Համիլթընի ՀՕՄ-ի Միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէս

Համիլթընի ՀՕՄ-ի Միօրիայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցա Կիրակի, 11 Յունիսին, կ.ե ժամը 2։30-ին Համիլթընի Հայ կեդրոնեն ներս: Ներկայ էին կոկիկ թիւով ներկաներ։

Դպրոցի տնորէնուհի տիկ. Ռուզաննա Աբգարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները երգեցին դպրոցի աշակերտները, որմէ ետք աշակերտները ներկայացուցին քանի մը երգ, արտասանութիւն եւ 2 թատրոն՝ «Սուտասանը» եւ «Կիկոսի մահը»։

Ունեցանք նաև 1 շրջանաւարտ՝ Արմէն Գալուստեան։

Խօսք առին Ուսումնական խորհուրդէն տիկ. Հայկուհի Պեքմեզեան եւ պարոն Պօղոս Սեֆերեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողքներուն եւ յաջողութիւն մաղթեցին դպրոցին։

Հանդէսը վերջ գտաւ ժամը 4։00-ին։

Որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

Comments are closed.