Հայոց Ցեղասպանութեան 103-Ամեակի Ոգեկոչման Հսկում Լաւալի մէջ
Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ. Լեւոն Շանթ եւ Լաւալի Բեկոր Աշոտ մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ՝ Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 8:00ին, Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին շուրջ, տեղի ունեցաւ հսկում՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ ամեակին։
Ներկայ էին Քէպէքի ազգային ժողովի անդամ՝ պատգամաւոր Կուի Ուլէթ, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամներ՝ Vasilios Karidogiannis, Aglaia Evelakis ու Roland Dick, Լաւալի Ռէնօ շրջանի ներկայացուցիչ՝ Արամ Ելակօզ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ ընկ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ընկերներ եւ բազմահոծ հայազգի հայորդիներ։
Հսկումը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները ոտնկայս լռելեան յարգեցին մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը։
Օրուան հանդիսավարն էր ընկ․ Լէոնարտօ Թորոսեան, ոչ փոխանձեց Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ. Լեւոն Շանթ եւ Լաւալի Բեկոր Աշոտ մասնաճիւղերու վարչութեան խօսքը, ապա խօսք առաւ ընկհ․ Կարին Գասապեան, որ ներկայացուց Գ.Ե.Մ.-ի գործունէութիւնը, թէ ինչպէս միւթեանս ընկերները լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանան այն գիտակից երիտասարդութեան որ հաւատարիմ մնալով ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդի կտակին՝ կը շարունակեն վառ պահել մեր զոհերուն յիշատակը եւ ծանօթացնեն Մեծ Եղեռնը օտարազգի երտասարդներուն։
Խօսք առաւ նաեւ Քէպէքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկ․ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայ Դատի գործնէութիւնը։