Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ, ՀՅԴ Վռամեան կոմիտէութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբին, 23 Ապրիլ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում, որ սկիզբ առաւ առաւօտուն ելեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագով եւ մասնաւոր յիշատակումով մեր սրբադասուած նահատակներուն, ներկաները ուղղուեցան Հայ կեդրոն, ուր մատաղի բաժնումէն ետք ժամը 2։30-ին սկսաւ պաշտօնական յայտագիրը, որուն հիրաբար ներկայ էր Համիլթըն քաղաքի քաղաքապետութեան խորհրդատու, հայազգի Թոմ Ճաքսըն, որ զաւակն է Georgetown boys-ի տղոցմէ մէկուն։
Երիտասարդներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, սրահ բերուեցաւ ջահը ընկհ. Հռիփսիմէ Աբգարեանի կողմէ, որպէս հին սերունդի ներկայացուցիչ, եւ փոխանցուեցաւ նոր սերունդին, որոնք կը հետեւէին ջահին մոմերով եւ դրօշակներով։
Ներկաներուն կողմէ գանատական եւ հայկական զոյգ քայլերգներուն երգեցողութենէն ետք, հանդիսավառ Վահագն Ասատրեան հայերէնով բացումը կատարեց յուշատօնին ապա անգլերէնով բացման խօսք փոխանցեց Նայիրի Աբգարեան։ Երկու հանդիսավարները փոխն ի փոխ վարեցին յուշատօնը։
Գեղարուեստական յայտագրով, յաջորդաբար հանդէս եկան Սիլվա Քէլէշեան, արտասանելով մասեր Աւետիս Ահարոնեանի «Կոյր աշուղը« քերթուածէն եւ Սարին Շամլեան, որ ներկայացուց մենապար մը։
Օրուան պատգամաբերն էր ընկեր Յակոբ Աբգարեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ կարեւորութիւնը չյուսայատելու եւ շարունակելու պայքարը, ապա կոչ ուղղեց երիտասարդութեան մնալու հետաքրքրուած եւ պատնէշի վրայ։
Անկէ ետք ներկաներուն յաջորդաբար հրամցուեցաւ այժմէական փաստագրական տեսերիզ մը, պատրաստուած Սարգիս Գոմոլեանի եւ Ալին Աբգարեանի կողմէ, ապա երգ՝ «Երազ իմ Երկիր», Արթիւր Աւետիսեանի կողմէ, արտասանութիւն՝ Նարեկ Առուստամեանի կողմէ, «Տուն իմ հայրէնի» Նուշիկ Թովմասեանի կողմէ, պար նուիրուած ցեղասպանութեան, կատարողութեամբ Ռուպինա Օհանեան, Բարտի Քէշիշեանի եւ Մարալ Այվազեանի։
Կենդանի պատկերով հանդէս եկան պատանիները։
Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Հրանդ Մանուկեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով յուշատօնը հասաւ իր աւարտին, ժամը 4։30 ին։
Յակոբ Աբգարեան
Comments are closed.