ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը 20-30 Յուլիսին Հայաստանի Մէջ
«Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով մէկ տարուան ակամայ յետաձգումէ ետք, Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը այս ամառ` 20-30 յուլիս 2022-ին, տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ:
Ի տարբերութիւն նախորդ մարզախաղերուն, 11-րդ մարզախաղերը պիտի յատկանշուին քանի մը նորութեամբ: Արդարեւ, այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուին 3×3 պասքեթպոլի, ծովափի վոլիպոլի եւ կոլֆի մրցումներ` ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի, ճատրակի, աթլէթի, փինկ փոնկի, լողի եւ թենիսի մրցումներու կողքին:
Մարզախաղերուն երկրորդ նորութիւնը անհատական կարողութեան մրցումներն են, որոնք առաջին անգամ կիրարկուեցան անցնող ձմրան կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄ-ական առցանց մարզախաղերուն: Մրցումները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն եւ նկատի առնուեցան նաեւ այս մարզախաղերու` պաշտօնական մրցումներուն կողքին:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը կը յատկանշուին այն իրողութեամբ, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակիցներու արեւելումի աշխատանքները կը կատարուին նախապէս` առցանց, դաստիարակչական բնոյթի եօթը տեսանիւթերով, որոնք մասնակիցներուն կը ծանօթացնեն միութեան մարզական պատմութիւնը, Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու նպատակը, 11-րդ մարզախաղերու ընթացքը, Fair play-ի` արդար խաղի կանոնները, մայրաքաղաք Երեւանը եւ այլ նիւթեր:
Մարզախաղերը ունին բարեսիրական աշխատանքներու եւ Հայաստանին ծանօթացման յատուկ յայտագիրներ: Նախատեսուած է մարզախաղերու մասնակիցներուն անունով երեխաներու ի նպաստ ծրագիր մը իրականացնել Հայաստանի սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ: Կը մշակուի նաեւ ծրագիր մը, որպէսզի մասնակիցները առիթ ունենան առնչուելու իրենց ազգային, հոգեւոր, մշակութային արմատներուն հետ:
Իբրեւ նորութիւն պէտք է նշել նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը` մարզական այս մեծ իրադարձութեան օրերուն: «Հրաշք» մարզախաղերը յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար կազմակերպուող խաղեր են, որոնք 2018-էն ի վեր կը կիրարկուին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ: «Հրաշք» մարզախաղերուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին 12-22 տարեկան 200 երեխաներ եւ երիտասարդներ Հայաստանի զանազան շրջաններէ եւ սփիւռքէն: Այս մարզախաղերուն համար նկատի առնուած են յատուկ դաշտ եւ մարզական սարքեր:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը ընթացք պիտի առնեն 20 յուլիս 2022-ին կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով: Յաջորդ օր մարզախաղերու մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ, ապա ընթացք կ’առնեն մրցումները, որոնք կ’երկարին ինը օրերու վրայ: Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը նախատեսուած է «Հայ մարզիկի օրը»` 22 յուլիսին, իսկ աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը` 29 յուլիսին: 30 յուլիսին կը կատարուի յաղթանակի պարահանդէս:
Կը սպասուի, որ մարզախաղերուն մասնակցին ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն աւելի քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ինչպէս նաեւ` Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն պատուիրակութիւններ:
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը միայն մրցում, մետալ, բաժակ եւ պարգեւատրում չեն: Մարզախաղերը մթնոլորտ են, ազգային ապրում եւ հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն: Գլխաւոր յաղթականը այս պարագային հայութիւնն է, որ գիտէ 104 տարի ապրեցնել ՀՄԸՄ-ը եւ ապրիլ ՀՄԸՄ-ով, ոգեւորուած անոր «մարզական բանակ»-ով եւ ամրապնդուած անոր հայկականութեամբ, ինչ որ գլխաւոր երաշխիքն է պատրաստութեան սերունդի մը, որ բարոյալքում չճանչնայ, յաղթանակի հպարտութիւն ունենայ եւ միշտ ընթանայ յառաջ, անսասան ու անդեդեւ:
ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ