«Հայութեան Տեղաշարժերը Եւ Փոխակերպումները 20-րդ Դարուն Եւ 21-րդ Դարու Սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ
- (0)

27 յունիս 2023-ի երեկոյեան, Պէյրութի մէջ ընթացք առաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) գործակցութեան արդիւնք «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» գիտաժողովը, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Բարի գալուստի բացման խօսքին մէջ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց, որ` «Այս գիտաժողովը կը նպատակադրէ հայագիտութեան տարբեր մարզերու մշակները հրաւիրել, որ նորովի դիտարկեն վերջին երեսնամեակի հայ քաղաքական իրականութեան վերածնունդը եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու հռչակումին ելակէտէն դիտեն մեր մօտիկ անցեալի 120 տարին, ըստ այդմ ուղեգիծներ ճշդեն, եւ նորատեսակ ընթացք առնէ հայութեան կենսագործունէութիւնը»:

Ողջոյնի իր գիրին մէջ, որ կարդաց դոկտ. Էդկար Յովհաննիսեան, ՀՊՄՀ նախագահ, փրոֆեսէօր Սրբուհի Գէորգեան ընդգծեց, որ` «Քննարկուող հարցերի շրջանակը ոչ միայն ակադեմական հետաքրքրութիւն է առաջացնում, այլեւ մի շարք հիմնախնդիրների կիրառական լուծումներ կարող է առաջադրել: Հայ եկեղեցու, համահայկական բազմաթիւ այլ հասարակական-քաղաքական կառոյցների, հայկական մշակոյթի, հայ ինքնութեան, հայութեան աշխարհընկալման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական պետականութեան հանդէպ մեր ընկալումների յարափոփոխ ընթացքի ուսումնասիրութիւնն ու դրա գնահատումը ե՛ւ արդիական է ե՛ւ գնահատելի: Յոյս ունենք, որ հարցերի այս շրջանակի քննարկումը մեզ հնարաւորութիւն կը տայ առաւել պատրաստ դիմագրաւել գալիք փոխակերպումներին»:
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման հիւր բանախօս դոկտ. փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեան իր` «Ի. դարում տեղաշարժերով պայմանաւորուած հայութեան փոխակերպման գործընթացի փուլերը» զեկոյցին մէջ հայկական փոխակերպման գործընթացները բաժնեց երեք տարբեր փուլերու եւ ներկայացուց հայութեան` այդ փուլերուն ընթացքով տեղի ունեցած կենցաղային, ընկերային, լեզուամշակութային եւ այլ հիմնական փոխակերպումները:
Պաշտօնական բացման նիստի փակման իր խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հարց բարձրացուց, թէ` «Մեր ազգային պետական կամ ոչ պետական իրականութեան մէջ, որո՞ւ պարտականութիւնն է բիւրեղացնել այնպիսի ռազմավարութիւն մը, որ պիտի նպաստէ հայկական ապահովութեան-անվտանգութեան, ազգային, կրթա-դաստիարակչական, ռազմական, զինուորական, լեզուական, բարոյակրօնական, ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային, cyber, եւ այլ ոլորտներուն», եւ նկատեց` «Սփիւռքեան լայն տարածքին վրայ կենսական է, որ ռազմավարութիւնները ունենան պատմական, գիտական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային խորք, որ կը հասնի Երեւանէն շատ անդին եւ կը կարգաւորէ ընդհանրական հայկականութեան գոյութիւնը»:

Գիտաժողովի առաջին օրուան Բ. նիստին տեղի ունեցաւ փրոֆ. Մութաֆեանի նորագոյն` Jérusalem et les Arméniens jusqu’à la conquête ottomane (1516) գիրքին շնորհանդէսը. դոկտ. Տագէսեան ներկայացուց անխոնջ եւ բեղուն գիտնականին վաստակը, իսկ հեղինակը ներկայացուց հատորը եւ հատորին ընդմէջէն` հայութիւնը Երուսաղէմի մէջ մինչեւ ԺԶ. դարասկիզբ:
Գիտաժողովի ութ նիստերը վարեցին դոկտորներ` Վաչագան Գրիգորեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Խաչիկ Մուրատեան, Էդկար Յովհաննիսեան, Խաչատուր Ստեփանեան, Անդրանիկ Տագէսեան եւ Եղիա Թաշճեան:
Զեկուցողներէն իւրաքանչիւրին յատկացուած էր կէս ժամ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի խորքային-վերլուծական-քննական ու գործնական առաջադրանքներ ներկայացնել:
Գիտաժողովին մէջ յատկանշական էին զուգահեռները` Մուսա Լերան, Համշէնի եւ Կարպատեան Եւրոպայի հայկական, ինչպէս նաեւ Իրանի ու Սուրիոյ հայօճախներու ենթախումբերուն միջեւ: Համապատկերային բնոյթ կը կրէին լեզուի եւ գրականութեան գիտական մեկնաբանութիւնները: Հաստատութենական առումով ուշագրաւ էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ աւետարանական եւ առաքելական եկեղեցիներուն նուիրուած քննարկումները: Յղացք-հասկացութենական (conceptual) առումով շահեկան էին հայրենասիրութեան, պատմագրական մեկնաբանութեան, ճարտարապետական վերլուծութեամբ մեկնաբանուած զեկոյցները: Կարեւոր նորութիւն էր տնտեսական բնագաւառին եւ հոգեբանութեան ելակէտէ մեկնած նիւթերուն ընդգրկումը. ասոնք կենսական այլ երեսակներ աւելցուցին գիտաժողովին եւ զայն դարձուցին առաւել ընդգրկուն: Եւ անշուշտ ընդգծելի էին հայութեան եռամիասնութեան` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կառոյցներու կառավարման-ներկայացուցչականութեան եւ փոխգործակցութեան նուիրուած տեսլական եւ քննական զեկոյցները:
Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր շեշտը դրուած էր հայութեան վերջին 120-ամեայ իրականութեանց, նորագոյն այս փուլի խնդիրներու քննարկման եւ դէպի ապագայ նայելու հրամայականին` ելակէտ ունենալով պետականութեան փաստը:
Գիտաժողովի ընթացքին նկատելի դարձան Հայաստան-սփիւռք թիւրիմացութիւններու առկայութեան նուազումը, երիտասարդ սերունդ եւ աւանդական մօտեցումներ բախումը, բայց մանաւանդ` հայ իրականութեան վարումի, ապագայի ծրագրաւորումի խնդիրներուն հրատապութեան զգացողութիւն-գիտակցութիւնը եւ լուծումներու անհրաժեշտութիւնը:
Գիտաժողովին ընթացքին յառաջացաւ ջերմ, ազատ, անմիջական միջավայր մը: Նորատեսակ այս հարթակին նախանձախնդիր, երկար քննարկումներուն եւ վերլուծումներուն, միտքերու բախումին, որոնումներուն, յղկումին, բիւրեղացումին մասնակցեցան գիտաժողովին ներկայ եղած հիւրեր, երիտասարդներ, որով գիտաժողովին բարձրաձայնուած խնդիրները հանրայնացուեցան եւ քայլ մը եւս առնուեցաւ հանրութիւնը առաւել մասնակից դարձնելու նման հրատապ հարցերու արծարծման:
Տեղին է նշել, որ գիտաժողովին առաջին փուլը տեղի ունեցած էր 29-30 յունիս 2022-ին, ՀՊՄՀ-ի մէջ: Այս երկրորդ գիտաժողովը որոշակիօրէն յստակ դարձուց հայ իրականութեան ընելիքներուն ծիրը եւ խթան կը հանդիսանայ, որ շարքին երրորդը աւելի նպատակաուղղուած առաջադրանքներով կիրարկելիութեան գործիքակազմեր եւ գործընթացներ առաջարկէ յօգուտ հայ իրականութեան աւելի բարենպաստ ապագայի: