Հայրենադարձութեան պետական հայեցակարգ գործնականացնելու անհրաժեշտութիւնը
Հայկական Սփիւռքը հայրենի բնօրրանին մէջ համախմբելու եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ հայութեան հայրենադարձութիւն կազմակերպելու ծրագիրներ միշտ դրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւններու քննարկման սեղանին վրայ։ Հայրենադարձութեան համապարփակ ծրագիրներ եւ այդ ուղղութեամբ համակարգուած հայեցակարգեր խմբագրուած են եւ սակայն ցարդ ոչ մէկ ծրագիր, պետական մակարդակով՝ գործնականացման հանգրուանի նախաշէմը չէ հատած։
ՀՀ պետական տուեալներով, մօտաւոր հաշուարկներով 6-7 միլիոն հայ կը բնակի հայրենիքէն դուրս, տեղաբաշխուած աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ։ Այսինքն վիճակագրականօրէն, հայրենիքի բնակչութենէն կրկնապատիկ թուաքանակով հայ ազգի պատկանելիութիւն ունեցող անհատ կ՚ապրի Հայաստանի սահմաններէն դուրս։
Սփիւռքի հայութեան դարձը հայրենիք էականօրէն անհրաժեշտ է նկատի ունենալով հայապահպանութեան խնդիրները, ներառեալ ազգային ինքնութեան կորուստի եւ ուծացման հարցերը, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան քաղաքական, մտաւոր, գիտակրթական, մշակութային եւ տնտեսական կարողութիւններու ու մասնագիտական ներուժի համախմբումը Հայաստանի մէջ, ի խնդիր հայրենիքի զարգացման ու հզօրացման։
Հայ ազգը հայրենադարձութեան փորձառութեան բովէն անցած է չորս առիթներով։ Առաջինը՝ Խորհրդային Միութեան ժամանակշրջանի 1946-1948 թուականներու ներգաղթի շրջանին 90 հազար հայ վերադարձաւ հայրենիք։ Երկրորդը՝ 1989-1991 թուականներուն Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած հայկական ջարդերուն պատճառով 250-300 հազար ատրպէյճանաբնակ հայերու զանգուածային ներհոսքն էր Հայաստան։ Երրորդը՝ 2003 թուականին իրաքեան պատերազմէն ետք մօտ 3000 հայերու հոսքն էր հայրենիք։ Չորրորդը՝ 2011 թուականի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով 22 հազար սուրիահայերու դարձն էր Հայաստան։ Դժբախտաբար, վիճակագրական յստակ տուեալներ ցայսօր չկան, թէ վերջին երեք տասնամեակներուն վերոնշեալ ներգաղթներէն ետք տոկոսային համեմատութեամբ քանի՞ ներգաղթող մնացած է Հայաստան, եւ կամ ի՞նչ պատկեր կը պարզէ նոյն այդ զանգուածի Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը։
Յստակ է, որ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններու բերումով, աննախադէպ հակամարտութիւններու պատճառով վտանգի ենթարկուած որեւէ հայկական գաղթօճախի անվտանգութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորը այսօր եւ կամ վաղը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Միաժամանակ, այսօրուան դրութեամբ, ժողովրդագրական առումով, Հայաստանի համար խիստ անհրաժեշտ է սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան կազմակերպումը, նկատի ունենալով ժողովրդագրական բացասական միտումները եւ հայրենի բնակչութեան թուաքանակի նուազումը։ Պետութեան մը ազգային անվտանգութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն կը հանդիսանայ ժողովրդագրական անվտանգութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ բնակչութեան թուաքանակի դրական միտումներն ու ժողովուրդի կենսագործունէութիւնը։
2022 թուականի մարդահամարի տուեալներով ՀՀ մշտական բնակչութիւնը 2 միլիոն 932 հազար է։ 2001 թուականին Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը կը կազմէր 3 միլիոն 213 հազար, իսկ 2011–ին` 3 միլիոն 18 հազար։ 1989-ին Խորհրդային Հայաստանի բնակչութիւնը 3 միլիոն 304 հազար էր։ Այսիքն, վերանկախացումէն ի վեր, արտագաղթի պատճառով, Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է 12.2%-ով։ Բնակչութեան քանակական նման բացասական վայրէջքի շարունակականութիւնն ու բնակչութեան նուազումի յարաբերակցութիւնը կանխելու լաւագոյն դարմանը՝ հայրենադարձութեան խրախուսումն է։
2005 թուականի Նոյեմբեր 27-ին կայացած հանրաքուէով ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններով՝ ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած երկքաղաքացիութեան օրէնքը իր կարգին խթան կրնայ հանդիսանալ օտարերկեայ քաղաքացիութիւն ունեցող սփիւռքահայերու հայրենադարձութեան։
Ներկայ հանգրուանին, ժողովրդագրական անվտանգութեան հարցի էութեան հրատապութիւնը ի մտի ունենալով, մեր պետութեան գոյատեւելիութեան եւ ազգի լինելութեան համար անհրաժեշտ է յառաջացնել «Սփիւռքահայերու հայրենադարձութեան» նախարարութիւն, պետական հայեցակարգով` նպատակաուղղուած հայրենադարձութեան եւ Սփիւռքի համայնքներու ներգաղթի գործընթացի կազմակերպման։
Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ սփիւռքահայութիւնը ի՛նք եւս մասնակից պէտք է դառնայ վերոնշեալ հայեցակարգի գործընթացը հունաւորելու աշխատանքներուն մէջ, ի մտի ունենալով որ ունի թուաքանակի գերակշռութիւն եւ մանաւանդ ծրագրի իրագործման ֆինանսաւորման գծով տնտեսական վիթխարի կարողականութիւն, ի հարկին, ստեղծելով նաեւ պետական ծրագրին աջակցող եւ արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած հայրենադարձութեան սփիւռքահայ կազմակերպական կառոյց։
Հայրենադարձութեան պետական հայեցակարգը գործնականացնելու գործընթացը բնականաբար կը կարօտի նախագծի երկարաժամկէտ մշակման եւ օրէնսդրական վաւերացման։ Սակայն ակներեւ է, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն ազգովին պիտի դիմագրաւենք ժողովրդագրական անվտանգութեան հարցը եւ ինչպէս շեշտեցինք, նշեալ հիմնահարցի բարեյաջող լուծման հիմնաքարը՝ սփիւռքահայութեան հայրենադարձութիւնն է։
«Հորիզոն»ի խմբագրական
Comments are closed.