«Հայաստան» խմբակցութեան նամակը՝ ՀՀ ժամանող ԱՄՆ փոխնախագահին

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը նամակ մը յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակին բովանդակութիւնը։


Յարգելի պարոն փոխնախագահ,

Ձեր յառաջիկայ այցելութիւնը Հայաստան տեղի կ’ունենայ մեր ժողովուրդին համար ներքին եւ արտաքին բաւական բարդ պայմաններու մէջ։ Հայաստանը, մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ արտաքին ոտնձգութիւն՝ իր ինքնիշխան տարածքներու ատրպէյճանական գրաւման, հարեւան երկիրներու կողմէ ապօրինի շրջափակման եւ թշնամական քաղաքականութեան դրսեւորումներով, իսկ միւս կողմէ կը դիմագրաւէ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ճգնաժամ, դատական համակարգի քաղաքական վերահսկողութիւն, իշխանութիւններու կողմէ օրէնքի գերակայութեան ոտնահարում, ընդդիմադիրներու դէմ համակարգային ճնշումներ եւ հալածանքներ։

Հայաստանի իշխանութիւններու ամբողջատիրական ձգտումները չեն շրջանցած նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ եկեղեցին իշխանութիւններու քաղաքական կամքին ենթարկելու մտադրութեամբ։ Տասը բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ հարուցուած են շինծու քրէական գործեր։ Նշուած հոգեւորականներէն մէկը արդէն դատապարտուած է երկու տարուան ազատազրկման, իսկ երեքի պարագային կալանքը կիրառուած է որպէս խափանման միջոց։ Հայաստանի իշխանութիւնները ապօրինի կերպով կը խախտեն եկեղեցւոյ ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը՝ այդպիսով կոպտօրէն ոտնահարելով Հայաստանի օրէնսդրութիւնը եւ միջազգային պայմանադրային պարտաւորութիւնները։

Մենք կը գնահատենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործող վարչակազմին հարաւային կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը, որոնց արդիւնքներէն մէկն ալ Ձեր այցելութիւնն է տարածաշրջան։

Պարոն փոխնախագահ, Ձեր այցելութիւնը Հայաստան եւ տարածաշրջան իրապէս կրնայ բնութագրուիլ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ խաղաղութեան իրական օրակարգի խթանմամբ․ խաղաղութիւն, որ հիմնուած է արդարութեան եւ արժանապատուութեան վրայ, խաղաղութիւն, ուր յարգուած են միջազգային երաշխիքներով իրագործուած արցախահայութեան անքակտելի իրաւունքները եւ խաղաղութիւն, որ չ՚արդարացներ ցեղային զտումները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները։

Այս ծիրէն ներս, արտօնեցէ՛ք անգամ մը եւս գոհունակութեամբ արձանագրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան՝ 2025 թուականի սեպտեմբերին ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամներուն ներկայացուած քաղաքական դիրքորոշումը՝ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի եւ Արցախի սրբավայրերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձի վերաբերեալ։ Ձեր այս այցելութիւնը լաւագոյն առիթն է՝ հետեւողական ըլլալու ԱՄՆ գործադիր իշխանութեան կողմէ հրապարակուած այս սկզբունքներուն։

Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մշտապէս աչքի ինկած են ամուր բարեկամութեամբ, քաղաքական երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի բարձր մակարդակով։ Մեր պետութիւններու երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ իր ուրոյն դերը ունի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւելի քան մէկ միլիոն հաշուող հայ համայնքը, որ կազմաւորուած է Հայոց ցեղասպանութեան սարսափը վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներու հիւրընկալ հողին վրայ ապաստան գտած մեր հարիւր հազարաւոր հայրենակիցներուն կողմէ։ Մենք վճռակամ ենք ապագային առաւել եւս խորացնելու հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործակցութիւնը՝ ի շահ մեր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն։

Պարոն փոխնախագահ, տեղեկացնելով Ձեզ Հայաստանի ներքաղաքական իրողութիւններուն մասին՝ բոլորովին չենք ակնկալեր Ձեր միջամտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կեանքին։ Հայաստանի քաղաքական գործընթացներու անկախութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական որեւէ կեդրոնի կողմէ որեւէ միջամտութեան բացարձակ բացառումը Հայաստանի Հանրապետութեան ընդդիմութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն մէկն է։ Հայաստանի ժողովրդավարական կարգերու վերահաստատումը մեր ներքին գործն է, որուն հետեւողական է ընդդիմութիւնը։

Մեր ակնկալիքն է Ձեր գործուն ներգրաւումը՝ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող մեր առնուազն 19 հայրենակիցներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձի հարցին մէջ։ Այս անձնաւորութիւնները զրկուած են մարդկային հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութենէն եւ խոշտանգումներու կ’ենթարկուին բացառապէս իրենց ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով։

Համոզուած ենք, որ ամերիկեան գործող վարչակազմը, հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, կրնայ լուծում տալ մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար չափազանց կարեւոր այս հարցին, ինչ որ զգալիօրէն պիտի բարձրացնէ նաեւ փոխվստահութեան մթնոլորտը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի զօրացնէ ամերիկեան միջնորդութեան դիրքերն ու պիտի ամրապնդէ անոր հասարակական ընկալումը։

Պարոն փոխնախագահ, վերոյիշեալ հարցերը քննարկելու նպատակով ուրախ պիտի ըլլանք Ձեզ հետ հանդիպելու Ձեր այցելութեան ընթացքին։ Մենք նման հանդիպումը կը նկատենք յատկապէս կարեւոր՝ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ մեր գնահատականները փոխանցելու համար։

Յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ այցելութիւն մաղթելով՝
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն