Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմանապահ գերատեսչութիւնները Թիֆլիսի մէջ քննարկած են անվտանգութեան հարցեր
- (0)

ԹԻՖԼԻՍ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերու հրամանատար, գնդապետ Գարիկ Մուրատեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Թիֆլիս կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման եւ երկու երկիրներու սահմանապահ գերատեսչութիւններու փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր:
Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան (ՆԳՆ) սահմանապահ ոստիկանութեան պետ Դաւիթ Թամազաշվիլիի հետ կայացած հանդիպումին վերահաստատուած է գործակցութիւնը շարունակաբար զարգացնելու պատրաստակամութիւնը: Թամազաշվիլի ներկայացուցած է Վրաստանի սահմանապահ ոստիկանութեան կառոյցը, հիմնական գործառոյթներն ու առաջնահերթութիւնները: Այնուհետեւ, Հայաստանի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Վրաստանի ՆԳՆ պարեկային ոստիկանութեան բաժանմունքի տնօրէն Լեւան Մայիսուրաձէի հետ, որուն ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացած են հայ-վրացական սահմանի անցման կէտերուն մէջ յառաջացող հերթերու հետ կապուած խնդիրներն ու պարեկային ոստիկանութեան հիմնական աշխատանքները:
Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս հայկական պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Վրաստանի ՆԳՆ հանրային անվտանգութեան եւ ոստիկանութեան ուսումնարան, ուր վերապատրաստում կ՚անցնին նաեւ սահմանապահները, ինչպէս նաեւ եղած է հանրային անվտանգութեան կառավարման «112» կեդրոն: