Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $16.7 միլիոն արժէքով քաղցկեղի դեղորայք հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Հայաստան Արցախ Ֆոնտը յայտարարեց թէ 34 տարուայ իր պատմութեան մէջ դեղորայքի ամէնէն թանկարժէք օդային առաքումը կատարած է Հայաստանի ու Արցախի համար։ Առաքումը՝ $16.7 միլիոն արժէքով, Երեւան հասած է Մայիս 4, 2023-ին։
Այս բացառիկ առաքման ամբողջութիւնը առատաձեռնօրէն նուիրած է Direct Relief-ը՝ բարեգործական կազմակերպութիւն մը, որուն հետ աւելի քան 30 տարի գործակցած են Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը։
Առաքումը բաղկացած էր 4,000 միաւոր՝ քաղցկեղի դարմանման վերաբերող, մեծապէս սուղ դեղէ մը։ Հայաստանը ստացաւ այս դեղէն 3,800 միաւոր՝ $15,865,000 արժէքով, իսկ Արցախի բաժինն էր 200 միաւոր՝ $835,000 արժէքով։ Դեղը, որ կը կոչուի Udenyca (Pegfilgrastim), նախապէս լեցուած, օգտագործման համար պատրաստ ներարկում մըն է, որուն նպատակն է վարակման վտանգը նուազեցնել քիմիաբուժութեան (chemotherapy) ընթացքին։
«Չափազանց բարձր կը գնահատենք Direct Relief -ի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի համար նուիրուած, կեանք փրկող դեղերը, ինչպէս նաեւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին տրամադրած անյապաղ օգնութիւնը՝ զանոնք Արցախի մէջ շրջափակուած 120,000 հայութեան հասցնելու նպատակին համար», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան։
Անցեալ 34 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $991 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ մեծաւ մասամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, 158 թռիչքներով եւ 2,558 ծովային արկղերով։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։

Comments are closed.