Հայաստանի Ուժանիւթի Բնագաւառին Մէջ՝ Ամերիկեան Գերժամանակակից Արհեստագիտութիւն

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվինի յայտարարեց, որ ուրախութեամբ մասնակցեցաւ դարձաւ 3.4 միլիոն տոլար արժողութեամբ գերժամանակակից վարժասարքի գործարկման, որ պիտի օժանդակէ հիւլէական ուժանիւթի կայանի ապահով օգտագործման։

«Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի բաժանմունքին եւ Հայաստանի Մեծամօր հիւլէական կայանի համագործակցութեան շնորհիւ, նորագոյն ամերիկեան արհեստագիտութիւններու ականատես կը դառնանք, որ հիւլէական ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու առաւել քան 25 տարիներու համագործակցութեան ձեռքբերումներէն է», յայտնեց Քվինի: