«Հայրենիք–Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհահանդէսը

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018) եռահատորեակին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախկին աշխատակիցներ եւ այլ հիւրեր:

Շնորհահանդէսը սկսաւ Արարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» խումբի Հայաստանի պետական օրհներգի մեկնաբանութեամբ: Տէրունական աղօթքէն ետք Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը  արտասանեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ եւ Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի ղեկավար Անուշաւան եպս. ժամկոչեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մարդասիրական բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ապա յաջորդեցին` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Լեզուի հիմնարկի տնօրէն, դոկտոր Վիկտոր Կատուալեանի, Երեւանի պետական համալսարանի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեանի, «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոնի» նախագահ, բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանի, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի,  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախկին աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի, Գաւառի պետական համալսարանի ղեկավար, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր Ռուզաննա Յակոբեանի եւ ուրիշներու խօսքերը:

Բանախօսները ընդգծեցին աշխատութեան պատմական գիտական կարեւորութիւնը, Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու` քաղաքական, ազգային, բարոյական, պատմական, հոգեւոր-մշակութային շերտերու միասնական վերհանումը, ինչպէս նաեւ` համաշխարհայնացման մարտահրաւէրներու պայմաններուն համայն հայութեան գերակայ հարցերուն, համահայկական օրակարգի ձեւակերպումը, որոնց նպատակը 10 միլիոն հայերու ներուժով հայրենիքի առջեւ ծառացած տարածաշրջանային եւ ներքին հիմնահարցերու լուծումն է:

Շնորհահանդէսի աւարտին ողջունելով հիւրերը` Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց, որ այս եռահատորեակը նախատեսուած է` հասարակական-քաղաքական գործիչներու, համայնքային ղեկավարներու, սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ընթերցողներու լայն շրջանակի համար, եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա կրնայ օգտակար ըլլալ սփիւռքագէտներու, պատմաբաններու, հետազօտողներու համար: Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքեան համահայկական, եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն, համայնքային գործիչներուն, անհատներուն սերտ գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ նախարարութեան բոլոր աշխատակիցներուն` իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:

Աւելցնենք, որ «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018) եռահատորեակին մէջ ամփոփուած են ե՛ւ սփիւռքի ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ե՛ւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ հեղինակին ունեցած մօտաւորապէս տասը տարիներու հիմնական հրապարակային խօսքերը, զեկուցումները` նուիրուած Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, պետական քաղաքականութեան տարբեր հարցերուն:

Comments are closed.