ
Յուլիս 22-ին, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ԳՀԴՅ) ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ԳՀԴՅ-ի համանախագահներ Շահէն Միրաքեան եւ Հրակ Տարագճեան եւ ԳՀԴՅ-ի Օթթաուայի գրասեանեակի գործավար Սեւակ Պելեան հեռակապով հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ողջունեց Սթեֆան Տիոնի նշանակումը որպէս կարևոր քայլ Հայաստանի մէջ Գանատայի հետագայ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան ծիրէն ներս` նշելով Երևանի դիմագրաւած այժմեան խնդիրները և այն առանցքային դերը, որը Գանատան պետք է ունենայ հայ ժողովուրդին օգնելու առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործընթացին մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ դեսպանորդ Տիոնի առաքելութիւնը հիմնականօրէն ուղղուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ԳՀԴՅ-ի պատուիրակութիւնը շեշտեց Հայաստանի անվտանգութեան տարբեր մարտահրաւէրներու լուծման առաջնահերթութիւնը, յատկապէս Հայաստանի հանդէպ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի վարչակարգերու թշնամական տրամադրութիւններու լոյսին տակ, որոնք այսօրուան դրութեամբ կը հանդիսանան ամենամեծ խոչընդոտները երկրի ներքին կայունութեան և լիակատար ժողովրդավարութեան հասնելու ճանապարհին: Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ առանց Երևանին օգնելու լուծել իր ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրները՝ գործնականօրէն անկարելի պիտի ըլլայ դրական փոփոխութիւններ իրականացնել Հայաստանի կառավարման գործընթացին ու կառավարման եղանակին մէջ:
Պատուիրակութիւնը ողջունեց Գանատայի յանձնառութիւնը ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացի դրական զարգացման, յատկապէս հաշուի առնելով ՀՀ իշխանութիւններու ինքնակալական ձգտումներու, քաղաքական ընդդիմութեան հետ վատառողջ յարաբերութիւններու եւ վերջին ընտրարշաւի ընթացքին բացասական հռետորաբանութեան առկայութիւնը, միաժամանակ, ԳՀԴՅ-ի պատուիրակութիւնը շեշտեց անկախ ու պաշտպանուած դատական համակարգ և քաղաքացիական ծառայութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման աւարտին, ԳՀԴՅ-ի ներկայացուցիչները պարոն Տիոնին ներկայացուցին առաջարկներու նախնական ցուցակ և պայմանաւորուեցան շարունակել կառուցողական համագործակցութիւնը: