Հայկական միացեալ ճակատ մը միայն կրնայ Արցախը փրկել

Ա.Ա.

Արցախահայութեան փրկութիւնը՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական գործադրութեան ապահովմամբ, համահայկական առաջադրանք մըն է, որմէ խուսափում եւ շեղում արգիլուած է, որքան ալ բարձր հնչեն ատրպէյճանական ռազմակոչ յայտարարութիւնները եւ պատերազմի մը հաւանականութեան մասին ատրպէյճանցի պատասխանատուներու կոչերը։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ  Ուաշինկթընեան վերջին բանակցութիւններուն նախօրեակին , Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի հասցէներուն տեղացուած սպառնալիքները առաւել զգօնութիւն կը պահանջեն հայկական կողմէն, որ հաշուի պէտք է առնէ բոլոր հանգամանքները եւ միջազգային ու հարաւային կովկասեան շահախնդիր կողմերու հետ իր դիւանագիտական կապերը պէտք է առաւելագոյնս ամրացնէ՝ կողմերուն ռազմաքաղաքական շահերը համընկեցնելով հայկական կողմին շահերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել Արցախի ժողովուրդին  բնաջնջումը։

Նախ Ալիեւի յայտարարութիւններուն մասին, որոնք բնաւ չեն յուշեր, որ Ատրպէյճան կը պատրաստուի, կամ պատրաստ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու, որովհետեւ մատ թափահարելով եւ բռունցք ցցելով կարելի չէ խաղաղութեան պայմանագրի մը կէտերուն եւ յօդուածներուն մասին խօսիլ։Նաեւ պէտք է նշել,որ յարատեւօրէն հայկական կողմը թշնամի որակող՝ Ատրպէյճանի նախագահին առաւելապաշտական կեցուածքները ոչ մէկ կերպով խաղաղութեան համար պատրաստ կողմի մը դիրքորոշումները կը յիշեցնեն՝ համահայկական մէկ ու միացեալ ճակատի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը  աւելի քան կենսական  դարձնելով։

Ալիեւի համար հայերը կը շարունակեն մնալ թշնամիներ, հակառակ անոր որ Պաքու իբրեւ թէ պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքման։ Ըստ Ատրպէյճանի նախագահին, այս համաձայնագրին ստորագրման համար հաշուի պէտք է առնուի յետպատերազմեան իրողութիւնները։

Ինչ կը վերաբերի ատրպէյճանական բանակին, ապա Ալիեւ բացայայտեց ,որ բանակը կը շարունակէ զինուիլ անօդաչու արդիական սարքերով եւ հեռահար հզօր հրթիռներով,որոնք կրնան Հայաստանի խորերը հարուածել՝ յոխորտալով,որ Հայաստանի հետ սահմանին ամբողջ երկայնքին վրայ ռազմավարական բոլոր բարձունքները կը գտնուին ատրպէյճանական բանակին հսկողութեան տակ։ «Պաքուի քաղաքական օրակարգին վրայ կը շարունակեն մնալ Զանգեզուրի միջանցքին բացումը, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի վերականգնումը», յայտարարեց ան։

Տեղին է նշել,որ Ալիեւի այս յայտարարութիւններէն օր մը առաջ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներ Լաչինի անցքը ամբողջութեամբ փակած էին պեթոնէ պատնէշներով։

Ձայնակցելով Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հրապարակաւ մերժեց Երեւանի իշխանութիւններուն առաջարկը՝ Արցախի հայերուն ապահովութեան յաւելեալ երաշխիքներ տալու վերաբերեալ։«Անոնք բաւարար չափով պաշտպանուած են եւ կրնան մշակութային ինքնավարութիւն եւ ուրիշ ոչինչ ունենալ, եթէ համարկուին Ատրպէյճանի հասարակութեան եւ պետական կառոյցներուն մէջ», ընդգծեց Պայրամով, բնականաբար չյիշելով, որ Պաքուի իշխանութիւնները աւելի քան վեց ամիսէ իվեր Արցախի հայութիւնը զրկած են աշխարհի հետ կապէ եւ հաղորդակցութենէ, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրականութեան հոսանքէ եւ բնական կազէ։«Ղարաբաղի հայերը կրնան իրենց լեզուով խօսիլ եւ կրթութիւն ստանալ, եթէ մեր պայմանները ընդունին», շեշտեց ան, ինչպէս նշեցինք ակնարկութիւն կատարելով մշակութային ինքնավարութեան մը՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, իր կարգին, կատարելով իրեն յանձնուած յայտարարութիւններու բաժնին ամբողջ դերակատարութիւնը, գործածեց «Հայաստանի հետ պետական պայմանական սահման» ձեւակերպումը, յստակօրէն ակնարկելով այն իրողութեան,թէ Ատրպէյճան Հայաստանի պետական սահմանները չի ճանչնար։«Ունինք ռազմավարական գերակայութիւն եւ կրնանք հարուածել մատակարարումներու եւ հայկական ուժերու տեղափոխութեան բոլոր ճանապարհները՝ Հայաստանի մէջ», սպառնաց ան եւ անհեթեթ առաջարկով մը ներկայացաւ, թէ Ատրպէյճան խաղաղութիւն կ՛առաջարկէ, բայց իր պայմաններով։Ան եզրափակեց,թէ եթէ հայկական կողմը այս առաջարկին համաձայն չէ, ապա իր գիտնալիքն է, հաստատելով, որ ատրպէյճանական ուժերը պիտի շարունակեն մնալ հոն, ուր որ կանգնած են։Անշուշտ այս յայտարարութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի անկախ եւ ինքնիշխան տարածքներ գրաւած ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն։

Ալիեւի, Պայրամովի եւ Հասանովի սպառնալիքներով լեցուն այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, հայկական կողմը առաւել զգօնութեամբ եւ հայկական մէկ ու միացեալ ճակատով մը միայն կրնայ ատրպէյճանական բացայայտ վտանգը չէզոքացնել։Մնացեալ բոլորը ժամանակի կորուստ են, որ կրնայ չափազանց ծանր հետեւանքներ ունենալ Արցախահայութեան համար։

Comments are closed.