Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Վերսկսի Սփիւռքի Երիտասարդներուն «Արի Տուն» Ծրագիրին

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պիտի վերսկսի «Արի տուն» ծրագիրին, որուն նպատակն է` աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները ծանօթացնել Հայաստան հայրենիքին, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութեան, ծանօթացնել իր ժողովուրդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն, հայ ընտանիքին:

Ծրագիրը պիտի սկսի 18 յունիս 2017-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 օգոստոս` 8 փուլերով (իւրաքանչիւր փուլը` 14 օր, որմէ 9 օրը` հիւրընկալող ընտանիքներուն, իսկ 4 օրը` բանակավայրին մէջ): Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 13-18 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք նախապէս չեն մասնակցած «Արի տուն» ծրագիրին:

Ծրագիրին ընթացքին երիտասարդները կրնան հիւրընկալուիլ նաեւ բարեկամներու տուն, իսկ անոնց չգոյութեան պարագային, Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու, Հայաստանի մարզպետարաններու եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ընտրուած ընտանիքներուն կողմէ` կամաւորաբար: Ծրագիրին մասնակցութեան համար խումբերու եւ անհատներու հաւաքագրումը եւ Հայաստան այցելութեան գործընթացը կ՛իրականացուի սփիւռքի համայնքային կառոյցներու, կրթօճախներու եւ հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ` տուեալ երկրին մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն աջակցութեամբ: Ծրագիրին մասնակցելու համար կարելի է դիմել նաեւ անհատապէս` տեղեկացնելով համապատասխան համայնքային կառոյցին:

Հայաստան այցելող երիտասարդները իրենց ճամբու ծախսը կը հոգան սեփական կամ հովանաւորներու միջոցներով:

«Արի տուն» ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի ապահովէ նաեւ երիտասարդներուն դիմաւորումն ու ճամբելը, պիտի կազմակերպէ հայոց լեզուի դասընթացքներ, այցելութիւններ թանգարաններ, շրջապտոյտներ` Հայաստանի տեսարժան վայրեր: Ծրագիրի ճամբարային փուլի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին նաեւ ուսուցողական ծրագիրներ` հայոց լեզուի, հայրենագիտութեան, ազգային երգի ու պարի դասընթացքներ: Պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ Հայաստանի պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ եւ այլն:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար այցելել հետեւեալ կայքէջը.http://www.mindiaspora.am/am/eventscalendar/299

Traveler

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.