Դեկտեմբեր 03, 2025
Հայաստան Եւ Միացեալ Էմիրութիւնները Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Համագործակցելու Պայմանագիր Մը Ստորագրեցին
- (0)

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Միացեալ Էմիրութիւններու փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Համտան պըն Մուհամետ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթում պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր մը ստորագրեցին:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ այդ համաձայնագիրը կը ճշդէ գործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Անոնք քննարկեցին նաեւ պաշտպանական համագործակցութեան կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր։