Հայաստանի Կրթութեան Նախարարութիւնը Հերքեց Ազրպէյճանի Կողմէ Մշակութային Պատմական Իրականութիւններու Խեղաթիւրումները
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս հերքեց Ազրպէյճանի զանազան լրատուական հարթակներու վրայ տեղ գտած հրապարակումները, ըստ որոնց, իբր թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատուող (եւ ոչ միայն) հատուածներուն մէջ գտնուող հայկական պատմական եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ամրակայման, նորոգութեան եւ վերականգնման աշխատանքները «աղուանական հետքերու» վերացման նպատակ կը հետապնդեն:
Այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Նմանօրինակ լրատուութիւն ակնյայտ սուտ է, պատմական փաստերը կեղծելու Ազրպէյճանի ձեռնավարական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում:
Մասնաւորապէս Հայաստանի Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղի եկեղեցին (տեղացիները կ՛անուանեն Ս. Երրորդութիւն) կառուցուած է 19-րդ դարուն` տեղական կոպտատաշ քարէն, եւ եռանաւ պազիլիք հայկական եկեղեցի է: Պահպանուած են հայկական ըլլալու փաստը հաստատագրող` հարաւային աւանդատան պատուհանի վերեւի հատուածին մէջ պահպանուած արձանագրութիւնը («1888 ամի»)` կառուցման տարեթիւով, իսկ անկէ աջ նաեւ հայերէն արձանագրութիւնը: Կիրանցի այս եկեղեցին խորհրդային շրջանին վերածուած էր պահեստի: 2024 թ. Հայաստանի կառավարութեան յատկացուցած միջոցներով կ՛իրականացուին յուշարձանի ամրակայման, նորոգման, վերականգնման եւ զանգաշտարակ-ռոտոնդայի (կլոր գմբէթաւոր շէնք) տեղադրման գիտական նախագծային փաստաթուղթերու կազմման աշխատանքները»:
«Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպարի Ս. Աստուածածին կեդրոնագմբէթ եկեղեցին կառուցուած է 7-րդ դարուն: Անիկա պատկանած է հայկական վաղմիջնադարեան եկեղեցական ճարտարապետութեան «մաստարայատիպ» կառոյցներուն (Մաստարայի Ս. Յովհաննէս, Հառիճավանքի Ս. Գրիգոր, Արթիկի Ս. Գէորգ, Կարսի Առաքելոց): Ոսկեպարի վաղմիջնադարեան եկեղեցին հիմնական վերանորոգման ենթարկուած է 1975-1977 թուականներուն, սակայն մթնոլորտային տեղումներու պատճառով յառաջացած խոնաւութեան ներթափանցումէն եկեղեցւոյ տանիքածածկերը քայքայուած են, ծածկասալերը` վնասուած: 2024 թուականին պետական միջոցներով վերականգնուեցան յուշարձանի տանիքի ծածկասալերը:
«Հայաստանի Շիրակի մարզի Երերոյքի վաղքրիստոնէական տաճարը, որ նոյնպէս յայտնուած է ազրպէյճանական տեղեկատուական քարոզչութեան թիրախին եւ պատմական կեղծ պնդումով ներկայացուած` իբրեւ թրքական կոթող, ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան նախնական ցանկին եւ Եւրոպա Նոստրայի ամէնէն վտանգուած մշակութային կոթողներու ցանկին մէջ:
«Երերոյքի տաճարի եւ յարակից տարածքը հարուստ է մշակութային շերտով, որուն մասին կը վկայեն տարիներ շարունակ հայ եւ իտալական հնագիտական արշաւախումբերու կատարած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները:
«Երերոյքի վաղքրիստոնէական տաճարի ամրակայման եւ վերականգնման ծրագիրը կ՛իրականացուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ` Միացեալ Նահանգներու դեսպանին «Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի» նիւթական յատկացումով:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, վերականգնումն ու հանրահռչակումը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն է, եւ այս ուղղութեամբ պետութիւնը կ՛իրականացնէ շարունակական աշխատանք:
«Կոչ կ՛ընենք Ազրպէյճանի համապատասխան շրջանակներուն` չխեղաթիւրել պատմական փաստերը, ինչպէս նաեւ` ապահովել Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական պատմական մշակութային յուշարձաններու պահպանումը` մասնաւորապէս ապահովելով նաեւ միջազգային դիտորդական առաքելութեան այցելութիւնները` Արցախի տարածքին գտնուող հայկական յուշարձաններու մշտադիտարկման նպատակով»:
Comments are closed.