Հայաստան Եւ Ֆրանսա Ստորագրեցին Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Համագործակցութեան 2025ի Ծրագիրը
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցան Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական պաշտպանական խորհրդակցութիւններ, որոնցմէ ետք ստորագրուեցաւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան 2025ի ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ քանի մը տասնեակ նախաձեռնութիւններ՝ զինուած ուժերու գործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան եւ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան եւ ռազմավարութեան գլխաւոր վարչութեան Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի ու բազմակողմանի համագործակցութեան վարչութեան պետ Ալեքսանտր Էսքորսիա հաստատեցին վերջին շրջանին աշխոյժ համագործակցութեան ռազմավարական նշանակութիւնը եւ սահմանեցին համագործակցութեան զարգացման աւելի բարձր նշաձող մը:
Անոնք կարեւոր նկատեցին համագործակցութիւնը պաշտպանական ծրագրաւորման, ռազմական կրթութեան եւ վարժութիւններու, խորհրդատուական աջակցութեան, զանազան զօրատեսակներու պատրաստութեան, սպառազինութեան եւ այլ ուղղութիւններով:
Էսքորսիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունեց Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեան: Անոնք քննարկեցին Հայաստանի զինուած ուժերու կերպափոխման գործընթացին առաջնահերթութիւնները եւ այդ ծիրին մէջ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան ընթացքը: Ասրեան գոհունակութիւն յայտնեց համագործակցութեան ներկայ մակարդակին համար եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ անիկա պիտի շարունակէ զարգանալ:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։
Comments are closed.