Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը Ոգեկոչուեցաւ Գէմպրիճի մէջ

Horizon Weekly Newspaper
Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ին, կ.ե. ժամը 2-ին, Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը, հայ կեդրոնի «Արարատ» սրահէն ներս։
Ներկայ էին շրջանիս հոգեւոր հովիւները, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի, Հ.Յ.Դ. «Արամ_Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչները, Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ Գէմպրիճի եւ շրջակայ քաղաքներու հայորդիներ։
Գ.Ե.Մ.-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղէն ընկերներ ծաղկեպսակով, իսկ տարազաւոր ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ դրօշակներով՝ մուտք գործեցին սրահ, առաջնորդելով օրուան պատուոյ հիւրերը: Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Գանատայի օրհներգերը։
Օրուան հանդիսավար Ռազմիկ Կարպուշեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր զոհերու յիշատակը, որմէ ետք անդրադարձաւ Ապրիլ 24, 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ սկիզբ առած նախածրագրուած եղեռնագործութիւններուն ու բռնի տեղահանութիւններուն: Ան աւելցուց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին քայլն է կանխելու այլ ցեղասպանութիւններ: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ գանատահայութիւնը հպարտ է Գանատայի նման երկրի մը մէջ ապրելով՝ որուն համար մարդկային իրաւունքները առաջնահերթութիւն են:
Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Հայ կեդրոնի անունով հայերէն լեզուով հանդէս եկաւ Աստղիկ Աշըգեան Քէօշկէրեան, Ան նշեց, որ 108-աﬔակը ազգային-քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ կը նշենք,մանաւանդ տրուած ըլլալով որ երեք աﬕսներէ ի վեր Ազրպէյճանը շրջափակած է Արցախը, որուն իբրեւ հետեւանք արցախահայութիւնը ենթակայ է մարդասիրական աղէտի եւ ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգի: Թուրքիա Ազրպէյճանի հետ համագործակցաբար ցեղասպանական իր ոճիրը լրուﬕն հասցնելու նպատակը կը հետապնդէ։ Անցեալը յիշելը ﬕայն բաւարար չէ, պէտք է պահանջատէր ներկայանանք, մանաւանդ երբ ներկայիս Հայաստանի իշխանթիւնները պահանջատէրի դիրքերու վրայ չեն եւ կը փորձեն կոտրել հայութեան պահանջատիրական թափն ու ոգին, կ՚ընդունին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին դրած պայմանները, վտանգի ենթարկելով Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ու ընդհանրապէս հայութեան ապագան։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատային՝ իր արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Արցախի շրջափակման վերջ տալու կոչով հանդէս գալու համար։
Հ.Օ.Մ.-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» Մասնաճիւղի «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները երգեցին «Հայեր Միացէք» երգը, իսկ աւարտական դասարանը արտասանեց Արցախի նուիրուած ոտանաւոր մը։
Հ.Յ.Դ. ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղէն Գարլօ Ահարոնեան մեկնաբանեց «Մայր Ծնողի» եւ «Չիմանալով Որ Կռիւ Էր» երգերը , նուագի ընկերակցութեամբ Քրիս Կարպուշեանի եւ Մհեր Պետիրեանի։
Օրուան բանախօսն էր Միջազգային Օրէնքի մասնագէտ, Ուինզըրի համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժինի դասախօս` Դոկտ. Քրիսթըֆըր Ուոթըրզ: Ան իր խօսքին սկիզբը յայտնեց, թէ բանախօսութեան ընթացքին պիտի չկեդրոնանայ Հայ ժողովուրդին ապրած արհաւիրքներուն վրայ, ոչ ալ Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ: Փոխարէնը պիտի խօսի այժմէական կարեւորութիւն ունեցող միջանցքի մը մասին՝ Լաչինի միջանցքին, Արցախի կեանքի ճանապարհին մասին, միակ ճանապարհը, որ Արցախը կը կապէ Հայաստանի հետ: Բանախօսը իր ելոյթը բաժնեց 3 գլխաւոր կէտերու՝ Առաջինին մէջ դիտել տուաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը միայն 1915-ին տեղի չէ ունեցած, այլ սկսած է աւելի կանուխ 1890-ականներուն, սակայն կը շարունակուի Արցախի մէջ նաեւ ներկայիս: Երկրորդ կէտն այն էր, որ միջանցքը փակելը՝ ցեղասպանութիւն կիրառելու գործիքն է: Ազրպէյճանը չի յարգեր Նոյեմբեր 9-ին կնքուած տխրահռչակ յայտարարութեան պայմանները՝ ազատ երթեւեկ երաշխաւորել Հայաստանէն Արցախ եւ հակառակը: Բռնագրաւուած հողերուն վրայ մշակութային յուշարձաններ եւ եկեղեցիներ կը քանդէ, եւ պատերազմի ռազմագերիներ կը սպաննէ: Բանախօսը շեշտեց, թէ պէտք է դէմ դնել Ազրպէյճանի «caviar diplomacy» կոչուած քաղաքականութեան որուն միջոցաւ ան, շնորհիւ իր նիւթական հսկայ կարողութիւններուն, կ’ազդէ միջազգային հանրութեան վրայ, նաեւ Գանատայի վրայ, երբ իրականութեան մէջ շատ յստակ է, որ Ազրպէյճանն է նախայարձակ կողմը: Երրորդ կէտով բանախօսը շեշտեց, թէ պէտք է պայքարինք որպէսզի Ազրպէյճանը ընկալուի որպէս մենատիրական եւ բռնատիրական պետութիւն Գանատայի կողմէ եւ անոր վրան պատժամիջոցներ սահմանուին: Ան խօսքը եզրափակեց գնահատելով գանատահայերուն ներդրումը Գանատայի, մանաւանդ հարաւային Օնթարիոյ մէջ, եւ այս նկատեց որպէս փաստ՝ ցեղասպանութեան ձախողութեան: Բանախօսը կոչ ուղղեց, որ աւելի մեծ ճնշում բանեցուի Գանատայի կառավարութեան վրայ, որպէսզի ան պատժամիջոցներ կիրառէ Ազրպէյճանի դէմ:
Ապա, հայ համայնքի բարեկամ քաղաքական հիւրերը յաջորդաբար խօսք առին, զօրակցական ելոյթներով հանդէս եկան՝ Պրայըն Մէյ ( MP of Cambridge, Chair of Canada-Armenia Parliamentary Friendship Group), որ ընթերցեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին առթիւ կատարած յայտարարութիւնը, Պարտիշ Չակկէր (MP of Waterloo), Մայք Մորիս (MP of Kitchener Centre), Մայք Շչրէյնըր (MPP for Guelph and Leader of the Green Party of Ontario), Ճէսս Տիքսըն (MPP for Kitchener South—Hespeler), Սու Ֆաքսթըն( Mayor of North Dumfries), Տոնա Ռիտ (Ward 1 on behalf of the City of Cambridge),Քարէն Րէտմէն (Waterloo Regional Chair), Իւճին Ֆէնթըն (Deputy Chief of Police for Waterloo Region): Հանդիսավարը ընթերցեց նաեւ Փիեռ Փոլիէվրի (Leader of the Conservative Party of Canada) եւ Ճակմիթ Սինկի (Leader of the New Democratic Party of Canada) Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին առթիւ կատարած զօրակցական յայտարարութիւնները:
Աղօթք կատարելու հրաւիրուեցան Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Արա Պալըքճեան եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հայր Գեղարդ Քիւսպէքեան:
Աւարտին հանդիսավարը իր խօսքին մէջ հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց շարունակական զօրակցութեան համար: Ան շեշտեց թէ Թուրքը ձախողած է, եւ մենք պէտք է շարունակենք պայքարիլ յանուն արդարութեան՝ մինչեւ որ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը ու հատուցում կատարէ: Ան հանդիսութիւնը փակեց Ուիլիամ Սարոյեանի յայտնի խօսքով՝ « Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը: Տեսէք, թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք կրկին չե՞ն խնդար, երգեր կամ աղօթեր: Որովհետեւ, երբ անոնց երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր»:
Ոգեկոչման այս ձեռնարկով Գէմպրիճի հայութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ կը յիշէ՛, կը յիշեցնէ՛ եւ պահանջատէ՛ր է:
Աստղիկ Աշըգեան
+12

Comments are closed.