«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» գիրքին շնորհահանդէսը կայացաւ Պէյրութի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Որբերը» հատորին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յարկին տակ, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին կազմակերպած «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրեալ համագումարի մասնակիցներուն եւ «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ու տեսչութեան։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։ Ան դիտել տուաւ, որ բնական էր Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով եւ հրաւէրով կազմակերպուած այս տարուան ապրիլեան գիտաժողովը «Թռչնոց Բոյն»էն մեկնարկելը, որովհետեւ որբանոցներուն մէջ կազմաւորուեցան Ցեղասպանութենէն վերապրող սերունդներ՝ գիտակից ըլլալով կազմակերպուած հաւաքականութիւն դառնալու կարեւորութեան։ Իր խօսքին մէջ Գանտահարեան անդրադարձաւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին նուիրեալ ու ազգանուէր աշխատանքին։ Ան ըսաւ, որ, դժբախտաբար, վերջերս կորսնցուցինք Անի Պէզիքեանը, սակայն անոր ու ամուսնոյն յանձնառութիւնը «Արամ Պէզիքեան» Ցեղասպանութեան Որբերու թանգարանին եւ ընդհանրապէս հայ դատին նկատմամբ, պիտի մնայ վառ օրինակ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (Գ.Ա.Ա.) ակադեմիկոս, պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ ուրախութիւն յայտնեց ի տես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Գ.Ա.Ա.ի միջեւ գոյացած համագործակցութեան, որուն պտուղներէն մէկն է վերոնշեալ հատորին մղում տուած գիտաժողովը։ Այս իմաստով ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

Խօսք առին նաեւ Հայ Գաղթօճախներու եւ Սփիւռքի Պատմութեան բաժնի վարիչ փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան եւ Գ.Ա.Ա.ի Պատմութեան Ինստիտուտի Հայկական Հարցի ու Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութեան բաժնի վարիչ Արմէն Մարուքեան։ Անոնք խօսեցան հատորին նախորդող գիտաժողովին առիթ ընծայած գործընթացին, ինչպէս նաեւ ներկային մէջ նոյն ցեղասպանական արարքը շարունակուելուն եւ յանցագործներուն անպատիժ մնալուն մասին։

Ապա, բեմ բարձրացաւ Գ.Ա.Ա.ի Պատմական Գիտութիւններու թեկնածու Արփինէ Բաբլումեան, ու ներկայացուց գիրքը։ Հատորը կը սկսի Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական օրհնութեան գիրով, որմէ ետք կը կարդանք Գէորգ Ստեփանեանի խօսքը։ Հատորը կը պարունակէ Արմէն Մարուքեանի «Հայ Որբերն Օսմանեան Կայսրութեան Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Թիրախում» վերնագրեալ եւ Բաբլումեանի աշխատասիրութեամբ Մարիա Ճէյքըպսընի օրագրութիւնը՝ որպէս Ցեղասպանութեան սկզբնաղբիւր յօդուածները։ Այս առումով Բաբլումեան ընդգծեց, որ օրագրութեան վերլուծութիւնը եւ համեմատական որոշակի նկատառումները կը հարստացնեն յօդուածը։ Հատորը կը պարունակէ Սուսաննա Յովհաննիսեանին «Որբերու Հայրիկը» յօդուածը, ուր հեղինակը կ՚անդրադառնայ Յովհաննէս Թումանեանի որբախնամ գործունէութեան, Նարինէ Մարգարեանի յօդուածը 1922-1925 թուականներուն որբերուն կողմէ լոյս տեսած «Տուն» ամսագիրին մասին, Անի Ֆեշենկճեանի յօդուածը «Որբաշխարհի Աստղ» պաշտօնաթերթին մասին, Կարօ Տէրունեանի յօդուածը Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի մասին եւ երկու հարցազրոյցներ Մարիա Յովսէփեանի կողմէ, մէկը «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէն Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի հետ՝ Մարիա Ճէյքըպսընի գործունէութեան եւ որբանոցին ներկայ իրավիճակին մասին, իսկ միւսը՝ «Թռչնոց Բոյն»ի նախկին սաներէն Արփինէ Յովսէփեան-Պաղտասարեանի հետ։

Շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք արտասանեց նաեւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը։ Ան անդրադարձաւ Երեւանի մէջ կայացած «Թռչնոց Բոյն»ի 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին, որուն մասնակցած էր հայր սուրբը իբրեւ տնօրէն այս հաստատութեան, եւ կարեւորեց «Թռչնոց Բոյն»ին եզակի դերակատարութիւնը, յատկապէս յետ-Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, որ լծուած էր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ որբերու խնամքին ու դաստիարակութեան։

Շնորհահանդէսի աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան ծանօթանալու թանգարանին ու անոր տարբեր բաժանմունքներուն։

Comments are closed.