Հայկական հանրապետութեան առաջին օրերը. (Յուշեր)
Լէօլա Սասունի
Անցեալ տարի Մայիսին էր:
Մոնկոլական անզուսպ հոսանքը յորդած գետի ալիքներու նման կը հեղեղէր հայկական նահանգները՝ աւերելով ու քանդելով այդ ղէն ու բերրի վայրերը: Հոսանքը մօտեցած էր հայկ. սրտին, Երեւանին: Ժողովուրդը խուճապի մէջ էր, փողոցները լեցուած էին սայլերով, անպատրաստ ու հապճեպ՝ մարդիկ կը բեռցնէին սայլերուն իրենց երեխաներն ու անհրաժեշտ սնունդը՝ եւ տրեխները ոտքերնին կը հեռանային փոշիներու մէջ:
Ու փախուստի այդ թոհ ու բոհին մէջ շշուկներ կը շրջէին: Հաշտութիւնը կնքուած էր ծանր ու ճնշող պայմաններով, բոլորը սկեպտիկ էին այդ մասին. Թշնամին, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ իր խոստումները դրժելով կը խորանար երկրի ներսերը:
Սասունցիներու խումբը՝ որ այնքան հերոսութեամբ կռուած էր Անիի աւերակներու մօտ, հաշտութենէն յետոյ կը թողնէր, կը հեռանար այդ սահմաններէն՝ երթալ, ապաստանելու համար Ղարաբաղի լեռները ուր թրքական դաւադրութիւն մը անուժ պիտի մնար:
Անոնց հետ էի եւ ես, հեռու իմ շատ սիրելիներէս, արկածալից կեանքիս վերջին դրուագն ալ ապրելու:
Դէպի Ղարաբաղ… շաբաթներով ոչ մէկ լուր այն տեղերէն ուրկէ կը հեռանանք, եւ կը կարծենք որ թաթարական խորշակը չորցուցած է ամէն կողմ: Չէ՞ որ ադպէս ինկան Սարիղամիշը, Կարսն ու Ալեքսանտրապոլը: Մեր ճանապարհին տեղ տեղ քրտական ընդդիմութեան շղթան կը պատռեն մերինները յաջող կերպով: Լուրեր կը հասնին մեզ Անդրանիկի խումբին վերադարձի մասին՝ իր Խոյի կռուէն յետոյ: Ամէն տեղ կը հանդիպինք թաթարական պատուարին. Իսլամական աշխարհը ոտքի է կանգնած խեղդելու համար իր բարբարոս ալիքներու մէջ Հայերու մնացած բեկորները:
Կը շարունակենք ճանապարհը: Կը զգամ, որ այդ տաժանելի ճամբու ընթացքին ձիս ունիմ միայն ինձ մտերիմ ու սփոփիչ: Կը խօսիմ յաճախ իրեն հետ, կը գգուեմ գլուխը, իմ շոյանքներուս կը պատասխանէ թօթուելով իր բաշերը, ու փրփուրներ ցայտելով ճակտիս: Իր գեղեցկութիւնը հպարտութիւնն է մեր խումբին:
Ահա Սիւնեաց աշխարը, Հայաստանի պատմական վայրերը: Սիրտս կը փղձկի, երբ կը մտածեմ որ շուտով թաթարական հորդաներ պիտի աւերեն այդ շէնութիւնն ալ: Աննման սարեր, զուլալ ջրերով, կանաչաւէտ մարգերով. անտառներու ու հովիտնրու այդ զովութեան մէջ չենք զգար Յուլիսի տօթը: Կը թողունք մեր ետեւ բնութեան այդ գեղեցկութիւնները հասնելու համար Մելիքներու երկիրը, անոնց անառիկ լեռները:
Ամսուան մը տաժանելի ճամբորդութենէ վերջ կ՚որոշուի մնալ առժամապէս Սիսեանի շրջանը: Գորիս ենք, սիրուն քաղաք մը ձրի մը մէջ, պարտէզներու մէջ շինուած գեղեցիկ տուներով, որոնք վիլլաներու երեւոյթն ունին: Ուրախ են տեղացիները մեր գալուստով, որովհետեւ ուժեղցած նոր խումբով մը պիտի կրնան դիմադրել թշնամիին ու թոյլ պիտի չտան այդ խաժամուժին ոտք կոխել իրենց հողը: Կ՚անցնին քանի մը օրեր, թրքական քանի մը յարձակումներու կը պատասխանեն մերինները յաջող կերպով ու վերստերով հեռու կը քշեն զանոնք:
Ապահով է այլեւս կացութիւնը: Սակայն ոչ մէկ լուր Երեւանի եւ շրջականներու մասին: Շշուկներ կը հասնին երբեմն, մեր ժողովուրդի հաւանական ոչնչացման մասին կասկածներ կ՚ունենանք, բայց եւ չեն պակսիր լաւ լուրեր, զօրքերու յաջողութեան, նոր պետութեան մը ստեղծման ու հայկական պարլամենտի մասին կը խօսին: Չենք հաւատար, այս բոլորին մէջ թրքական դաւադրութեան մը մատը կը տեսնենք: Շշուկները կը հաստատուին. սարերու ճամբով փախչող եկուորներ նոյնը կը պնդեն: Սասունցիները, սակայն, Թովմաս առաքեալի ցեղէն են, մինչեւ որ աչքով չտեսնեն ու ձեռքով չշօշափեն՝ չեն հաւատար: Հոգիս կը խայտայ, սկեպտիկ չեմ այլեւս: Կ՚ուզեմ հաւատալ այդ անհաւատալի լուրերուն: Ճգնաժամը անցած է եւ լաւ օրերու հեռանկարը կը խանդավառէ զիս: Կը ջանամ համոզել խումբը վերադառնալ Երեւան ու այնտեղ պահպանել մեր նորաստեղծ պետութիւնը, բայց Ղարաբաղն ալ պաշտպանուելու պէտք ունի:
Յանդուգն քայլ մը եւս, եւ ահա առաւօտ մը տասը ձիաւորներով ճամբայ կ՚ելլենք դառնալու մեր նոր հայրենիքը: Կը մտածենք շատ մը հաւանական վտանգներու մասին, բայց հեռապատկերը որ մեզ կը քաշէ իրեն արհամարհել կու տայ ամէն վտանգ: Կ՚անցինք նոյն ճամբաներէն որ երկու ամիս առաջ անցեր էինք մեր պատկառելի խումբով:
Քիչ ենք թէեւ դիմադրելու հաւանական յարձակումներու դէմ, բայց անվտանգ տեղ հասնելու մեր հաւատքը ժայռի չափ ամուր է:
Վերադարձի կրկնակի տաժանքներէն յետոյ առաւօտ մը կը մտնենք Երեւան: Հեքիաթի եօթը մանուկները քարայրի մէջ իրենց հարիւր յիսուն տարուայ քունէն յետոյ երբ եկան քաղաք, այնքան չզարմացան իրենց տեսած նոր թագաւորներով, նոր ժողովուրդով ու նոր կարգերով՝ որքան մենք երբ մտանք Երեւան: Դարաւոր քունէ մը արթնցածի պէս փոխուած կը տեսնէինք ամէն ինչ: Ճիշդ երեք ամիս անցեր էր մեր մեկնումի օրէն, սակայն երեք անգամ տասը տարիներու փոփոխութիւնը կը տեսնէինք: Գլխաւոր պողոտայէն կ՚անցնինք, տուներէն երգերու եւ նուագի զուարթ ձայներ կը հնչեն, մայթերու վրայ կը ճեմեն ուրախ դէմքեր: Շուրջս կը նայիմ փնտռելու համար նահանջի օրուայ խուճապը. ոչ մէկ հետք այն օրէն: Ամէն կողմ խաղաղ ու կանոնաւոր է: Մօտեցած եմ բնակարանիս ու սիրելիներբւ կարօտը կը քաշէ զիս հոն: Յանկարծ կը նշմարեմ հեռուէն հայկական եռագոյնը, սիրտս կը տրոփէ, ձիս կ՚ուղղեմ դէպի այն կողմ ու սրբազան երկիւղածութեամբ կանգ կ՚առնեմ հայ դրօշին առջեւ: Նախկին հայ թատրոնին շէնքն է, որ վերածուած է խորհրդարանի: Պարլամենտի նիստ կայ կ՚ըսեն: Հետզհետէ ինքնաշարժով հոն կը հասնին պարլամենտի նախագահ մեր հայր Աբրահամը (Աւ. Սահակեան), վարչապետ Քաջազնունին, ուրիշ նախարարներ, երեսփոխաններ: Ահա Արամը, հերոսը մեր պետութեան ստեղծման, որուն շատ բան կը պարտինք: Կը հարցուփորձէ զիս, լուր կ՚ուզէ իր հայրենիքէն, տեղեկութիւն հեռաւոր հայերու մասին: Ոգեւորութեամբ կը պատասխանեմ իրեն որ հայրենիքը պատուարի պէս կանգուն է Հայաստանի սահմանին վրայ թաթարական բոլոր յարձակումներու դէմ:
Կ՚ողջագուրուիմ ծանօթներու հետ, կը զգամոր հպարտութիւն ունին անոնք ազատ հայրենիքին զաւակը ըլլալու, թէեւ սեղմ ու փոքրիկ, բայց ազատ ու ինքնիշխան:
Փա՜ռք մեր երէկուան փոքրիկ հայրենիքին՝ որ այսօրուան մեր անկախ Հայաստանը եղաւ:
Լէօլա Սասունի
(«Ճակատամարտ», 29 Մայիս, 1919)
Լոլա Սասունի (1893-1969)- Բուն անունով` Հռիփսիմէ Մեծատուրեան, ծնած է պատմական Հայաստանի Ակն` Բինկեանի շրջանը (Ակն): 1917-ին ամուսնացած է իր գաղափարակից ընկերոջ՝ Կարօ Սասունիի հետ: 1918-ի մայիսեան անկախութեան նախօրեակին Համազասպի խումբին հետ մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին: Այնուհետեւ, մի՚շտ եղած է որբերու ու վիրաւորներու կողքը, մասնակցած է ազգային կեանքի տարբեր մարզերու կազմակերպման եւ կայացման: