«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելած Են Ներքին Հանդ Եւ Շիկահող

6 յուլիսին «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը եւ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը այցելած են Սիւնիքի մարզ` տեղւոյն իրավիճակին ծանօթանալու, մարտ ամսուն Ներքին Հանդ գիւղի հատուածին մէջ թշնամական յառաջխաղացքին մասին ամբողջական պատկեր կազմելու նպատակով: Պատգամաւորներուն ուղեկցած է պաշտօնաթող զօր. Վալերիկ Քոչարեան:

Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեանի եւ համայնքային պաշտօնեաներու հետ պատգամաւորները այցելած են Ներքին Հանդ եւ Շիկահող համայնքներ, հանդիպած բնակիչներուն հետ:

Վերջիններս ներկայացուցած են տիրող իրավիճակը, իրենց մտահոգութիւնները: Յատկապէս Ներքին Հանդի մէջ բնակիչները մտահոգութիւն յայտնած են փետրուար-մարտ 2022-ին թշնամիի յառաջխաղացքներուն առիթով, որ լուրջ անվտանգային սպառնալիք դարձած է բնակավայրի, ինչպէս նաեւ` հայ դիրքապահներու համար:

Տեղւոյն վրայ կատարուած դիտարկումներէն յստակ դարձած է, որ հակառակ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի` Ազգային ժողովին մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, վերջին ամիսներուն Ներքին Հանդի մէջ թշնամիի յառաջխաղացք եղած է, սակայն կարելի էր արգելակել եւ թոյլ չտալ յաւելեալ սպառնալիքներ ստեղծել անվտանգային համակարգին համար:

Պատգամաւորները ափսոսանք յայտնեցին, որ, հակառակ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, տեղւոյն վրայ իրավիճակը քննարկելու համար այդպէս ալ Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչները չէին մասնակցած այցելութեան եւ ներկայացուցած իրենց հիմնաւորումները: Հարցը կը մնայ բաց, եւ արձանագրելի է, որ Ներքին Հանդի հատուածին մէջ եւս 2022-ի գարնան տեղի ունեցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք թշնամիի յառաջխաղացք, որ այդպէս ալ չէ կասեցուած:

Այցելութենէն ետք աւելի քան պարզ է, որ իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն, որ մոռացութեան տրուին իրենց անգործութեան պատճառով կատարուած զիջումներն ու նահանջները եւ կարեւոր է նման այցելութիւններով, հարցապնդումներով բարձրաձայնել իրավիճակն ու թոյլ չտալ կեղծիքով քողարկել Հայաստանին սպառնացող վտանգները:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.