Հայաստանի մէջ Ձերբակալուեցան 13 Հոգեւորականներ, Որոնց Կարգին` Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը
- (0)

15 Հոկտեմբերին, Ս. Էջմիածինէն հաղորդեցին, որ ձերբակալուած են Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեան, 12 քահանաներ, թեմի հաշուապահը, գանձապահը եւ գործավարը: Անոնք առանց նախազգուշացումի անհետացան, աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ անոնք ձերբակալուած են։
Ս. Էջմիածինը հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտնեց, որ նոյն օրը լուսադէմին, իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչները Արագածոտնի թեմի Յովհաննավանքի սպասաւոր Արամ քհնյ. Ասատրեանի հրապարակած ստայօդ տեղեկութիւններու եւ «Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Դանիէլ Իոաննիսեանի հաղորդումին հիման վրայ խուզարկութիւններ կատարած են Արագածոտնի թեմի առաջնորդարանին, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանի եւ Արագածոտնի թեմի քահանաներու ու աշխատակիցներու բնակարաններուն մէջ։
Ս. Էջմիածինի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այս պահին յայտնի տեղեկութիւններով բերման են ենթարկուել Արագածոտնի թեմի առաջնորդը, թեմի 12 քահանաներ՝ Փառէն քհնյ. Առաքելեանը, Հայկ քհնյ. Քոչարեանը, Մկրտիչ քհնյ. Երանեանը, Մանուկ քհնյ. Զէյնալեանը, Ղեւոնդ քհնյ. Գափոյեանը, Հայկ քհնյ. Սահակեանը, Սարգիս քհնյ. Սարգսեանը, Գարեգին քհնյ. Արսէնեանը, Նարեկ քհնյ. Սարգսեանը, Օշին քհնյ. Հայրապետեանը, Վրթանէս քհնյ. Բաղալեանը, Համբարձում քհնյ. Դանիէլեանը, Արագածոտնի թեմի հաշուապահը, գանձապահը եւ գործավարը: Օրէնքի կոպտագոյն ոտնահարմամբ ժամեր շարունակ ծածուկ է պահուել Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանի, Սարգիս քհնյ Սարգսեանի, Նարեկ քհնյ. Սարգսեանի, Օշին քհնյ. Հայրապետեանի, Համբարձում քհնյ. Դանիէլեանի, Վրթանէս քհնյ. Բաղալեանի պահման վայրը, եւ նրանք զրկուած են եղել իրաւական աջակցութիւն ստանալու որեւէ հնարաւորութիւնից: Արագածոտնի թեմի առաջնորդի, թեմում ծառայող քահանաների եւ աշխատակիցների նկատմամբ իրականացուած ապօրինի քրէական հետապնդման գործողութիւնները հերթական դրսեւորումն են իշխանութիւնների հրահրած հակաեկեղեցական համակարգուած արշաւի: Նմանօրինակ դատապարտելի գործողութիւններով ակնյայտ չարամիտ դիտաւորութիւն է հետապնդւում խափանելու Եկեղեցու բնականոն գործունէութիւնը, հարուածելու Եկեղեցու հեղինակութեանը եւ վախի ու տագնապի մթնոլորտ տարածելու հոգեւորականների, հաւատացեալների ու հանրութեան լայն շրջանակներում: Հակաօրինական այս գործողութիւնների պատճառով խոչընդոտուել է թեմի գործունէութիւնն ու ծիսա-արարողական կեանքը, խաթարուել հոգեւոր հովիւների ծառայութիւնը: Ամբողջատիրական համակարգերին բնորոշ նմանօրինակ բռնաճնշումների կիրառմամբ ՀՀ իշխանութիւնները կոպտօրէն ոտնահարում կրօնական ազատութեան իրաւունքը, վիրաւորում հաւատացեալների կրօնական զգացումները, շարունակում տարածել ատելութիւն` խորացնելով հանրային պառակտումը: Մեր հոգեւորականներին եւ հաւատացեալ ժողովրդին կոչ ենք ուղղում չտրուել սադրանքներին, ամուր մնալ եկեղեցու պաշտպանութեան դիրքերում: Խարդաւանքներով, սպառնալիքներով եւ բռնաճնշումներով հնարաւոր չէ ընկճել հոգեւոր սպասաւորներին եւ հաւատաւոր ժողովրդին: Աղօթում ենք հայրենի մեր երկրի խաղաղութեան եւ մեր ժողովրդի անվտանգ կեանքի համար»։
Մկրտիչ սրբազանի դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ` ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելու, պաշտօնական դիրքը օգտագործելու, իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անորմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով հաւաք կազմակերպելը կամ անոնց մասնակցիլը խոչընդոտելու կամ հարկադրելու, ինչպէս նաեւ հաւաքին մասնակցելու կամ հաւաքին մասնակցելէ հրաժարելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելու մեղադրանքով:
Քննչական կոմիտէն յայտնեց, որ կատարուած առաւել քան երկու տասնեակ խուզարկութիւններուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած եւ գրաւուած են քրէական վարոյթի համար նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթեր, ելեկտրոնային տեղեկատուութիւն պարունակող կրիչներ, առանձնապէս մեծ գումար, ոսկեայ, արծաթեայ մեծաքանակ զարդեր, շարք մը առեւտրական կազմակերպութիւններու անուններով տրուած բազմաթիւ վառելիքի կտրօններ, այլ իրեր եւ առարկաներ։ Մեղադրանք առաջադրուած է 3 անձերու, որոնց կարգին՝ թեմի առաջնորդին դէմ:
Ըստ նշեալ հոգեւորականներունփաստաբաններուն` թէեւ հոգեւորականները հարկադրաբար ձերբակալուած են, սակայն Քննչական կոմիտէին մէջ անոնք վկայի կարգավիճակ ունին: Փաստաբաններուն չթոյլատրուեցաւ մտնել Քննչական վարչութեան շէնքը։
Հոգեւորականներու փաստաբաններ Մարինէ Ֆարմանեան եւ Արա Զոհրաբեան յայտնեցին, որ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեանի հաղորդումին հիման վրայ ձերբակալուած են հոգեւորականները, յատկապէս՝ Յովհաննավանքի հոգեւոր հովիւ Արամ քահանայի` Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն ունեցած հարցազրոյցին հիման վրայ։
Իոաննիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Շուրջ մէկ ամիս առաջ Հանրային հեռուստատեսութեան եթերում քահանայ տէր Արամը յայտարարել էր, որ 21 թուականին իրեն պարտադրել են մասնակցել քաղաքական ուժերից մէկի նախընտրական հանրահաւաքին: Դա քրէօրէն պատժելի արարք է: Այդ յայտարարութեան հիմքով ինչպէս ժողովրդավարական կարգին ուղղուած ցանկացած հրապարակային յայտնուած տեղեկատուութեան դէպքում, մենք յանցագործութեան մասին հաղորդում ենք ներկայացրել դատախազութիւն: Ճիշդն ասած` հաղորդումը ներկայացնելուց յետոյ հետագայ ընթացքի վերաբերեալ տեղեկութիւն չունէինք եւ չգիտէինք, որ քրէական վարոյթը յարուցուել է: Այսօր իմացանք»։