Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանամերձ Ակունք Գիւղի Վերանորոգուած Գրադարանի Բացում

Horizon Weekly Newspaper

25 Յունուար 2025-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիք մարզի Ակունք սահմանամերձ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը տեղւոյն միջնակարգ դպրոցի նոր գրադարանին։ Ակունք սահմանամերձ գիւղը կը գտնուի Երեւանէն 163 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, բնակչութեան թիւը կը կազմէ 3888 մարդ։ Գիւղին միակ միջնակարգ դպրոցը ներկայիս ունի 370 աշակերտ։

Մարդասիրական այս ծրագիրը հովանաւորուած էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի կողմէ, իսկ վերանորոգման նախաձեռնութիւնը ստանձնած էր Հայաստանի մէջ գործող «Կարօ Յովակիմեան» բարեգործական հիմնադրամը։ Համագործակցութեան մասնակից էր նաեւ QSI Երեւանի Միջազգային դպրոցը։

1904 ին հիմնուած, ապա 1972-ին վերակառուցուած դպրոցի ամէնէն անբարեկարգ բաժինը գրադարանն էր, վայր, զոր վերանորոգելն ու գրաւիչ դարձնելը շատ անհրաժեշտ էր ինքնակրթութեան, ինքնազարգացման ու այլ ժամանցի հնարաւորութենէ զրկուած այս հեռաւոր շրջանին մէջ ապրող աշակերտութեան համար։

Այս մեկնակէտէն ուղղուած «Կարօ Յովակիմեան» հիմնադրամն ու Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը նպատակայարմար գտան՝ համատեղ ջանքերով վերանորոգել գիւղին գրադարանը, զինել արդիական միջոցներով եւ զայն վերածել լոյսի ակունքի մը, որ ի զօրու պիտի ըլլայ յագեցնելու դպրոցի գրքասէր եւ ուսումնատենչ աշակերտութեան գիտելիքի ծարաւը։

Վերանորոգուած գրադարանին բացման առիթով՝ դպրոցի տնօրէն Տիկին Լուսինէ Աւագեանի, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան մասնակցութեամբ պատրաստուած տօնական օրուան յատուկ գեղարուեստական յայտագիրն ու սրտի ոգեւորիչ խօսքերը կը վկայէին բոլորին սէրը գիրքին հանդէպ եւ կարեւորութիւնը՝ վերանորոգուած գրադարանին, որ իր 8000 հին ու համալրուած նոր գիրքերով եւ յարմարաւէտ կահաւորումով՝ դարձաւ բազմակողմանի զարգացման սիրելի վայր մը, լոյսի ակունք մը։ Տեղին է նշել, որ այս դպրոցի աշակերտները ոչ միայն գրքասէր են, այլեւ՝ գրքաստեղծ. դպրոցի աշակերտներէն երեքը արդէն գիրքերու հեղինակ են։

Գրադարանի բացման հանդիսութեան ընթացքին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Կարօ Յովակիմեան» հիմնադրամի հիմնադիր՝ հայրենադարձ Պրն. Սարգիս Յովակիմեանը, անոր խօսքով,- «Հայրենիքը կը սկսի սահմանէն, որուն համար զոհուեցան մեր ազգի զաւակները։ Հայրենիքը հողն է, իսկ հողը պահողը մարդը, որ պէտք է զինուի գիտելիքով։ Այս մեկնակէտէն ուղղուած մեր հիմնադրամը միշտ նպատակ ունեցած է ուշադրութիւն դարձնելու շրջաններուն։ Այս գրադարանին վերանորոգումը անհրաժեշտ գտանք, որպէսզի դպրոցի աշակերտները գիտելիքով զինուելու հնարաւորութիւն ունենան եւ դառնան լաւ հայ մարդ»։

Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետ Դոկտոր Տանիա Օհանեան, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի անունով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ.- «Հայաստանի մէջ իրականացուցած մեր ծրագիրներուն նպատակակէտը միշտ եղած են Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները, փորձեցինք այս նախաձեռնութեամբ ալ քիչ մը արեւ բերել այստեղ։ Ուրախ ենք, որ «Կարօ Յովակիմեան» հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Պրն. Յակոբ Մաքտիսի հետ, կրցանք իրականացնել այս ծրագիրը, որուն միջոցով կրնայ նաեւ կապ ստեղծուիլ այս դպրոցի եւ Գանատայի մէջ ապրող հասակակից աշակերտներուն միջեւ»։

Հանդիսութիւնը իր խօսքով փակեց Վարդենիսի Հոգեւոր Հովիւ`Արժանապատիւ Տ. Յարութիւն քահանայ Յունանեան եւ ըսաւ.- «Մեր կեանքի կարեւոր երեք արժէքներն են՝ եկեղեցին, զոր այսօր կը ներկայացնէ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը, Հայրենքը՝ զոր կը ներկայացնէ յանուն հայրենիքի իր կեանքը զոհած Կարօ Յովակիմեանի անունը կրող հիմնադրամը եւ գիտութիւնը, որ կը ներկայացնէ դպրոցը իր վերանորոգուած գրադարանով։ Այսօր, այս նախաձեռնութեամբ մենք մեծարեցինք այս երեք արժէքները, որոնք մեր փրկութեան ուղին են։ Թող այս գրադարանը սերունդներ զարգացնելու առիթ դառնայ»։

Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ մարդասիրական իր ծրագիրները Հայաստանի մէջ եւ կը ջանայ Հայաստան-Սփիւռք կապը պահել անխախտ, որպէսզի Գանատահայ պատանի եւ երիտասարդ սերունդը շարունակէ իր գործնական կապը հայրենիքին հետ, պահելով հայ լեզուն, ազգային արժէքները եւ քրիստոնէավայել իր կեանքը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Comments are closed.