«Հայ Դատի գծով մեր աշխատանքներու առաջնահերթութիւնը այսօր կը հանդիսանայ Արցախը». Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի հետ
Հ.- Գանատայի Հայ Դատի երկար տարիներու աշխատանքներուն շնորհիւ, 2023 թուականի Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպանատան։ Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք գանատահայութեան համար այս պատմական իրագործումը։
Խ.Տ.- Այս իրագործումը մեզի համար անակնկալ չէր. գանատահայ գաղութն ու Հայ դատի յանձնախումբը տարիներով այս հարցը արծարծած են պետական զանազան մակարդակներու վրայ, եւ ինչպէս որ 2004-ին յաջողեցանք Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւ անցընել Գանատայի Խորհրդարանին մէջ, այդպէս ալ յաջողեցանք Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան բացումը իրագործել: Օթթաուայի մէջ մեր հիմնած Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքները ճիշդ է, որ ժամանակի կը կարօտին, եւ անոնց արդիւնքները շատ յաճախ վայրկենապէս շօշափելի չեն ըլլար, բայց եւ այնպէս անոնց արգասիքը կը վայելենք հետզհետէ: Այս մէկը մեր գաղութին եւ մեր հայրենիքին համար մեծ իրագործում մըն է եւ առիթ պիտի ընծայէ աւելի սերտ կապեր ստեղծելու Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ, ինչպէս նաեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման զարկ տալու, յատկապէս այս դժուար օրերուն, երբ Արցախի մեր ժողովուրդը բռնագաղթի ենթարկուած է, եւ մեր հայրենիքը տարածաշրջանին մէջ լուրջ սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ: Հետեւաբար յոյսով ենք, որ դեսպանատան գոյութիւնը Հայաստանի մէջ մեծապէս պիտի սատարէ մեր հայրենիքին՝ տնտեսապէս, քաղաքական գետնի վրայ, ինչու չէ նաեւ այլ մարզերու մէջ:
Հ.- 2023 թուականը ծանր հարուածներու տարի էր։ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումը Սեպտեմբերին յանգեցաւ ողջ արցախահայութեան բռնագաղթին։ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցն ու կուսակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւններն ու միութիւնները արցախահայութեան աջակցութեան համար ի՞նչ ծրագիրներ մշակած են։
Խ.Տ.- Դժուար եւ ծանր տարի մը անցուցինք: Ատրպէյճանը ոչ մէկ լծակ խնայեց եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցաբար շատ մեծ հարուած հասցուց արցախահայութեան: Գանատայի մէջ մեր կառոյցները մի քանի ուղղութիւններով աշխատանք կը տանին: Առաջին հերթին ՀՕՄ-ի միջոցաւ յառաջացուցած ենք յանձնախումբ մը, ուր իւրաքանչիւր կառոյց ներկայացուցիչ ունի: Անոնք դրամահաւաքներ կը կազմակերպեն տարբեր ձեւերով, որ բռնի տեղահանուած ժողովուրդին կարիքներուն հասնինք, ըլլան անոնք սննդամթերք, անմիջական կարիքներ, դեղորայք, բնակարան եւ այլն, որպէսզի այդ ժողովուրդը Հայաստան մնայ եւ հնարաւորութիւն ունենայ իր կեանքը շարունակելու: Երկրորդը քաղաքական դաշտին մէջ Հայ Դատի աշխատանքներն են, ուր հսկայական գործ ունինք տանելիք, որպէսզի Գանատայի կառավարութիւնը աւելի մեծ ներդրում եւ օժանդակութիւն տրամադրէ Հայաստանի միջոցաւ հասնելու արցախահայութեան կարիքներուն: Հարկ է նշել նաեւ, որ աշխատանք կը տարուի քաղաքական գետնի վրայ, որպէսզի Գանատայի կառավարութիւնը ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի իշխանութեան հանդէպ, եւ որպէսզի արցախցի մեր ժողովուրդը վերատիրանայ իր իրաւունքներուն եւ անվտանգ ու խաղաղ կերպով վերադառանայ իր պապենական հողերուն: Այս երկու ուղղութիւններով կ՚ընթանան մեր աշխատանքները առայժմ: Մէկ խօսքով, Հայ Դատի գծով մեր աշխատանքներու առաջնահերթութիւնը այսօր կը հանդիսանայ Արցախը։
Հ.- ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի հիմնասիւներն են իր երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական շարքերը։ Այսօրուան դրութեամբ ի՞նչ է վերոնշեալ միութիւններու վիճակը եւ ի՞նչ են յառաջիկայ ծրագիրները։
Խ.Տ.- Մեր երիտասարդութեան ներգրաւումն ու ներդրումը ազգային եւ գաղութային կեանքէն ներս չափազանց էական են եւ մեր ծրագիրներուն մէջ աւելի մեծ տեղ պէտք է գրաւեն: Երիտասարդականի, Պատանեկանի եւ Ուսանողական միութեան մեր անդամները արդէն գնահատելի աշխատանք կը տանին, անոնք անցնող տարիներուն եւ յատկապէս անցնող ամիսներուն երբեք ձեռնածալ չմնացին, այլ միշտ պատնէշի վրայ էին՝ ցոյցեր կազմակերպելով ու քարոզչական աշխատանք տանելով բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին ամէնուրեք, յատկապէս Արցախի հարցով: Ուսանողականը նոյնպէս մեծ դաշտ ունի ուսանողական ու մտաւորական միջավայրին մէջ քաղաքական ու քարոզչական աշխատանք տանելու. անոնք հնարաւորութիւն ունին կապեր ստեղծելով այդ շրջանակներուն մէջ՝ իրազեկելու շուրջինները մեր դատին ու Արցախի հարցին:
Նշեմ, որ այսօր մեր երիտասարդութիւնը տարբեր հոսանքներէ ալ կ՚ազդուի: Ընկերային ցանցերն ու օտար կազմակերպութիւններ շատ յաճախ իրենց ժխտական ու մոլորեցուցիչ ազդեցութիւնը կ’ունենան մեր երիտասարդութեան վրայ, յատկապէս իրենց ազգային դաստիարակութիւնը խոցելի դարձնելու հարցով: Ակնյայտ իրողութիւն է նաեւ ներկայիս, որ երիտասարդութեան մէջ, ինչպէս մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մօտ, կը տիրէ բարոյալքութեան եւ յուսահատութեան զգացումը: Այս երեւոյթին մենք հաւաքաբար պէտք է դիմադրենք: Մեր միակ միջոցը մեր պատմութեան ծանօթացումն ու անկէ դասեր քաղելու առաջադրանքն է: Մեր պատմութիւնը կը վկայէ, որ դարերու ընթացքին շատ աւելի մեծ աղէտներ ունեցած ենք, բայց կրցած ենք վերականգնիլ, վերապրիլ ու գոյատեւել: Հետեւաբար մեր երիտասարդական կառոյցները պէտք է դաստիարակչական (ծրագրուած ու նպատակաուղղուած) ծրագրով ուղղորդուին: Անոնք, երիտասարդութիւնը բնորոշող ըմբոստ ու յեղափոխական ոգին ունին, եւ մեր հիմնական թիրախը պէտք է ըլլայ այդ զգացական-յեղափոխական ոգիին ուղղութիւն տալ, ճիշդ կաղապարին մէջ տեղաւորել, որպէսզի ճշգրիտ հունին մէջ դրուելով կարենան առաւել եւս ազդեցիկ կերպով գործունէութիւն մշակել:
Այստեղ նշեմ, որ որպէս Գանատայի մէջ ծնած եւ հասակ առած սերունդի ներկայացուցիչ, իմ սերնդակիցներուս հետ թրծուած եմ մեր ազգային կառոյցներուն մէջ, ըլլան անոնք պատանեկան, երիտասարդական թէ կուսակցական։ Մեր պարտաւորութիւնն է շարունակաբար բարելաւել եւ արդիւնաւէտ դարձնել մեր ազգային հաստատութիւններու գործունէութիւնը, որպէսզի կարողանանք լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել մեր հայրենիքին եւ որպէսզի դիմակայենք Արցախի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Առ այդ, անգամ մը եւս կը շեշտեմ, որ մեր երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ մեր ուշադրութեան կիզակեդրոնը, եւ որպէս այդպիսին մենք պէտք է ջանք չխնայենք անոնց տրամադրելու անհրաժեշտ աջակցութիւնն ու ազգային դաստիարակութիւնը։ Սփիւռքի այս ափերուն, հայապահպանման համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է նեցուկ կանգնիլ նորահաս սերունդին, որպէսզի յարմարագոյն պահը երբ հասնի, ջահը իրենց փոխանցենք՝ իրականացնելու համար մեր ազգանպաստ ծրագիրները։
Հ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ իր Օթթաուայի գրասենեակով եւ Գանատայի տարածքին տարբեր քաղաքներու մէջ գործող միաւորներով, 2020 թուականի Արցախեան պատերազմէն ի վեր պատնէշի վրայ եւ իր յանձնառութեան հաւատարիմ անդուլ կը գործէ։ Այսօր քաղաքական կացութիւններն ու Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը հիմնական փոփոխութեան ենթարկուած ըլլալով, ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայ Դատի յանձնախումբի յառաջիկայ գործունէութեան ծիրի կիզակեդրոնը։
Խ.Տ.- Առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ արցախահայութեան օժանդակութիւն հասցնել. այդ ընտանիքները տեղահանուած ու բռնագաղթի ենթարկուած են, եւ մեր Հայ Դատի յանձնախումբը ճիգ պիտի չխնայէ, որ Գանատայի կառավարութիւնը այս հարցը սեղանի վրայ պահէ, արծարծէ եւ մոռացութեան չմատնէ: Միաժամանակ, Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի քաղաքական պաշտօնատարներն ու կուսակցութիւնները իրազեկ պիտի դարձնէ Արցախի հարցին, որովհետեւ Արցախի հիմնահարցը չէ վերջացած, ընդհակառակը շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ է այս օրերուն: Չմոռնանք որ այս բոլորին դիմաց քաղաքական գետնի վրայ միշտ առկայ է թուրքերու եւ ազերիներու հակազդեցութիւններն ու հակահայ քարոզչութիւնը. անոնք ջանք չեն խնայեր Գանատաի քաղաքական ծիրէն ներս մեզի դէմ պայքար մղելու օրնիբուն: Հետեւաբար Հայ Դատի յանխձնախումբին աշխատանքը յարատեւութեան կը կարօտի: Ասոր կողքին կարեւոր է նաեւ մեր ժողովուրդին մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայ Դատի ծրագիրներուն:
Ներկայ իրավիճակէն ելլելով, Օթթաուայի իշխանութիւններէն պիտի պահանջուի համաշխարհային համապատասխան քաղաքական հարթակներու վրայ մերժել ու դատապարտել Ատրպէյճանի գործադրած շրջափակումը ապա ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը եւ զօրավիգ կանգնիլ արցախահայութեան, որպէսզի վերականգնէ իր իրաւունքներն ու վերատիրանայ իր պապենական բնօրրանին: Մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ եղելութեանց իսկական պատկերը փոխանցել, որպէսզի իրականութիւնները աւելի յստակ ձեւով ընկալուին, եւ Գանատայի կառավարութիւնը յստակ կեցուածք որդեգրէ, նախ դեսպանատան միջոցաւ տնտեսական ու նիւթական օգնութիւն տրամադրելով բռնագաղթի ենթարկուած ժողովուրդին, ապա մեր թշնամիին յարձակողապաշտ վարքագիծը սանձելու հարցով, երբ այսօր Հայաստանի սահմանները եւս վտանգուած են: Գանատայի կառավարութեան մօտ աշխատանք պիտի տարուի, որ միա՛յն դիտորդի եւ դատապարտողի դերին մէջ չմնայ, այլ՝ գործնական քայլերու ձեռնարկէ:
Հ.- Գանատան Սփիւռքի մէկ օղակը կազմող նորակազմ գաղթօճախներէն է եւ իր կարեւոր ներդրումը ունի հայրենիքի զօրակցութեան գծով։ Գործնապաշտութեան տեսանկիւնէն, այսօրուան կացութեան լոյսին տակ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ Հայրենիքի զօրակցութեան Սփիւռքի հիմնական նպատակային ուղին։
Խ.Տ.- Սփիւռքը հսկայ ներուժ է, որ պէտք է ուղղորդուի մեր առաջնորդութեամբ: Յատկապէս գանատահայ սփիւռքը կրնայ աւելի լայնածիր ներդրում ունենալ հայրենիքի մէջ: Հոս կարեւորութեամբ կ՚ուզեմ շեշտել, որ հայրենիքին ծառայելը կազմակերպութեան մը կամ կուսակցութեան մը պարտականութիւնը չէ միայն, այլեւ՝ համայն հայութեան: Իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է իր կարելիութեամբ ու կարողութիւններով օգտակար դառնալ հայրենիքին, ըլլայ այդ մէկը անհատին մասնագիտութեամբ, նիւթապէս, կամ զանազան գործառնութիւններ կատարելով հայրենիքի մէջ:
Գանատայի մեր կառոյցները, ներառեալ երիտասարդականը, անցնող շրջաններուն մեծ ներդրում ունեցած են հայրենիքին մէջ՝ յատկապէս երիտասարդութեան եւ պատանիներուն ուղղուած ծրագիրներ մշակելով ու իրականացնելով: Մենք մեր յարակից միութիւններուն մղիչ ուժը հանդիսացած ենք, որպէսզի բոլորին մեծագոյն ներդրումները ուղղուրդուին դէպի հայրենիք, եւ մեր ունեցած կառոյցներով (Գանատայի թէ Հայաստանի մէջ) պիտի շարունակենք օժանդակել հայրենիքին:
Հոս կարեւորութեամբ կ’ուզեմ նշել նաեւ, որ ամէն բանէ առաջ մենք մեր սփիւռքի կառոյցները պէտք է զօրացնենք, երիտասարդական եւ պատանեկան կառոյցները վերարժեւորենք ու վերաորակաւորենք, այդպիսով միայն կարելի կ՚ըլլայ անոնց ուժականութիւնը մղել հայրենիքի ծառայութեան: Մենք նախ մե՛ր գաղութի երիտասարդները պէտք է դաստիարակենք հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ, որպէսզի անոնք ապագային հայրենիքին ծառայելու գիտակցութիւնը ունենան:
Այս բոլորը ի մի բերելով, վերստին կը շեշտեմ, որ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի յառաջիկայ առաքելութիւնը պիտի հանդիսանայ հայութեան արդար իրաւունքներու վերատիրացման գծով մեր աշխատանքներն ու հայրենատիրութիւնը։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Սոնա Թիթիզեան
Comments are closed.