Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը. 800 ՀՄԸՄ-ականններ տողանցեցին երեւանի մէջ
ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ԱՆՄԱՐ ԿՐԱԿԷՆ,
800 ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՎ ՇՔԵՂ ՏՈՂԱՆՑՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ,
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ ՝ «ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ» ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
Հայութեան «կամաւոր բանակ»-ը՝ ՀՄԸՄ-ը այսօր Երեւանի մէջ արժանավայել շուքով կատարեց իր մարզախաղերուն բացումը, անգամ մը եւս փաստը տալով, որ ինչքան ալ դժուար ու ծանր պայմաններ դիմագրաւեն մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը, ՀՄԸՄ կը մնայ այն երիտասարդ ու կենսունակ միութիւնը, որ գիտէ յոյս, խանդավառութիւն եւ աւելի լաւ ապագայ ներշնչել բոլորին։ 104-ամեայ այս միութիւնը չի ծերանար, յոգնութիւն չի ճանչնար եւ կը շարունակէ իր հիմնադիրներու ուղին՝ հաւատարիմ մնալով տեւաբար բարձրանալու եւ զինք ծնող ժողովուրդն ալ իր հետ բարձրացնելու աւելի քան մէկ դարեայ նշանաբանին։
Հայ մարդը երէկ արդար հպարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ հետեւեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութեան, որ ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 6-ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ մարզախաղերու ջահին բոցավառումով։ Ապա, փոխանցավազքով, եօթը ՀՄԸՄ-ականներ՝ Նարպէյ Բժշկեան (Արեւմտեան Մ.Ն.), Ճոն Շեդիակ (Ֆրանսա), Ալէքս Պէտիկեան (Գանատա), Լէա Պուտագեան (Լիբանան), Մայքըլ Պալթայեան (Արեւելեան Մ.Ն.), Գարօլին Պօղոսեան (Աւստրալիա) եւ Միրելլա Չափարեան (Սուրիա) փոխն ի փոխ վազքով ջահը Ծիծեռնակաբերդէն հասցուցին «Ազատութեան» հրապարակ, ուր երեկոյեան ժամը 7.30-ին տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։
Նախքան հանդիսութիւնը, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու 645 մարզիկ-մարզիկուհիները Մաշտոցի անուան Մատենադարանի առջեւէն շքերթով մը ուղղուեցան բացման հանդիսավայր՝ «Ազատութեան» հրապարակ։ Շքերթը առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական շքախումբը։ Հրապարակին մօտակայ պողոտային մէջ, շքերթի մասնակիցներուն միացան «Հրաշք» մարզախաղերու մասնակից, յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանի-երիտասարդներ, ընկերակցութեամբ իրենց օժանդակող աւելի քան 50 կամաւորներու։
ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ
ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ
Բացման հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Արժանթինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ դեսպանները, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ Սիմոն Սիմոնեան եւ Բագրատ Եսայեան, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւններու եւ Հայաստանի կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի անդամ Վրէժ Շառոյեան, Հայաստանի մարզական ֆետերասիոններու պատասխանատուներ, ՀՄԸՄ-ի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական Վարչութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ի բարերարներ, բարեկամներ, «Փիւնիկ» միութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեան եւ Արցախեան պատերազմներու ՀՄԸՄ-ական նահատակներու հարազատներ։
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու հրապարակ մուտքով։ Երկիրներու դրօշներով յաջորդաբար հրապարակ մուտք գործեցին եւ իրենց յատուկ տեղերը գրաւեցին հետեւեալ շրջաններու պատուիրակութիւնները.- Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Ամման, Աւստրալիա, Գանատա, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, Հարաւային Ամերիկա, Լիբանան, Սուրիա, Երուսաղէմ-Հայֆա-Եաֆա, Փարիզ, Լոնտոն, Քուէյթ, Մարսէյ, Սթոքհոլմ, Թիֆլիս, Արցախ, Միւնիխ, Պաղտատ եւ Թեհրանի «Արարատ» կազմակերպութիւն։
Պատուիրակութիւններու ժամանումէն ետք հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները։
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԸ
Հանդիսութեան սկիզբը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եղբ. Վիգէն Աւագեան ընթերցեց համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան յղած «Օրհնութեան գիր»ը, որուն մէջ Վեհափառը նկատել կու տար, որ «ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող ներկայ մարզախաղերը իրենց մարզական բնոյթէն անդին, յատկանշական դէպքեր են՝ հետզհետէ կազմակերպուող ու ծաւալող ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը արտացոլացնող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կապերը ամրացնող»։
Արամ Ա. Վեհափառ իր «Օրհնութեան գիր»ով կը գնահատէր ՀՄԸՄ-ի աւելի քան մէկ դարու առաքելութիւնը եւ կը շեշտէր, որ «ՀՄԸՄ-ը կարեւոր դեր կատարած է մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ, մարմնամարզական բնագաւառին առընթեր, նաեւ հայ կեանքի այլ մարզերէն ներս, դառնալով նոր սերունդներու հոգեմտաւոր ու ազգային աճման նպաստող դպրոց, բառին ամբողջական առումով։ Մեր ազգին հոգեւոր, մշակութային, ազգային ու համահայկական արժէքները ու իտէալները միշտ եղած են մղիչ ուժերը ՀՄԸՄ-ի կեանքին ու գործունէութեան։ Վստահ ենք, որ նոյն ոգիով ու տեսլականով ՀՄԸՄ-ը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի համայնական կեանքէն ներս։ Մեր սպասումն է, որ ներկայ մարզախաղերուն մասնակցող իւրաքանչիւր մարզիկ ու մարզիկուհի դառնայ դրօշակիրը ու միանգամայն դեսպանը ՀՄԸՄ-ի կեանքին խորք, եւ գործունէութեան նպատակ տուող համահայկական արժէքներուն ու իտէալներուն»։
ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԽՕՍՔԸ
Այնուհետեւ խօսք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան։ Ան նշեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն իրագործումը պատմական իրադարձութիւն մըն է, զոր ՀՄԸՄ կ’արձանագրէ իր 104-ամեայ երթին ընթացքին։
«Վերջին երկու տարիներուն Քորոնայի համաճարակը հարուածեց ամբողջ աշխարհը,- ըսաւ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան,- ՀՄԸՄ եւս ազդուեցաւ այս համաճարակէն եւ տարիներու աւանդութիւն դարձած քառամեայ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը յետաձգեց, սակայն միշտ եւ անպայման իրականացնելու վճռակամութեամբ»։
Եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան շնորհակալութիւն խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի իր գործակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքին եւ նուիրումին շնորհիւ կարելի դարձաւ այս մեծ իրադարձութեան իրականացումը։
Եղբ. Մարսէլեան իր խօսքին աւարտին մաղթեց, որ մասնակիցները կ’առաջնորդուին «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով եւ եղբայրական ոգիով, պատմական յիշատակներով աւարտելու համար համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը։
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-Ի
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Հանդիսութեան յաջորդ խօսքը արտասանեց համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու հիւրընկալ շրջանի՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան։
Քոյր Վարդանեան յայտնեց, որ «Այսօր բոլորս այստեղ ենք` մեր մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներով հաւաքուած` փաստելու մեր աննկուն կամքը՝ առաջ շարժելու, իրարու սատարելու, իրարու յաղթանակներով տոգորուելու եւ նախկինէն աւելի ուժեղ դուրս գալու պայքարի այն ամէնին հետ` ինչ որ կը յայտնուի մեր յառաջընթացի, զարգացման, տարածման, գաղափարների ու տեսլականի իրականացման ճանապարհին»:
Ապա, խօսքը մասնակից ՀՄԸՄ-ականներուն ուղղելով, քոյր Վարդանեան աւելցուց. «ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը որպէս մեծ ընտանիքի անդամ, իր վրայ վերցնելով հիւրընկալ շրջանի պատասխանատուութիւնը, արդէն ամիսներ շարունակ լծուել է աշխատանքի, որպէսզի դուք այս օրերի ընթացքում, լինելով հայրենի հողի վրայ, ամբողջութեամբ զգաք այդ բերկրանքը եւ վայելէք ձեր Հայրենիքում գտնուելու իւրաքանչիւր պահը: Լիայոյս եմ, որ դա մեզ կը յաջողուի եւ դուք կը վերադառնաք ձեր շրջանները, ձեզի հետ տանելով նոր լիցքեր, նոր եռանդ եւ նոր աւիւն՝ իրականացնելու այն մեծ առաքելութիւնը, որի համար աշխատում է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը արդէն 104 տարի: Սա է մեր յաղթանակը, եւ անկախ այս օրերին տարբեր մարզական մրցումների արդիւնքներից` մենք բոլորս յաղթանակով ենք աւարտելու այս մարզախաղերը»:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԽՕՍՔԸ
Այս առիթով, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Ան ըսաւ, որ «ՀՄԸՄ-ը իրաւացիօրէն հայ ժողովուրդի նուիրեալ, երիտասարդ եւ ամենամեծ կամաւոր բանակն է, որ նահատակ ցեղի անմահներու մնացորդացէն կերտեց նպատակասլաց, պինդ ու հայրենանուէր տորմիղ՝ ամէնուրեք ծառայելու համար հայ ազգին, եւ ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական ոլորտներէն ներս: Մէկ խօսքով՝ հայ արիներու այս բանակը ո՛չ միայն ինքնակատարելագործման, մարմնով, մտքով բարձրանալու առաքելութեան է նուիրուած, այլ՝ յատուկ ջանքի է լծուած մեր երիտասարդութիւնը մղելու նոր նշաձողեր յաղթահարելու՝ մարդկային ազնուութեան, գաղափարապաշտութեան եւ հայկական մաքուր դիմագծի կերտման մարզերէն ներս: Այս հնոցէն կոփուող երիտասարդը կը պատրաստուի դիմագրաելու համամարդկային ու համահայկական մարտահրաւէրները միաժամանակ»:
Շարունակելով, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ «Մեծ ժառանգութեան տէր ՀՄԸՄ-ը այսօր ալ մեր հպարտութեան աղբիւրն է եւ ազգային անխորտակելի կամքի մարմնաւորումը: Վստահ ենք, որ ան շարունակաբար պիտի համախմբէ սերունդներ, գօտեպնդէ ազգային գաղափարախօսութեամբ, մղէ հայապահպանման, հայակերտման եւ հայ դատի պայքարի մարդկային ու հայկական ամէնէն ազնիւ, պարկեշտ, նուիրեալ ու նպատակասլաց իտէալներով»:
Աւարտին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան վարձքը կատար ըսաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ ներկայ բոլոր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք հայրենի երկնակամարին տակ համախումբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը: Ան լիակատար յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին եզրափակումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի պատգամով։
Եղբ. Նաճարեան խօսքին սկիզբը նշեց, որ «Թիւով 11-րդ համա-ՀՄԸՄ-ական այս մարզախաղերը ՀՄԸՄ-ի եւ համասփիւռքեան խաղերու պատմութեան մէջ ունին իւրայատուկ տեղ, որովհետեւ անոնք կը կազմակերպուին հակառակ Քորոնայի համաճարակին ստեղծած համաշխարհային դժուարութիւններուն եւ տնտեսական սուր տագնապին, ինչ որ ժխտական իրենց մեծ ազդեցութիւնը ձգած են ինչպէս մեր կեանքի բոլոր մարզերուն՝ նաեւ մարզական ու միութենական կեանքին վրայ։ Մարզախաղերը իւրայատուկ են նաեւ, որովհետեւ միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, աւանդական շրջաններու կողքին, այս խաղերուն կը մասնակցին նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Թիֆլիսի մասնաճիւղը եւ նորակազմ Արցախի մասնաճիւղը»։
Եղբ. Վաչէ Նաճարեան յայտնեց, թէ մարզախաղերը կը կազմակերպուին «Հայ Մարզիկի Օր»-ը։ Միութեան ռահվիրայ հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը՝ 22 Յուլիսը ՀՄԸՄ-ի կողմէ հռչակուած է «Հայ Մարզիկի Օր», նշելու համար մարզական փառաւոր սերունդներու անցեալի յաղթանակները եւ պատուելու համար ներկայի հայ մարզիկները ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկները յատկապէս։
Եղբ. Նաճարեան խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի իւրայատկութեան մասին եւ շեշտեց, որ «ՀՄԸՄ-ական մարզիկը ուրիշներէն կը զատորոշուի իր ազգային ազնիւ նկարագիրով եւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած մեծ նուիրումով։ Այս իրականութիւնը անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, երբ Արցախի պաշտպանութեան կոչին ընդառաջելով, ՀՄԸՄ-ականներ սլացան մինչեւ գերագոյն զոհաբերութիւն։ Անոնք ոչինչ խնայեցին Արցախի սրբազան հողին ու դատին պաշտպանութեան համար, որովհետեւ այդ պաշտպանութիւնը իր տարբեր երեսներով կը ծառայէր մէկ ու միակ նպատակի՝ տէր կանգնելու հայութեան բռնաբարեալ իրաւունքներուն, մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութեան եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական անվտանգութեան»։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հաստատեց, որ հաւատքի, ծառայութեան եւ զոհողութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած այս միութիւնը այլ ընտրանք չունի՝ եթէ ոչ կառչած մնալ իր հիմնադիրներու սկզբունքներուն եւ ազգային արժէքներուն, որպէսզի շարունակէ հայ պատանին դաստիարակել ազգային արժէքներով՝ զօրավիգ կանգնելով հայկական պետականութեան՝ ընդդէմ հայրենիքին սպառնացող բոլոր վտանգներուն։
Իր պատգամին աւարտին, եղբ. Վաչէ Նաճարեան ըսաւ. «Յարգա՜նք մեր ժողովուրդին անունը բարձր պահող հայ մարզիկներուն։ Յարգա՜նք եւ պատի՛ւ Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան ճամբուն ինկած մեր բոլոր նահատակներուն»։
ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՒ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄԸ
Խօսքերէն ետք հասաւ բացման հանդիսութեան այնքան սպասուած պահը՝ ջահավառութիւնը։ Հրապարակ մուտք գործեց հետախոյզ-ազատամարտիկ, մարզիկ, անկոտրում կամքի խորհրդանիշ՝ Սարգիս Ստեփանեան, որ Արցախի մէջ իր երկու ոտքն ու աջ ձեռքը կորսնցուցած ըլլալուն, կը հանդիսանայ պայքարի, համբերութեան եւ տոկունութեան լաւագոյն օրինակ։ Հակառակ ֆիզիքական իր բարդ վիճակին ան երկու անգամ խլած է բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսը, իսկ երեք անգամ նուաճած է աշխարհի ախոյեանութեան առաջնութիւնը։ Սարգիս Ստեփանեանի մասին ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որմէ ետք՝ ներկաներու յոտնկայս ծափերուն եւ բուռն քաջալերանքին հետ Ստեփանեան բոցավառեց մարզախաղերուն գլխաւոր ջահը։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկի եւ իրաւարարի երդումը։ Երդումը կատարեցին մարզիկ Արշակ Մարգարեան եւ իրաւարար Դաւիթ Պոյաճեան։
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին աւարտին, երեկոն շարունակուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիրով, հայկական ժողովրդային, ազգագրական եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով։