Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Երկրորդ Տարին Ըլլալով Կը Նահանջէ «Իքանամիսթ Ինթելիճընս Եունիթ»

Horizon Weekly Newspaper

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ըստ բրիտանական հեղինակաւոր «Իքանամիսթ ինթելիճընս եունիթ» (Economist Intelligence Unit) հետազօտական կեդրոնին, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով նահանջ կ՛արձանագրէ:

Ըստ կազմակերպութեան Ժողովրդավարութեան ցանկին  (The Democracy Index) վերջին զեկոյցին, 2024-ին, Հայաստանի ժողովրդավարութեան տուեալը եղած է 5,35` գրեթէ 5 տոկոսով կամ 0,28 միաւորով նուազ 2022-ի ցուցանիշէն:

Ժողովրդավարութեան ցանկի ղեկավար Ճոէն Հաուի «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով` յայտնեց, որ 2024-ի այս ցուցանիշի անկումին պատճառը Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան ցուցանիշի վատթարացումն է: «2022-էն ի վեր Հայաստանի ընդհանուր ցանկի միաւորումին մէջ փոփոխութիւններ եղած են. երկիրը 2022-ին ունեցած է 5,63 միաւոր: Այս ցուցանիշը 2023-ի վերջաւորութեան նուազեցաւ մինչեւ 5,42` այդ տարուան ողբերգական դէպքերէն ետք, երբ փուլ եկաւ կառավարութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ վստահութիւնը: 2024-ին միաւորը առաւել նուազեցաւ` հասնելով 5,35-ի` կաշառակերութեան ցուցանիշի վատթարացումէն ետք», ըսաւ Հաուի, ըստ որուն, Հայաստանի մէջ բազմաթիւ բարեփոխումներ կը մնան տեղքայլի մէջ, ինչպէս նաեւ մեծապէս նկատելի է իշխանութեան կեդրոնացումը վարչապետին եւ անոր շրջապատին ձեռքը, իսկ խորհրդարանը լուսանցքի մէջ է, մինչ խորհրդարանը պէտք է անկախ մարմին մը ըլլայ, բայց այլեւս իբրեւ անկախ մարմին չի գործեր Հայաստանի մէջ:

Թէեւ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ համակարգային կաշառակերութիւն չկայ, սակայն վերջերս հրապարակուած «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընըլ»-ի` կաշառակերութեան ընկալման ցանկին մէջ Հայաստան դրական 100 առաւելագոյնէն 47 միաւոր ստացած էր: Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով` Հայաստան անընդմէջ նոյն միաւորը կ՛արձանագրէ: Այս իրավիճակը ոլորտի փորձագէտները «լճացում» բառով կը բնութագրեն:

Քաղաքակրթական եւ մշակութային հետազօտութիւններու կեդրոնի գիտաշխատող, քաղաքագէտ Նարեկ Սուքիասեան դիտել տուաւ, որ Ժողովրդավարութեան ցանկի ցուցանիշին վրայ ազդած են նաեւ ներքաղաքական գործօններ, որոնց կարգին` դատական համակարգի անկախութեան պակասը:

«Թերեւս կրնանք նշել գործադիրի մասնակցութիւնը դատական իշխանութեան մէջ, յատկապէս` պաշտօններու մասով, որ կասկածի տակ դրած է դատական համակարգի անկախութիւնը: Մենք կրնանք քաղաքացիներուն վստահութեան առնչուող հարցերուն մասին ենթադրութիւն կատարել եւ կը նկատենք, որ ըստ այլ հարցումներու, աւելի բաց հարցումներու` վստահութիւնը բարձր մակարդակի վրայ չէ, կը նկատենք ընտրութիւններու մասնակցութեան շատ ցած ցուցանիշ, որ բաւական խօսուն է», ըսաւ Սուքիասեան: