Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ համատեղ ջանքերով, Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները Համիլթընի մէջ տեղի ունեցան Ապրիլ 28-ին։
Առաւօտուն, եկեղեցւոյ մէջ յատուկ արարողութիւն մատուցուեցաւ՝ ի յիշատակ մեր սրբադասուած նահատակներուն։ Պատարագի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան Հայ կեդրոն, ուր ճաշի դադարէ մը ետք, ժամը 2։30-ին սկսաւ ոգեկոչման պաշտօնական բաժինը։
Ջահավառութեան եւ քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, անգլերէնով Լորա Պարսամեան եւ հայերէնով Ռուզան Աբգարեան հանդէս եկան բացման խօսքով, ապա փոխն ի փոխ կատարեցին օրուան հանդիսավարութիւնը:
Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկան Գոհար Վարդանեան, Ռուզան Աբգարեան եւ Արթիւր Աւետիսեան։
Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ նաեւ Ճուլիա Աբգարեանի պատրաստած տեսերիզը:
Օրուան բանախօսն էր ընկ. Յակոբ Ճանպազեան, որ հակիրճ եւ ամփոփ կերպով փոխանցեց օրուան պատգամը։
Խօսք տրուեցաւ նաեւ Համիլթընի քաղաքապետ Fred Eisenberger-ի։
Արժ. Տէր Հրանդ Քհն. Մանուկեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով ոգեկոչումը աւարտեցաւ ժամը 4-ին։