Հայկազեան hամալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը կը կազմակերպէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած գիտաժողով
- (0)

Հայկազեան hամալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Երկուշաբթի, 12 եւ Երեքշաբթի 13 Դեկտեմբեր 2022ին պիտի կայացնէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր եօթերորդ եւ վերջին գիտաժողովը: Գիտաժողովը պիտի կայանայ անձամբ ներկայութեամբ եւ/կամ հեռահողրդակցութեամբ:
Արդ, կը հրաւիրենք Սփիւռքի եւ հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները՝ որոնք հետաքրքրուած են կամ կ’առնչուին վերոյիշեալ հայօճախներու կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու Կեդրոնիս՝ հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ:
Ա.- Մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ.-
1) Պատմութիւն.- Հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ՝ 1940ականներէն մինչեւ մեր օրերը:
2) Բնակավայրեր.- Հայկական բնակավայրերը, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները, հայութեան բնութագրումը տուեալ երկիրներուն մէջ, ներքին կազմակերպումը, կապը եւ առնչութիւնները Սփիւռքի մօտիկ թէ հեռաւոր հայօճախներուն եւն.:
3) Հայ Եկեղեցին (Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական).- Թեմական կեանք, Հայ Եկեղեցին եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ:
4) Ազգային կեանք.- Հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական եւն.), անոնց կենսագործունէութիւնը, հոլովոյթը, միջմիութենական եւ միջշրջանային յարաբերութիւններ:
5) Մշակոյթ.- Հայ դպրոցները, հայերէնագիտութիւնը, ձայնասփիւռի կայանները, հեռատեսիլի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, հայօճախին մշակութային առանձնայատկութիւնները:
6) Համարկում.- Հայութեան նպաստը վերոյիշեալ երկիրներու մշակոյթին, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին, արհեստներուն եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ ընկերային ու մարդասիրական բնագաւառներուն:
7) Հայերը տեղաբնիկներուն պատկերացումին մէջ.- Հայերուն պատկերը տեղաբնիկներուն մշակոյթին թէ հանրային հաղորդակցամիջոցներուն մէջ:
8) Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէ/Սփիւռքի նախարարութիւն/Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ–հայօճախներ փոխյարաբերութիւն:
9) Միջպետական յարաբերութիւններ.- Հայաստանի Հանրապետութիւն-արաբական ծոցի երկիրներ պետական յարաբերութիւնները, անոնց ընթացքը, զարգացումը, փոխգործակցութիւնը:
10) Հայաստանցի քաղաքացիները արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ.- Անոնց կենսագործունէութիւնը, դիմապատկերը, ընդհանուր արժեւորումը:
11) Ինքնութեան հարցեր.- Նոր սերունդներու հայերէնախօսութիւնը, մշակութային պաշարը, ինքնութենական հարցերը:
Բ.- Մասնակցութեան տուեալներ
1) Դիմորդները պարտին մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2022 Կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսած բովանդակութիւնը:
2) Դիմումները եւ նիւթերը քննարկուելէ եւ ընտրուելէ ետք պատասխանը կը տրուի մինչեւ 7 Հոկտեմբեր 2022:
3) Մասնակիցներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ ներկայացնել իրենց ուսումնասիրութեան մասին՝ արաբերէն, հայերէն կամ անգլերէն:
4) Մասնակիցները յանձնառու են իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տրամադրելու՝ գիտաժողովի զեկուցագիրքին: Հետեւաբար, անոնք պարտին վերջնական ձեւի բերած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք Կեդրոնին մինչեւ 28 Փետրուար 2023:
Գ. հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ եռօրեայ կեցութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարան, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.- հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել՝ adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին:
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն