Համահայկական Հռչակագրի տասնամեակին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ծուռ հայելիին մէջ
- (0)

Ուրացման «Փափուկ» Տարբերակը Ներքին Քաղաքականութեան Օրակարգին
Խ. Տէր Ղուկասեան
«Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր չի գտնուիր մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին», ըսաւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական հրաւէրով Հայաստան այցելած խումբ մը թուրք լրագրողներու: Այնպէս ինչպէս ոչ շատ հեռու անցեալին, իր Արտաքին Գործոց Նախարարը ըսած էր ընդդիմադիր պատգամաւորի մը Ազգային Ժողովի հարցուպատասխանի նիստի մը ընթացքին:
Մէկ կողմ դնենք Վարչապետին «Պատմութիւնը ներկայէն տարբերելու» սոփեստութիւնը որպէս թէ գործնապաշտ, թէ «իրական»ապաշտ… հիմնաւորում Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չնկատող յայտարարութեան: Իրողութիւնն այն է, որ անկախութենէն ի վեր, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը որեւէ իշխանութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին եղած չէ: Անկախ թէ այդ հարցը ինչպէ՛ս սահմանուած է պետական օրակարգին վրայ, համաձայն առաջին, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու ընկալման եւ զայն գործադրելու կոչուած միջոցառումներուն:
Այսպէս, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով հարցը ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չէ եղած, այլ օրակարգի իսկ չէ դրուած: Առաջին նախագահը իրարու հակադրեց «պետական մտածողութիւնը» եւ Հայ Դատը, եւ այս վերջինը ընկալեց որպէս խոչընդոտ արտաքին քաղաքականութեան: Ցեղասպանութեան ժխտում կամ ուրացում չկար Տէր Պետրոսեանի մօտ, բայց ան ալ, իր ձեւով, կարծես ներկան ու պատմութիւնը փորձած էր իրարմէ տարբերել… Անկախութեան առաջին տարիներուն, արտաքին քաղաքականութեան եւ Հայ Դատի փոխ-լրացման տարբերակի մասին գոնէ խորհրդածելու այլընտրանքն իսկ բացառուեցաւ, դժբախտաբար: Եթէ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի աշխատանքները ի սկզբանէ ունէին այն համոզումը, որ անկախ պետականութիւնը պիտի վերածուէր առաջնակարգ գործօնի՝ 1965-1985/87 թուականներուն ոչ-պետական ջանքերով միջազգային օրակարգ բերուած «Մոռցուած» Ցեղասպանութեան հարցի շարունակականութեան որակական լիցքաւորում եւ ռազմավարական խորութիւն տալու համար, ապա եւ Տէր Պետրոսեանի մերժումը պէտք էր, որ պաղ ջուր թափած ըլլար այդ սպասումը ունեցողներու երեսին: Նաեւ՝ ցրած ըլլար Սփիւռքի հաւաքական երեւակայութեան մէջ անկախ պետականութեան ամենակարողականութեան անուրջը -անկախութենէն այլ անիրական սպասումներու եւ համոզումներու կողքին: Եւ ըլլար հրաւէր անդրադառնալու, որ Սփիւռքի մէջ անկախութեան նախորդած գրեթէ քառորդ դարու ճակատագրական ժամանակաշրջանին կազմաւորուած եւ բանաձեւուած քաղաքական մտածողութիւնը վերանայելու անհրաժեշտութիւնը կը դրուէր:
Րոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան տասնամեակին, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին, բայց ունեցաւ հիմնականօրէն յայտարարողական գործնականացում: Քիչ բան չէր, քանի որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը սկսաւ հնչել Հայաստանի պետական համակարգի գերագոյն մակարդակէն եւ միջազգային ատեաններուն մէջ, ներառեալ թրքական կողմի հետ պաշտօնական թէ անուղղակի հանդիպումներու առիթով: Պատահական ալ չէ, որ Սփիւռքի մէջ, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գծով Հայ Դատի աշխատանքներու յաջողութիւնները նոր թափով իրարու յաջորդեցին երկրորդ Նախագահի տարիներուն – 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին: Թէ անոնց մէջ ի՞նչ դեր ունեցած է հայկական դիւանագիտութիւնը՝ առանձին քննարկելի հարց է փաստական տուեալներու հիմնաւորումներով եւ ոչ թէ քաղաքական հաշուարկներով: Այսինքն՝ եթէ եղած է համագործակցութիւն եւ թերեւս դիւանագիտական ինչ որ նախաձեռնութիւն, ապա եւ այդ մէկը շատ աւելի ճիշդ է պատահական, ad-hoc, բնութագրել քան հայեցակարգային, որ այնպէս ալ պաշտօնապէս երբեք օրակարգի չէ դրուած թէկուզ եւ «կոմպլեմենտար» տրամաբանութեամբ: Ընդհակառակը, եթէ մէկ կողմէ այդ ժամանակահատուածին հայկական դիւանագիտութիւնը զերծ էր Հայ Դատի պահանջատիրութեան ուղղութեամբ ոչինչ ընելու եւ մինչեւ իսկ գործընթացը չքաջալերելու Տէր Պետրոսեանական արգելքէն, միւս կողմէ սակայն կը համենար առաջին նախագահի բանաձեւած Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմանի յարաբերութիւններու» ուղղորդական սկզբունքը, որ մնաց հաստատ: Ատոր մասին կը վկայէ Հայ Թրքական Հաշտութեան Յանձնախումբի (TARC) փորձութիւնը: Դժուար է համոզուիլ, որ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը երկրորդ նախագահի օրով ի դէմս հայկական դիւանագիտութեան գտաւ ամբողջական գործընկեր մը, որուն հետ աշխատանքային բաժանումի կարգով փոխ-լրացուցիչ հայեցակարգ մը առաջացած էր: Եւ թերեւս այդ կը բացատրէ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի շրջանակներու զգաստութիւնն ու արագ հակազդեցութիւնը երբ TARC-ի լուրը հրապարակային եղաւ:
Երրորդ նախգահի պարագային, ծանօթ է, ամէն ինչ սկսաւ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» եւ անոր ծնունդ տուած Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայի մէջ Յունիս 2008-ի հրապարակային յայտարարութեամբ, ըստ որուն Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ պատմական կնճռոտ խնդիրներն իսկ քննարկել ի խնդիր յարաբերութիւններու բնակականոնացման: Առանց մտնելու Սարգսեանի նման քայլի մը դիմելու դրդապատճառներուն մասին բանավէճին մէջ, որոնց մասին Հայաստանի մէջ արդէն կան աշխատասիրութիւններ եւ այս վերջիններուն համապատասխան քննարկումը դեռեւս կը բացակայի Սփիւռքի մէջ, պարզ է, որ Յունիս 2008-էն մինչեւ յաջորդ տարուան ընթացքին հայ-թրքական Փրոթոքոլներու ստորագրումը, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին Ցեղասպանութեան հարցը մեղմ ըսուած՝ «սառեցուեցաւ»: Եւ թերեւս աւելին՝ Փրոթոքոլներու տանող բանակցային գործընթացին մէջ Սարգսեանի իշխանութիւնը Ցեղասպանութեան հարցի գոնէ ժամանակաւոր «մարում»ի հանրային ժեստերէն զերծ չմնաց: Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի շապիկներուն վրայէն Արարատի նկարի վերացումէն մինչեւ Ապրիլ 2009-ին, օրին ԱՄՆ-ի թերեւս մինչ այդ ամէնէն աւելի Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլը տալու պատրաստ Պարաք Օպամայի վարչակարգին անուղղակի պատգամներ՝ Ապրիլ 24-ին Սպիտակ Տան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ «ցեղասպանութիւն» քաղաքաիրաւական յղացքի նշումի անպատեհութեան մասին: Փրոթոքոլներուն դէմ ծառացաւ Սփիւռքի արմատական «Ոչ»ը՝ մերժելով Հայաստանի օրուայ իշխանութիւններուն նախաձեռնութեան բացատրութեան ամէն փորձերը, որոնց անձնապէս նախանձախնդիր եղաւ ինք՝ Սերժ Սարգսեան, որ սփիւռքեան տարբեր համայնքներ իր շրջապտոյտի ժամանակ՝ դիմաւորուեցաւ բողոքի բուռն ցոյցերով – առանց որ, անշուշտ, պակսին Հայաստանի մէջ պետական քաղաքականութեան հետ սկզբունքով թէ պատեհապաշտաբար յարմարուողական (քոմֆորմիսթ) կազմակերպական ղեկավարներ թէ անձնաւորութիւններ, որոնք ընդունեցին իր բացատրութիւնները: Յետադարձ վարկածի կարգով եւ անցեալէն դասեր քաղելու նպատակով (կամ ինքնախաբէութեամբ…), կարելի է հարց տալ, թէ արդեօ՞ք Փրոթոքոլներու այդ ամբողջ հանգրուանը կրնար նուազ բախումնային ըլլալ Ցեղասպանութեան հարցով հայեցակարգային միջոցի մը առկայութեան պարագային, որ Սարգսեանի իշխանութեան եւ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի հետապնդումի յանձնառու շրջանակներու միջեւ նախապէս երկխօսութեան առիթ ստեղծէր, թէկուզ եւ անհամաձայնութիւններու աշխատանքային բաժանման համաձայնութեան մը հասնելու համար: Նման հայեցակարգի բացակայութեան, ամէն ինչ ենթադրել կու տայ, որ Սարգսեանի համար Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտի մէջ «կոալիցիոն» ժողովրդավարութեան ձեւաչափը թոյլ կու տար իրեն մնալ այն համոզումին վրայ, որ Թուրքիոյ հետ մերձեցման իր նախաձեռնութեան դժգոհութիւնները պիտի յաջողէր փարատել եւ դժուարութիւնները յաղթահարել կամ «կոալիցիոն»ի գործընկերներու ճամբով կամ ալ անձնապէս: Ինչ որ, փաստօրէն, տեղի չունեցաւ, եւ Փրոթոքոլներու գործընթացը եղաւ միակողմանիօրէն պետական, այսինքն՝ օրուայ իշխանութիւններու, նախաձեռնութիւն:
Փրոթոքոլներու դէմ Սփիւռքի ծառացումը անկախութենէն ի վեր Հայաստանի իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութեան ամենաբացայայտ ու զանգուածային մերժման արտայայտութիւնը եղաւ: Անշուշտ, Սփիւռքի համար ինքնագովութիւն պիտի ըլլայ ենթադրել, որ իր զանգուածային բողոքը եղաւ վճռորոշ՝ Փրոթոքոլներու ձախողութեան, կամ՝ «սառեցման» ինչպէս եղաւ նախագահի վերջին որոշումը: Գիտենք, որ այդ մէկը կը պարտինք ոչ աւելի եւ ոչ պակաս՝ Էրտողանի մերժումին նոյն այդ Փրոթոքոլներուն, այն համոզումով որ Թուրքիոյ համար շահաւէտ այդ փաստաթուղթն իսկ անընդունելի է իրեն համար: Բայց Սփիւռքի զանգուածային ցասումը թերեւս իր անդրադարձը ունեցաւ հայրենիքի մէջ, ուր թէեւ ուշացումով բայց ի վերջոյ Փրոթոքոլներու մերժումի ալիք մը առաջացաւ:
Ամէն պարագայի, ի պատիւ նախագահ Սարգսեանի պիտի ըսել որ Փրոթոքոլներու սառեցումը բերաւ Ցեղասպանութեան հարցով Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ ամենասերտ համագործակցութեան հնգամեայ ժամանակաշրջան մը: Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի պատրաստութիւնը հարցին տուաւ քաղաքական նոր լիցքաւորում, որուն արդիւնքն ալ եղաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բառին ամբողջական իմաստով համահայկական փաստաթուղթի հրապարակման ի դէմս Համահայկական Հռչակագրին: Այդ փաստաթուղթն էր, ահաւասիկ, որ ի լուր աշխարհի կը յայտարարէր, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը որպէս պահանջատիրական առաջնահերթութիւն իր լրումին հասած հանգրուան էր, եւ սկիզբ կը դրուէր հատուցման գործընթացին: Այսինքն, եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ինչ որ իմաստով, թէկուզ եւ խորհրդանշական, որեւէ պահուն եղած էր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ առաջնահերթութիւններու շարքին, 2015-ին արդէն, Հռչակագրի մէջ տեղ գտած բանաձեւումով, դադրած էր օրակարգային հարցերու կարգին առաջնահերթային ըլլալէ, որովհետեւ այդ կարիքը չէր զգացուեր այլեւս այնպէս, ինչպէս զգացուած էր Սփիւռքի մէջ 1965-1985/87 տարիներուն, երբ ճանաչումը եղած էր Հայ Դատի պահանջատիրութեան անմիջական նպատակ:
Հոս, սակայն, անհրաժեշտ է յստակացնել քանի մը կէտ: Առաջին, հակասութիւն չկայ այս յօդուածի սկզբնաւորութեան եղած հաստատումին միջեւ, թէ Ցեղասպանութիւնը չէ եղած անկախ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն, եւ վերի պարբերութեան մէջ տեղ գտած մտքին, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը գոնէ խորհրդանշական իմաստով արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին եղած է 1998-էն սկսեալ: Արդարեւ, եթէ մինչեւ այդ թուական, այսինքն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարական եւ Րոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան ստանձնում, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը զերծ մնացած է այդ թեմայի որեւէ ձեւի արծարծումէ, եւ 1998-էն յետոյ յայտարարական կարգով մաս կազմած է դիւանագիտական գործունէութեան, ապա եւ այս փոփոխութիւնը ինքնին սահմանափակ ու խորհրդանշական «առաջնահերթութիւն» մը կրնայ յուշել: Այս իմաստով, եւ օրինակի կարգով, կարելի է նշել ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահի ելոյթներու պատրաստութեան մէջ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման բանաձեւումը: Երկրորդ, երբ կ’ըսուի, թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հանգրուանը հասած է իր լրումին, չի՛ նշանակեր, որ միջազգային ճանաչումը բացարձակ եւ ամբողջական է, եւ ուրեմն կը դադրին այդ ուղղութեամբ աշխատանքները: Փաստօրէն, միջազգային ճանաչումը չի կրնար երբեք ամբողջական ըլլալ, եթէ Ցեղասպան պետութեան ժառանգորդ Թուրքիան չընդունի ոճիրին պատմական փաստը: Աւելի՛ն, հատուցման հանգրուանի մեկնարկին յայտարարութիւնը կ’ենթադրէր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգը աւելի եւս ամրագրել մէկ քայլ անդին մտածելով, վերաբանաձեւելով պահանջատիրութեան ամբողջ խօսոյթը թէ՛ հիմնաւորման եւ թէ՛ նպատակներու ճշդումի իմաստով:
Ցեղասպանութեան հարցի միջազգային արծարծումը հայկական դիւանագիտութեան օրակարգին տարբեր եղաւ Հարիւրերորդ Տարելիցին յաջորդած տարիներուն, ի մասնաւորի միջազգային կազմակերպութիւններու ոլորտին մէջ, ուր նախաձեռնութիւնները եղան շատ աւելի հետեւողական եւ արտաքին քաղաքականութեան սկսան տալ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման յանձնառութիւն վերցուցած երկրի յստակ դիմագիծ: Հատուցման հանգրուանի մեկնարկի նախապատրաստութիւնը շատ աւելի ամբողջական էր Սփիւռքի մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլալով պատրաստուեցաւ յղացքի տեսական եւ գործնական ընկալման համապարփակ ուսումնասիրութիւն մը որպէս ճանապարհային քարտէս գործընթացին սկիզբ տալու: Խօսքը կը վերաբերի Հենրի Թհերոյի գլխաւորած Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցումներու Ուսումնասիրման Խումբի պատրաստած Արդարացի Լուծում աշխատասիրութեան, որ բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուեցաւ, եւ ձգեց այն տպաւորութիւնը, որ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը նոր եւ նորարարական աշխուժացումով մը համասփիւռքեան զօրաշարժի ժամանակաշրջան մը պիտի թեւակոխէր:
Համահայկական Հռչակագրէն տասնամեակ մը անց, սակայն, հատուցման հանգրուանի մեկնարկը կը մնայ շատ աւելի յայտարարական քան իրական: Եւ եթէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խօսոյթը տակաւին կը յամենայ այսօր եւ կը վերածուի Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ հարցը արտաքին քաղաքականութենէն դուրս ձգելու նպատակով «առաջնահերթութիւն չէ» սոփեստութեան, ապա եւ պատճառն այն է, որ Հռչակագիրը այնպէս ալ մնաց փաստաթուղթ, չեղաւ պետական թէ ոչ-պետական մակարդակներով քաղաքական նախաձեռնութեան յանձնառութիւն ստեղծող իրադարձութիւն, առնուած քայլերը եղան սահմանափակ, եւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ հատուցման հանգրուանի գործնականացման համակարգումի հայեցակարգ չառաջացաւ: Այս վերջինին նախանշանը, ի դէպ, տրուեցաւ Հարիւրերորդ Տարելիցի միջոցառումներու ընթացքին իսկ, երբ այնքան սպասուած Համահայկական Խորհուրդը, որ պիտի կազմուէր Հարիւրերորդ Տարելիցի Յանձնաժողովի նախընթացին հետեւումով, ծնունդ չառաւ: Ինչ որ բարացուցական էր ե՛ւ հայրենի քաղաքական հատուածներու մօտ պետութեան հետ բայց ոչ անոր ոլորտին մէջ համահայկական միջոցի մը ստեղծման դժկամութեան առկայութեան, ե՛ւ Սփիւռքեան ղեկավարութեան անկարողութեան՝ հեռաւորութիւն պահելու, մինչեւ իսկ չվարանելու ի հարկին քննադատական կեցուածք ցուցաբերելու պետական քաղաքականութեան հանդէպ, եւ իր ձայնը լսելի դարձնելու ինքնուրոյն միջոցի ստեղծման: Այլ խօսքով, Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի պատրաստութեան հնգամեակի ամբողջ խանդավառութիւնը Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը իրականացնելու համոզումով չյանգեցաւ այդ համագործակցութեան մնայուն բնոյթ տալու եւ ոչ մէկ հայեցակարգի: Եւ մինչ պետական քաղաքականութիւնը ներհայաստանեան թէ միջազգային ոլորտներուն մէջ ընթացաւ իր ուղիով ինչպէս սովորաբար կ’ըլլար, այսինքն՝ առանց համահայկական թեմաներու համար սփիւռքեան ձայնով եւ քուէով մասնակցութեան մեքանիզմի, Սփիւռքեան կազմակերպութիւններն ու իրենց ղեկավարութիւնները, կարծես տակաւին թմրած այդ հնգամեակի համագործակցութեան խանդավառութենէն, կոնկրետ ոչ մէկ քայլ առին թէկուզ եւ համասփիւռքեան մասշտապով հատուցման ժամանակաշրջանին սկիզբ տալու եւ պահանջատիրական այդ հանգրուանը ամրագրելու ոչ-պետական քաղաքական զօրաշարժի մը ընդմէջէն:
Հատուցման օրակարգի չմեկնարկումի պայմաններուն մէջ «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում»ը մնաց Հայ Դատի պահանջատիրութեան քլիշէ, որ հանրային խօսոյթին մէջ պարզունակացուց հարցն ու ջրեց անոր պատմական ամբողջ գործընթացի պատումը: Թոյլ չտուաւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման այնքան սպասուած վերջին յաջողութիւնները, ի մասնաւորի ԱՄՆ-ի Նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ յղացքին գործածումը Ապրիլ 2021-ին, քաղաքական դրամագլուխի վերածելու ոչ Հայաստանի մէջ, ուր արդէն նման նախանձախնդրութիւն չկար, ոչ ալ Սփիւռքի, ուր քառասուն տարիներու հետեւողական ու անկոտրուն աշխատանքներու այդ գլխագիր յաջողութիւնը մնաց պարզ յայտարարութիւն մը: Աւելի՛ն, Ցեղասպանութեան հարցը ռազմավարական գործօնի կարեւորութեամբ բանաձեւելու մեծ բացթողումը, որ իր կարգին բարացուցական է Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ հայկական դիւանագիտութեան համագործակցութեան հայեցակարգի բացակայութեան, պատճառ դարձաւ անոր ապիկար մանիպուլացման համաձայն պահու պահանջներուն: Ընդ որում, այնքան ալ զարմանալի պէտք չէ թուի Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին ցեղասպանական սպառնալիքի ահազանգ բարձրացնող Փաշինեանի մը հետագայ մերժումը Արցախի բռնի հայաթափումը ցեղասպանութիւն որակելու, հակառակ որ այդ մէկը արդէն հեղինակաւոր կերպով բանաձեւուած էր միջազգային մասշտապով հանրածանօթ իրաւագէտ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի կողմէ:
Թուրք լրագրողներու առջեւ Ցեղասպանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու կարգին չդասելու Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը միայն պատգամ մը չէ Անգարային՝ զայն «հանգստացնելու» համար, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այնքան ալ տրամադիր չեն թրքական ժխտողականութեան դիմադրելու: Անոր փաստը իրենց կրկնակի հանդուրժողականութիւնն է՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ մօտիկ անցեալին թուրք բլոգերին եւ Փաշինեանի հարցազրոյցին հրաւիրուած թուրք լրագրողներէն մէկուն կողմէ նահատակներու յիշատակը անարգելու եւ հեգնելու: Ի վերջոյ, նոյն այդ տարածքին էր, որ Զարեհ Սինանեանը հարցականի տակ դրած էր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէք»ը Հայաստանին համար: Փաշինեանի կողմէ այդ հարցին թէեւ տարբեր սակայն նոյնիմաստ բանաձեւումը նաեւ ազդանշան էր Ցեղասպանութեան հարցը տեղափոխելու ներքին քաղաքականութեան օրակարգ, ուր եւ ուրացման «փափուկ» տարբերակը այո՛ առաջնահերթային հարցի պիտի վերածուի Սահմանադրութեան փոփոխութեան ատրպէյճանական պահանջի գործնականացման քայլերուն մէջ: Ընդ որում՝ «փափուկ» ուրացումը պիտի ժխտէ Ցեղասպանութեան… ուրացումը, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Ցեղասպանութեան հարցը պիտի սահմանափակէ արարողական սովորութեան մը մէջ, ուր եւ անոր կարեւորութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի նսեմանայ ու կորսուի:
Փաշինեանի այս վարքագիծը անշուշտ մերժելի է հայրենի ընդդիմադիր ամբողջ հատուածին կողմէ Խորհրդարանի մէջ ներկայութիւն ունեցող թէ անկէ դուրս քաղաքական ուժերու եւ ղեկավար անձնաւորութիւններու համար: Պիտի յուսալ, որ այն մերժելի ըլլայ նաեւ Հայաստանի ժողովուրդի լայն զանգուածներուն, ներառեալ Փաշինեանին քուէ տուած հատուածներուն եւ անհատ քաղաքացիներու կարեւոր թիւի մը համար: Պիտի կարենա՞ն, սակայն, ընդդիմադիր ուժերը համոզել հայրենի զանգուածներուն առկայ սպառնալիքի մասին եւ զօրաշարժի ենթարկել զանոնք ի խնդիր իշխանափոխութեան… Ամէն պարգայի, այս վերջինը կը թուի անհրաժեշտ բայց ոչ բաւարար պայման՝ Ցեղասպանութիւնը յետ-միջազգային ճանաչման հանգրուանի կտրուածքով արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին բերելու համար: Առնուազն այդ կը յուշէ անկախութեան յաջորդած աւելի քան երեք տասնամեակի հայրենի պետական քաղաքականութեան գործընթացը: Եւ նոյնիսկ եթէ Ցեղասպանութեան հարցի ողջունելի վերադարձը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին իրականութիւն դառնայ, ապա եւ յետ-միջազգային ճանաչում հանգրուանը ներկայիս չի՛ կրնար նշանակել հատուցման ժամանակաշրջանի մեկնարկ: Առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ հարցին բանաձեւումն ու դիւանագիտական գործնականացումը որպէս ռազմավարական գործօն՝ երկրի, ժողովուրդի եւ համայն հայութեան լինելութեան ապահովման ի խնդիր:
Կը մնայ որ Սփիւռքը չի՛ կրնար սպասել, որ իշխանափոխութեան անհրաժեշտ ու բաւարար պայմանները ամբողջացուին, որպէսզի Ցեղասպանութեան հարցը յաւուր պատշաճի վերադառնայ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, եւ, հետեւաբար, միջազգային բեմահարթակ: Թրքական ժխտողականութեան շատ աւելի ինքնավստահ ու ակրեսիւ հանգրուանը արդէն ինքզինք կը զգացնէ. հայատեացութեան արտայայտութիւններէն մինչեւ Ցեղասպանութեան յուշակոթողներու դէմ վայրագութեան արարքներ, եւ մօտ ատենէն շատ հաւանաբար ճանաչման կարգով ընդունուած օրէնքներու չեղարկումի արշաւ: Ասոնց վրայ պիտի աւելցնել Փաշինեանական ուրացման «փափուկ» տարբերակը, որ արդէն փոխադրուած է Սփիւռք:
Բարեբախտաբար աննկատ չեն անցնիր այդ ճիգերը, եւ բազմաթիւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ հակազդեցին Փաշինեանի այդ առաջին փորձերուն: Բայց այդ մէկը բաւարար չէ. անհրաժեշտ է Սփիւռքեան օրակարգին վրայ Ցեղասպանութեան հարցին նորագոյն քաղաքականացումը, որ յետ-միջազգային ճանաչում հանգրուանը սահմանէ ու մեկնարկէ՝ անմիջական սպառնալիքի դիմագրաւման եւ հեռակայ նպատակներու ճշդման համար: Առաջինին պարագային՝ Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան զրահաւորումն է անոր ճշմարտութեան բացարձականութիւնը թիրախաւորող ամէն փորձի դէմ, ժխտողական յարձակողական ըլլայ այդ թէ «փափուկ» ուրացման նախաձեռնութիւն: Այնպէս ինչպէս զրահաւորուած է Ողջակիզման պատմական ճշմարտութեան բացարձականութիւնը: Ինչ կը վերաբերի հեռակայ նպատակներուն, ապա եւ ոչինչ կ’արգիլէ պետական քաղաքականութեան կաշկանդումներէ զուրկ Սփիւռքին համար օրակարգի վրայ բերել հատուցման հարցը, եւ սկսիլ այդ ուղղութեամբ պատրաստուիլ: