Հայաստանի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի համահայկական խորհրդաժողովը

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը պիտի գումարուի Հայաստանի մէջ՝ 25-28 սեպտեմբերին։

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով կազմակերպուող համահայկական այս հաւաքին պիտի մասնակցին շուրջ քսան երկիրներէ ժամանած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Խորհրդաժողովի նպատակն է արժեւորել Հայ Դատի կառոյցներու նախորդ ժամանակաշրջանի աշխատանքը, քննարկել եւ համադրել յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարել մարտավարական անհրաժեշտ վերանայումներ։

Խորհրդաժողովի օրակարգի առանցքին պիտի գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած արտաքին քաղաքական հիմնական մարտահրաւէրները։ Քննարկումներուն ընթացքին ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ այդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման գործին մէջ Հայ Դատի համաշխարհային համակարգի ներուժի նպատակային եւ համակարգուած օգտագործման։

Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 սեպտեմբերին, ժամը 12։00-ին, Երեւանի «Էլիթ Փլազա» կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ։