Դեկտեմբեր 04, 2025
«Հայութիւնը` Լիբանանի Կողքին» Համահայկական Բարեգործական Համերգային Ծրագիր
- (0)

Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ սփռումով շաբաթ, 15 օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած է «Հայութիւնը` Լիբանանի կողքին» համահայկական բարեգործական համերգային ծրագիրը, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Լիբանանի հայ համայնքի օժանդակութեան:
Առցանց համերգին իրենց ստեղծագործութիւններով մասնակցած են խումբ մը արուեստագէտներ:
Հայ օգնութեան միութեան կազմակերպած առցանց բարեգործական համերգի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ հանգանակուած է 600.000 ամ. տոլար: